«Վաղուան Տեսիլքին» ընդառաջ. Արթուր Անդրանիկեան

Սփիւռքեան մերօրեայ բանաստեղծներու փաղանգին մէջ Խաչիկ Տէտէեան առանձնորոշ դերակատարումով մը որոշապէս կը տարբերի գիտցածս գրողներէն եւ ատենին ամենեւին պատահական չէ, որ հրաժարած է առանձին հատորով հրատարակուելու փափաքէն: Միայն 2003-ին կը հրատարակէ իր երախայրիքը` «Ուղեւորութիւն դէպի անծանօթը»` արդէն քառասունն անց տարիքին, փորձառական շրջանէ մը ետք:

Երկհատորեակի յառաջաբանին մէջ Խ. Տէտէեանի ստեղծագործական շրջափուլերը ամփոփ ներկայացնող Երուանդ Տէր Խաչատուրեան կը գրէ. «Խաչիկ Տէտէեանը արձանագրող բանաստեղծ է: Կեանքը շարունակւում է, շարունակւում է նաեւ իր բանաստեղծութիւնը»: Եւ, իրապէս, երիտասարդական շրջանէն սկսեալ Տէտէեան ուղեւորի մը յանձնառութիւն ստանձնած, խորամուխ ըլլալով կեանքն ինչպէս որ է-ի իրողութիւնները հասկնալու համար ու գոնէ իր եւ շուրջիններուն համար հասկնալի դարձնելու անսեթեւեթ մտահոգութեամբ, ինչ որ բանաստեղծի զգայարաններէն բխած է: Աւելի ճիշդ` արդարացուցած է ստեղծաբանելու իր շարժառիթները,  որոնք չափազանց զգայապիրկ ու տարածական են. ես արժանի կը նկատեմ ընդգծելու, որ նկատի ունինք անոր միտք բանիին առարկայականութիւնը, երբեմն հակադիր, բայց «նոյնահունչ»` իր «ներքին դաշտանկարէն» կազմաւորուած ըլլալու հանգամանքը: Ասիկա տեւական շրջանի մը ինքնաճանաչման արդիւնք ըլլալով` անշուշտ էութեան խորերէն կու գայ: Ինք արդէն  սորված է, արտաքին երեւոյթներու ներսը թափանցելու հայեացք մը ունի.

Լուռ ամբոխին շուար,
Ինք ալ կ՛երթայ անյայտին,
Յամրաքայլ ու գլխահակ,
Կը տուայտէ եւ ինք…

Մէկ խօսքով, այս շրջանին բանաստեղծութիւնները, գրուած` 80-90-ական թուականներուն, մտովի յամրաքայլութեան տեսիլքներէն արթնցած` ենթարկուած են որոշակի մտազննութեան, յետոյ միայն հրատարակուած` «ներքին» պատասխան  մը ստանալէ ետք.

Ի՞նչ ըսել, երբ անորոշին մէջ նետուած
Կը փորձենք մեր էութիւնը հասկնալ.

եւ «համոզումները արտայայտելու» պատեհ պահը արդեօք «ժամանակին դիմաց կանգնի՞լ»-ն  է. այդժամ դժկամութիւն մը կ՛ուրուագծուի իր հայեացքին դէմ, ու ինք`

Կ՛ուզեմ պոռթկալ ճակատագրին դէմ.

բայց` «գրիչս կը մնայ ապիկար»: Կը կարծենք` ոչ թէ «վիշտերէն քարացած» ըլլալու պատճառով, ինչպէս կը խորհի Տէտէեան, այլ նկատի ունինք ազնուամտութեան «շունչը», որ քողազերծած է բանաստեղծի հոգեւոր տեսողութեան սահմանները: Ինք տակաւին չէ վստահած ականատեսի իր փորձառութեան: Ըմբոստացած, բայց «Էութիւնը հասկնալու» վերջնական դրոյթին չէ յանգած…  Կ՛անցնիմ` յաւելեալ մտածումներու գայթակղութեան չտրուելու, ինքզինք կերտող բանաստեղծէն այլ մէջբերումներ չընելու սիրոյն:

Ուղեւորութիւնը կը շարունակուի, եւ «գրիչը խռով ու թափառական» չ՛ենթարկուիր ճամբորդ-հեղինակին: Պէտք կա՞յ ըսելու, թերեւս յիշելու, որ ուղեւորը այլեւս անդոհական վիճակի մէջ սրդողանք կ՛ապրի.

Ի՞նչ ըսել, երբ այլեւս տէրը չենք

Մեր քաշքշուած գոյութեան…

Գոյութեան իմաստաւորման ի խնդիր անորոշութիւնը յարակից մթաստուերներով կը պարուրէ արտաքին եւ ներքին միջավայրը, ակամայ կը յայտնուի ճակատագրին դերը խաղցող ժամանակի իրական ուրուականը, կը բացուին իրողութիւններ, բայց ան լռախոհ  «միշտ նոյն իրականութեան դիմաց» կը դիտէ.

Մարդկային կրկնուող ցաւերուն
Դիմաց իմ ցաւը կը նսեմանայ հիմա,
Ու իմ հոգին կ՛ահագնանայ…

Ասիկա մարդոց (մարդկային) ողբերգութիւն ապրելու զգայնութիւն մըն է, «ներքին մթնոլորտին» մէջ` գոնէ զոհողութեամբ մը, եւ ինծի յիշեցուց Սարոյեանը. «Կը սիրեմ չսիրելով» իմաստասիրութեամբ անգամ մը եւս Տէտէեան կը վերապրի սփիւռքահայու իր արեւելեան գոյավիճակը` դոյզն ինչ անճրկելի, մանաւանդ լիբանանեան պատերազմ տեսած ըլլալով ու անդոհանքով.

Կառչած կը մնանք հողիդ,
Հաւատալով որ պիտի գայ օրը վճռական
Որ բարձրանաս կրկին փիւնիկին նման:

Եւ այսպէս, «կորսուած պատանութեան հետ» կ՛արթննայ «մեր ներաշխարհը», որ «մռայլ սերունդի մը» կը պատկանի եւ այլեւս յուսախաբութիւն չ՛ապրիր, «սերունդները նորօրեայ» իրենց ինքնավստահութեան շուքին մէջ կը քալեն` «հողէն ծնած ու սնուած», գիտակից ըլլալով, որ`

Հաւատը մեր ցեղի յաղթութեան, յաւերժութեան,
Պարգեւեցինք երազ մը յախուռն…

Կ՛ակնարկուի նաեւ օտարութենէն անդին (ոչ ինքնախաբէութեամբ) իր ապրիլ վարժուելու տարապայման իրողութեան մասին. հայու իրաւ կենսապատում մը` նուիրագործուած «յաղթական սլացքով մը»: Այս բոլորէն զատ, որքան ալ բանաստեղծը խորասոյզ ըլլայ իրական տեսիլքներու մէջ, իր շուրջը կը դիտարկէ ու չի պակսիր դիտողունակութեան ներուժը եւ կասկածի չ՛ենթարկեր այն, ինչ իրական է ու իրմէ կախում չունի` զերծ մթասոյզ զգայնութիւններէն, մտահոգութիւններէն.

Իմ շուրջ աղջամուղջ էր յարատեւ
Իմ ճամբան` անտեսանելի ուղի մը`
Երկար ու անվերջ,
Ու իմ անձս` մութ աշխարհ մը` չհամակերպող,
Ինքն իր հետ գժտուած:

Ուշարժան է «այդ աշխարհէն ներս» բանաստեղծի գաղտ ընթացքը, բացայայտումները` ամէնքին ու ամէն ինչի մասին, ու վերստին որպէս հաւատաւոր  ուղեւոր մը, որ գաղտնիքը գիտէ սիրոյ խոստովանութեան եւ երբեք չէ հրաժարած իր ուղեկիցներէն` սիրոյ եւ տառապանքի: Բայց կայ բաժանարար գիծ մը «Ուղեւորութիւն դէպի անծանօթը» եւ «Դարասկիզբի մտորումներ» /2008/ հատորներու միջեւ: Հինգ տարիներու ընդմէջէն տարանջատ ապրումներու գոյութենական իրողութի՞ւն, թէ՞ ինքնակերպ վիճակ մը, որ պատշաճեցուած է  բանաստեղծական խոհականութեան ոգեղենութեան, կրնամ ըսել` երեւակայութեան: Այն ատեն մինակ ու մեկուսի չէ ապրած բանաստեղծը, անոր ընկերակից-խոհակից եղած են իր մտածումները` գրեթէ անտարապայման  ինքնավստահութիւն սնուցանող.

Ես ու դուն երկար ճամբայ կտրեցինք միասին,
Իմ կեանքի ընկեր հարազատ.
Դուն` յագեցած կեանքի խորհուրդներով այլազան,
Ես` խորացած այդ խորհուրդներու բացատրութեամբ…

Ըսել կ՛ուզէ նաեւ բացսրտութեամբ` «ազնիւ ու յարատեւող»: Այս անբաժանութիւնը նաեւ տխրութենէն կու գայ, եւ բանաստեղծը հարց կու տայ ինքզինքին

Մի՞թէ տխրութիւնն իմ փարատեցաւ պահ մը միայն,
Դարձաւ գարնանային անուրջ, պատրանք դիւթական

Զի անոնք (երկուքն ալ) կը վստահին իրարու, որ կորսնցնելու առիթ ու պատճառ չունին բնաւ, ինչ որ կը նշանակէ անհաղորդ, անգիտակից ըլլալ իրականութեան բնոյթին, բայց ի վերջոյ` տագնապիլ անզգալաբար, քանի դեռ`

Մարդիկ դարձած են իրարու անտարբեր

Բնականաբար «Մեր հոգիներուն պատած են ամպեր թանձրախաւ» եւ վերստին «Աշխարհի մէջ օտարական» (սփիւռքեան գոյութեան գիտակցուած ըմբռնումի վկայութիւն մը):  Այսպէս շարունակելի է բանաստեղծի ընթացքն հոգեւոր.

Մինչեւ որ ճշմարտութիւնը դառնայ համանուագ մը`
բազմաձայն ու ներդաշնակ…

Ահաւասիկ` «երթն անվհատ» ապրողներուն յորդոր մը, մինչեւ այն ատեն, երբ

Բառերը յոյսի
Շարականին նման հոգեթով
Կը բարձրանամ վեր
Կապոյտ երկնքին անհուն հորիզոնին մէջ
Խաղաղ, ներդաշնակ…

Որոնումի, փնտռումի գաղափարն արուեստագէտի համար ինքնանպատակ չէ, եթէ նպատակայնօրէն չբացայայտէ անոր դիրքորոշումը: Ահաւասիկ փնտռելու եւ գտնելու ընդմէջ տարածութիւն մը` տակաւին անբնակ բովանդակութեամբ, կը խորհիմ, որ լեցնելու հանգամանքներն են միայն անհրաժեշտ…

Կարելի է ամբողջ յօդուած մը լեցնել այլազան մտածումներով, բայց ասիկա չի նշանակեր խոյս տալ, անժամօրէն խուսափիլ յայտնաբերելի նոր շերտերէն, անխորամուխ ըլլալ ինչ որ բանաստեղծը կ՛արգիլէ, մանաւանդ երկրորդ հատորի պարագային, ուր մէկտեղուած են «Խենթ գիշերներու թափառումներ» (2012) ժողովածուն եւ շարք մը անտիպներ:

Ինծի կը թուի, թէ բանաստեղծական շարքերու երկայնքով Տէտէեանին ոճը զգացումներու ճիւղատարած զարգացում կ՛ապրի, ատով իսկ առաւել եւս կ՛երեւութանայ անոր «Երազէն անդին» յայտնաբերելի խօսքին խոհականութիւնը: Ինծի հասկնալի են պատճառները. չեմ կարծեր, որ բանաստեղծը նորէն հակադիր բեւեռներու վրայ նախկին ուղեւորի ճամբորդութեան տեսիլքներէն կը շուարի, կը շլմորի եւ իրականութիւնը նոր հայեացքով տեղազննելէ տագնապ, խռովք կ՛ապրի, այլ նոր աշխարհի մը յայտնութեամբ ինքնաճանաչումի կը ձգտի. /«Ծանիր զքեզ»/, կը գիտակցի իր ուր եւ յատկապէս ինչու ըլլալու ճակատագրական թուացող առեղծուածը.

Ոհ, ես գիտեմ, որ լուսանցքին վրայ այս աշխարհի
Համեստ տեղ մըն է վիճակուած ինծի…

Ու բնաւ չգայթակղուած կը խորհի`

Կ՛ուզես չըմոռցուի՞լ, ապրիր…
Ապրիր, որ չտեսնես կեղծիքը,
Որ գոլորշիի նման պիտի բարձրանայ երկինք
Երբ մեկնիս…

Հոս ոչ միայն տագնապած բանաստեղծի մը ապաժամ խոստովանանքն է խնդրայարոյց, այլ իրականութենէն խոյս տուող պարզ հայ մարդու մը  («ամուլ պատրանքներ ունեցած») հաւատի կորստեան իրողութիւնն է առկայ, բայց` ոչ յուսահատական եղանակաւորումով մը.

Եւ կայ անրջական ուղեւորութիւն մը ոգեղէն…

…Կը շարունակուի «հեքիաթային պատրանքին» փնտռտուքը` մինչեւ նոր երազային իրավիճակ եւ գոյութենական նոր իրավիճակներ…

Տէտէեան հարցադրումներու բանաստեղծ է. ինք միշտ ցանկութիւններու բարձրերէն կը փափաքի «դիտել այս աշխարհը»` անհամակերպ  վարնոց իրողութիւններու հանդէպ, միշտ «հեռու մանրուքներէն ու անցաւորէն», երբեմն անտարբեր առեղծուածայինի նկատմամբ կը մերժէ ամէնուն ծանօթը, բայց նախասկզբնականը միշտ կը դիւթէ զինք.

Եկէք մոռնանք` մենք ո՞վ ենք, ի՞նչ ենք, ո՞ւր կ՛երթանք,
Գաղտնիքը այդ թող մնայ անթեղուած…

Խաչիկ Տէտէեան իր հոգիին սպասը տուած է այս երկհատորեակով. եւ կը յորդորէ, (ինքնայորդոր մը).

Ապրիր, որ հաւատաս ժպիտին, խօսքին…

հաւատացած` կ՛արձանագրեմ. «Աստ (կ՛ապրի) սիրտ մը երազող»…

Արթուր Անդրանիկեան

  • Hits: 15583

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: