Զրոյց կանադահայ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեանի հետ․ Արթուր Անդրանիկեան

Փոխան նամակի
Յարութիւն Պէրպէրեանի հետ յաճախ ենք հեռախոսազրոյց ունենում․ վերջերս նրա առողջութեան պատճառով զօրում եմ հնարաւորինս յապաւել մեր զրոյցները, բայց մտովի անհրաժեշտութիւն միշտ զգում եմ, քանզի «Երկուքս ալ ունինք» ընդհանուր խնդրոյ առարկայ հայաստանեան հանրային կեանքի, սփիւռքեան գրականութեան վերաբեր եւ այլն։
Մեր հետաքրքրութիւնների շրջածիրը մերօրեայ Հայաստանն է ու սփիւռքեան արդի իրականութիւնը՝ իր «տարտղնումի ծիրին մէջ»՝ անցեալ եւ ներկայ խորապատկերի վրայ։ Մեր հաղորդակցումը բովանդակային առումով ոչ այնքան զրոյց է, որքան երկուստեք մենախօսային խոհ, ու կարծես թէ իմ դէմ հանդիման ես տեսնում եմ նրան՝ իրեն բնորոշ խոհեմադէմ հայեացքով ինձ լսելիս՝ ընդհատելու փորձ իսկ չի արւում ․․․
-Յարութիւն, կարծես երեկ էր, երբ հանդիպեցանք «Փարիզեան սուրճ» սրճարանը․ միշտ հոն հանդիպած ենք Երեւան այցելութիւններուդ ատենին։ Ու հոն տեղէն անցնելէն միշտ հայեացքով քեզի կը փնտռեմ, վասնզի, ինչպէս երբեմն կը խորհիմ որ չի գտնուի մէկ մը որու հետ տարբեր խնդիրներու անդրադառնամ։ Կ՛ուզեմ որ դուն ալ տեսակ մը «հրահրես»։
Արդէն գիտես, ես ընկերական շրջանակներէն դուրս եմ, ներս ըլլալս ծանր կը տանիմ, ինչպէս կ՛ըսեն, մանաւանդ հետաքրքրութիւններուս շրջածիրը քեզ շատոնց յայտնի է, ու հայաստանեան,- թէ գրական, եւ թէ քաղաքական,- բարքերու նկատմամբ յոյժ անտաբեր եմ՝ յոգնեցուցիչ քամի մը կու գայ ատ կողմերէն, կը պլլուի, կը փաթթուի զիս՝ կը մոլորիմ, կը փնտռեմ երբեմնի անհոգութիւնս, զոր պատշաճ է նկարագրիս։ Վերստին խոստովանիմ․ մենք մեր անցեալը չճանչցած կ՛ապրինք։ Կարկինս լայն կը բանամ՝ ի մասնաւորի առ գրական ժառանգութիւնն ընդհանրապէս, մասնաւորաբար արեւմտահայոց եւ աս շարունակական կ՛ըլլայ։ Անշուշտ խնդիր կայ արեւմտահայերէնի ուսուցման եւ ուսումնասիրութեան։ Կ՛անցնիմ։ Վստահ եմ, կը հասկնաս, մերօրեայ դժբախտութիւններու դուռն ալ լայնօրէն բաց է, տեսակ մը բացօդեայ Հայաստան՝ նահանջ ապրող մտաւորականներու լռութիւնն ալ առաւելս տխրելու առիթներ կու տայ։ չեմ գիտեր, հիմա Սփիւռքէն ազդակներ կու գա՞ն արդեօք։ Ատենին այդ ազդակները Մայր հայրենիքին մէջ լսելի կ՛ըլլային։ Ըսել կուզեմ Սփիւռքը տեսակ մը խնամակալութիւն ստանձնած էր, որքան ալ Խորհրդային կարգեր կը տիրէր ու երկաթէ վարագոյրի մը ետեւէն ամեն ինչ այնքան ալ թափանցիկ չէր։ Այնուամենայնիւ, հիմա Հայաստան․․․ տրամադիր չերեւիր առ Սփիւռքն, հայրենասիրութիւնն ալ սոսկ լպրծուն բառի մը վերածուած է, թէ՞ վերածած ենք մեր անխոհեմութեամբ՝ նպատակն ընտրելով առօրեական, կենսազուրկ, պարապ մտավարժանքներ՝ ամենէն տարբեր գետիններու վրայ։ Հայաստանաբնակ հայերը այդպէս ալ կ՛ապրին, կ՛երեւակայեն, թէ իրենք են «Հայոց ազգ» ըսուածը։ Ինչպէ՞ս, արտագաղթելո՞վ, միայն Ռուսիոյ մէջ երեք միլիոն հայութիւնը ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէ՝ առողջ ապրելակերպի՞ մը նուիրագործուած, երբ Հայաստան այդքան ժողովուրդի առկայութիւնը կասկածելի է։ Զանց կառնեմ անմիաբանութիւնը, զոր տեսակ մը խառնակութեան վերածուած է։
-Յարութիւն, չեմ ուզեր ծանրանալ ազգային կարեւոր,- թէ՞ կարեվեր,- խնդիրներու վրայ․ ասիկա ժամանակապահանջ է՝ անմխիթարելի, յատկապէս ներկայ պայմաններու ընդմէջէն «շլմորող»։ Կը յիշե՞ս շատոնց անդրադարձած ենք այն գրականութեանը, զոր կը ստեղծուէր Սփիւռքին մէջ, եւ առաջին հերթին՝ Պէյրութի, զոր ծննդավայրդ է ու դուն ալ բացառիկ խոհագրութիւններուդ մէջ ներկայացուցած ես։ Ի ցիւ թէ օր մը հատորով հրատարակուի, քեզի արդէն յորդորած եմ։ Ինչ գրողներ կ՛ապրէին Սփիւռքի մայրաքաղաքին մէջ, որոնց շատերու հետ բարեկամ եղած ես։ Անուններ չըյիշեմ, դուն ալ մի յիշեցուր, չնայած կը կարծեմ տակաւին անոնցմով կ՛ապրիս։ Էականը՝ Խօսքն ապրեցնող էր․․․
Այս տարի կը լրանայ ամենուն Ուսուցիչ Գէորգ Գանդահարեանի ծննդեան 100-ամեակը, յօդուած-դիմանկար մը գրած եմ, cultural.am կայքը հրատարակած է։ Ներքին ցանկութիւն մը ունեցած եմ, որ մեր երախտաւորներու յոբելեաններու շնորհիւ վերապրինք՝ որ վերապրեցնելու վեհ կարողականութիւնը չմոռնանք։ Իսկ սփիւռքեան հրապարակին վրայ․․․ արդեօք համատարած ամայութիւ՞ն կը տիրէ՝ ոգեղեն հրապարակը նկատի ունիմ։ Ներելի՞ է մեզի։ Անուղղելի չէ՞ ընթացքն այս։ Արդեօք տարբեր հիւանդութիւններ չեն գամած Հայու մարմինը։ Մեր նախկին զէնքը,- ի ցաւ սրտի ոչ ներկայիս,- լեզուն եւ միտքը կը մնայ։ Չե՞ն զինաթափած մեզ։ Թերեւս ինքնազինաթափ աքսորի մը անհեռանկար ճամբան բռնած ենք։ Դժբախտաբար։ Այս ամենը կու գայ մեր աւանդութեանց հանդէպ անտարբերութենէն։ Սպասումներու յեղակարծ ժամանակաշրջան կ՛ապրինք, թափուր հոգով, տակաւին չքաղաքակրթուած․․․ Բայց կը ճոխացնենք հազարամեայ ազգ ըլլալու ինքնագոհութեան առասպելի խամրող գոյները։ Հուզումներու ընթացքն ալ սա պէս զիս կը ստիպէ խօսիլ, եւ կարծես թէ ապագայ սերունդի մը կողմէ նաեւ, սիրելի Յարութիւն․․․
Արթուր Անդրանիկեան
+374 94 423 159
+374 91 423 159
- Hits: 305