«Նամակներ Պողօս Սնապեանին» հատորի առթիւ (Պէյրութ, 2023)
Վերջին շուրջ կէսդարեայ սփիւռքեան գրականութեան, գրականագիտական, քննադատական, հրապարակագրական զարգացումները անկարելի է պատկերացնել առանց արձակագիր, գրադատ, խմբագիր, ի վերջոյ Ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանի /1927-2014/, ով Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանում հայ գրականութեան մեծատարած փառքի՝ Յակոբ Օշականին աշակերտելով՝ անուրանալի աւանդն ունեցաւ նպաստելով վերջինիս հատորների աշխատասիրմանը եւ վերահրատարակմանը։
Ինձ համար բարեբախտութիւն էր տարիներ անընդմէջ վայելելու Պօղոս Սնապեանի մտերմութիւնը՝ «սրտիս եւ մտքիս է զարնուած» նրա ամէն մի խօսքը, յատկապէս այն լիագորով քաջալերանքը, որ ուղղուած էր իմ նախաձեռնութեամբ արեւմտահայ եւ սփիւռքեան գրողներին, բանաստեղծներին, գրադատներին, հրապարակագիրներին և ընդհանրապէս ազգային՝ մշակութային երախտաւորներին աշխատասիրաբար «երկրորդ կեանք» պարգեւելու ուղղութեամբ։
Վերջերս Պ․Սնապեանի դստեր՝ Թամար Սնապեան-Սուրճեանի բարեխիղճ ու խնամեալ աշխատասիրութեամբ հրատարակուեց մեծանուն երախտաւորին ուղղուած նամականիի առաջին հատորը։ Այս առիթով «յոյժ փափագեցայ» իմ խօսքը ոչ գրախօսութեամբ, այլ նամակի միջոցաւ յղել Պօղոս Սնապեանին, որն այս պարագային գուցէ տարօրինակ թուայ, եթէ մտերմութեան մէջ կենսատու աղբիւրը ցամաքած լիներ․ մի պահ վերանալով իրականութիւնից եւ վերյիշելով մեր հանդիպումները Պէյրութում, Երեւանում, Ծաղկաձորում, զորում եմ «խօսել» նրա հետ ինչպէս իր «կենդանութեան ատեն»։
Սիրելի՛ պարոն Սնապեան,
Ձեզի գրած նամակներու շուրջառումին մէջ մտայղացայ դիմել Ձեզ՝ ըսելու համար որ ի ցիւ թէ այն օրերուն ապրած ըլլայի՝ մտերմութեանց մէջ Ձեր համախոհ ընկերներուն, ինչ որ ամենայն սրտագին մանրամասնութեամբ կը փայլատակի այս հատորին էջերէն։ Հատորի, զոր Ձեր դստեր՝ Թամարի մեծագոյն հոգածութեամբ մտայղացուեցաւ եւ ինչպէս ինք հատորին կազմութեան առիթով գրած է․ «Ան,- Ձեր մտերմութիւնը կ՛ակնարկուի գրողներու հետ,- հանդիսացաւ այն ամուր օղակը, որ գիտցաւ լարել միտքերը ու հոգիները, միշտ ու միշտ ի սպաս Հայ գրականութեան»;
Սիրելի՛ պարոն Սնապեան,
կը երեւակայէ՞ք, Ձեր գրութիւններու մէջ երեւակայութիւնը իբրեւ հոգեւոր խթան եւ առաջնորդ ոգի միշտ առկայ է՝ տեսակ մը սնուցանող,- թէ ինքզինքս ինչ պարտաւորուածութեամբ կ՛ուզեմ․․․ ներկայ ըլլալ սփիւռքեան՝ նամանաւանդ այն ժամանակներու Հայու ոգորումներու ճամբաբաժանին, երբ ամէնքդ ալ իբրեւ յետեղեռնեայ սերունդի մը դառնութիւնը տեսած ու ճաշակած կ՛ապրէիք Հայաստան-Հայրենիքէն դուրս՝ դրախտավայր Երկրին կարօտաբաղձ ոգին ի գին ամէն բանի չմոռնալու սիրոյն։ Եւ ամէնէն էականը․ 50-ական, 90-ական թուականներու ընդմէջ՝ն ինչ ազգային, գրապատմական այլեւայլ իրողութիւններու «ականատեսը» կը դառնայ ընթերցողը, զոր, չէ ապրած այդ տարիներուն։ Արամ Հայկազի, Համաստեղի, Յակոբ Կարապենցի եւ միւսներու Ձեզի եղած նամակները ընթերցելու ատեն, որոնք սոսկ նամակներ չեն, այլ բովանդակութեամբ խրախոյս ու ոգւոյ նեցուկ ըլլալու պայման, «այլեւս հայերէնի նահանջը տենդագին թափով է առաջանում։ Անցել ենք ոգու փրկութեան», ինչպէս կը գրէ Յ․Կարապենց։ Մէկ այլ առիթով Կարապենց յաջողուածք կը համարէ Ձեր գիրը․ «․․․Մենք մեր տկարութիւններով ու հզօրութիւններով առանձին ինքնութիւններ ենք, անհատականութիւններ։ Քո գործերում շատ շեշտուած է Սնապեանը՝ գրագէտը, արուեստագէտը, առանց գրականութիւն անելու․․․ բառերդ մաքուր են, զերծ շպարից, ահա թէ ինչու այնքան կենդանի են»։
Այլ գրողներ ալ ատենին գնահատած, արժեւորած են Ձեր գրականութիւնը՝ իրենց անկեղծ հիացումը յայտնած․ սա պէս Դուք վերաբերած էք այն գրողներուն, որոնց գրութիւնները «զարնուած են Ձեր սրտին եւ մտքին»․ փոխադարձ եղբայրութիւն մը։ Իրարահասկացողութեան շնորհիւ սփիւռքեան գրականութիւնը զարթօնք ապրած է։ Ահաւասիկ, ֆրանսահայ գրող Հրաչ Զարդարեանի աներկբայ հիացումով ես ալ տպաւորուեցայ․ «Երէկ կարդացի «Պղտոր ջուրեր»ը։ Եւ ահա իմ երդմնալի, անկեղծ համոզումս՝ այսօրուայ համայն հայկական իրականութեան մեծագոյն արձակագիրն ես։ Հասած ես բազմադիմի կատարելութեան մը, որմէ շատ հեռու եւ շատ վար կը մնան անոնք որ տարիներէ ի վեր կը թմբկահարուին եւ դարձած են անհպելի կուռքեր»; Սա պէս կը կարծեն, կ՛արտահայտուին Աբրահամ Ալիքեան, Եդուարդ Պօյաճեան, Վահրամ Մաւեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Նշան Պէշիկթաշլեան եւ էլի շատեր, որոնց Դուք դրդած էք աշխատակցիլ «Բագին»ին, «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ին, գրական կազմակերպիչ-հովանաւորի դերը անշահախնդրաբար ստանձնած ըլլալով։ Ջերմ ու սրտագին են բոլոր նամակներն ալ, վասնզի նամակագրութիւն ունեցած էք սրտակից գրչեղբայրներուդ հետ, անոնք սփիւռքեան պայմաներուն մէջ անձնազոհաբար մաքառած են․ ճիշդ այդ մասին կը գրէ Բենիամին Թաշճեան․ «Կը հարցնես գրական աշխատանքներէն դուրս ուրիշ ի՞նչ գորոծով կը զբաղիք։ Ցաւօք պիտի խոստովանիմ, որ գրական աշխատանքներէ դուրս գործերով միայն կը զբաղիմ»; Դիւրին է ըսել՝ ցաւով, բայց շարունակութեան մէջ Թաշճեան պատմական իրողութիւնը կը ներկայացնէ․ «Ասիկա միայն ցաւ մը չէ, այլեւ ողբերգութիւն մըն է․ մեր սերունդէն շատերուն համար։ Կը մաղթեմ, որ դուն ողբերգութենէն դուրս մնաս միշտ»։ Բայց արդեօ՞ք դուրս մնացած էք, որքան ալ մուսալեռցու տոկուն անկոտրում կամօք հեղինակած էք գրական, գրադատական ուշարժան աշխատութիւններ, ամէն հատորն ալ «բարի լոյս» մ՛աւետելու հանգոյն «ծնած են։ Կը յիշէ՞ք ինչ հիացումով ընթերցած է Համաստեղ Ձեր «Ժամանակ չկայ» վիպակը՝ այդ առաջին աշխատանքին հանդէպ հաւատք կապած ձեր ոճին ու ճաշակին ու հիացումը կ՛արտայայտէ․ «Հաճոյքով կը հետեւիմ նաեւ ձեր գրադատականներուն «Նաիրի»ի մէջ։ Կու գաք վստահ քայլերով։ Կը սիրեմ ձեր վերլուծական ոճը, որ ունիք «Ժամանակ չկայ» վիպակին մէջ։ Կը հաւատամ որ ձեր այդ նոր թափով ու թարմ ուժով պիտի տաք մնայուն աշխատանքներ»։
Սիրելի՛ պարոն Սնապեան,
ինծի կը թուի, որ չափազանց «սխալած էք» այն տարիներուն, երբ կը գրէք՝ «ժամանակ չկայ», իհարկէ վիպակի խորագրէն դուրս նկատի ունիմ, ըսել կ՛ուզեմ արտայայտութիւնը՝ ան Ձեզ բնորոշ չէ․ Դուք անվհատ միշտ «պատնեշին վրայ» վաւերական գրողի տիպար եղած էք։ Կը յիշէ՞ք Ձեր հրատարակած «Միջնաբերդ» տարեգիրքի /Պէյրութ, 1957, Ա հատոր/ «Հարցումներ Սփիւռքի հայ գրագէտին» հարցարանը։ Կարծեմ տասէն աւելի գրողներու ուղղուած։ Կը կարծեմ որ Ձեր «Ժամանակ չկայ»ն առաւելս քննարժան է յատկապէս այն առումով, որ «ժամանակի» տեղը եւ դերը ցուցնելու բոլորովին այլ դիտանկիւն ու փիլիսոփայութիւն ունեցած էք․ Շաւարշ Միսաքեանը կ՛ըսէր․ «Թող գործը խօսի»։ Տպաւորութիւնը թող այն չըլլայ, թէ ․․․ կը փիլիսոփայեմ։ Կը յիշէ՞ք, երբեմն ինծի կ՛ըսէիք․ «Կը փիլիսոփայե՞ս, թէ՞ կը երեւակայես, երկուքն ալ ընդունելի են, երիտասարդ ես»։ Կը յիշեմ յաճախ Ձեր այս խօսքերը ու․․․ կը շարունակեմ փիլիսոփայել, երեւակայութեանս ալ երբեմն տուրք կուտամ։ «Քու գրագէտի ճշգրիտ դատումներդ ու դիտողութիւններդ» /Գէորգ Թօփալեան/։ Այս չակերտեալ խօսքերը կը պատկանին Գէորգ Մելի Տետինրենցի գրական մրցանակի հիմնադիրին․ եօթ հիմնադիր անդամներէն եղած էք, մրցանակը կը շարունակուի ցայսօր եւ իր բացառիկ ազդեցութեամբ նպաստած հայ գրականութեան զարգացումին։
Սիրելի՛ պարոն Սնապեան,
կը հաւատացնեմ՝ գրելիքս կ՛երկարի, եթէ այլ խնդիրներու անդրադառնամ, հոս վերջացնեմ, այս նամակը համարէք Ձեզ գրած ․․․ ամենավերջին նամակը եւ այդ բարեպատեհ պատիւը չեմ գիտեր ինչու ինծի վերապահած եմ որու՞ կողմ է․․․
Ձեր պայծառ անունով՝
դոկտ․ Արթուր Անդրանիկեան,
Երեւան, 16 նոյ․ 2023
- Hits: 22813