Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Վարուժան Պարըշ

«Սերմ մը ամպերուն մէջ» ժողովածուի առթիւ

Արդէն ատենին առիթ ունեցած եմ իստամբուլահայ բանաստեղծ Վարուժան Պարըշի քերթուածներու շուրջ խօսիլ յառաջաբանիւ*  ու ինծի կը թուի որ ինք «ներս ու դուրսէն» նոյնը մնացած է․ տառապանք մը զոր հոգեկան «անկազմակերպ» վիճակէն կու գայ։ Ըսել կ՛ուզեմ գրելիքը չէ տրամաբանէ, այլ հոգւոյ ներկայութիւնը կը մատուցանէ, մտածումներու  խաւարումներու ընդմէջէն ինչ որ  ապացոյցն է լեզուական անճշդութիւններու, վրէպներու զորս խմբագրած, ուղղած ենք եւ այլն։

Ի վերջոյ, ուրկէ՞ կու գայ իր  լեզուամոլար զգայնութիւնը, զոր քերթուածի կը վերածուի, մենք ալ յանձնառուի հոգածութեամբ կը զորենք ներկայացնել ընթերցողներուն․ արդէն ըսի՝ ուրկէ, կը խորհիմ խանդավառութենէն, որ կը տպաւորէր զիս, վասն զի  տեսակ մը հորիզոններ կը բանայ ուր լռութեան ամայութիւնը կ՛իշխէ, թերեւս կը գերիշխէ։ Վարուժանին լռութիւնը․․․ տակաւին չեմ լսած, ըսել կ՛ուզեմ զգացած, ատոր խնդիրն ալ չկայ, թերեւս չեմ ալ պատկերացնէ մինչեւ այն ատեն, երբ ինքն իրմէն դուրս չէ յորդած․ խենթութիւն մը՝ բանաստեղծներուն յատկորոշ ու բնութագրական։ Չնայած Վարուժանը բանաստեղծ համարելէ պատեհութիւնը չեմ տեսներ։ Ինք առերեւոյթ կը խորհի  ինչ որ ինքնավարժ հանգամանք կը նկատեմ, այսինքն՝ կ՛ապրի միջավայրէն անդին, իր ուր գտնուիլն ալ կ՛արծեմ չի գիտեր, անյուսօրէն անտեղեակ ըլլալով, պէտքն ալ չունի բնաւ գիտնալու․․․ իր չգիտնալիքը չապրածէն դուրս է, սա պէս եւ շարունակաբար, չեմ ալ կրնայ երեւակայել։ Ինք «ուրիշ» աղօթք չի ճանչնար, իր խորհելիք աղօթքէն զատ․ բնազանցական տուայտանք ասոր կ՛ըսեն, իր պարագային՝ գինովցած հոգեւին՝ «երջանկութեան թաթաւին» մէջ խորասոյզ։ Սա պէս մենաւոր հոգիները մինակ կրնան ապրիլ՝ տարուած ըլլալով Բառի կախարդութենէն՝ կախարդուած բառերէն, մոլեգին՝ ի գին  «քերթուած որսալու»։

Արդ, պարզ ու հասկնալի է, որ Վարուժան Պարըշի քերթուածներու շուրջ ըսելիքս բնաւ էլ գրադատական փորձ մը չէ․ անհրաժեշտութիւն չեմ տեսներ․․․ վերլուծաբար կ՛անգիտանամ ու ինծի կու գայ, որ խորհելիքս ճիշդ է՝ իրմէ վերահաս ըլլալու զգացողութիւնները կը թողում ընթերցողներուն զորս կրնան զգալաբար-զգալապէս ապրիլ անոր «անուրջներու նայուածքներէն ներս», հոն «յիշատակներու անձրեւներ» կը տեղան։ Ուրեմն պէտք է ամեն բանէ առաջ ուշադրաբար ընթերցել․  տողերու, պատկերներու անսպասելիութեան վայելքէն կրնան միայն սրդողիլ անոնք զորս անպատրաստ են ընդհանրապէս աներեւութականի տեսիլքներուն․ անանք կու գան աննկատ, կ՛անհետին հոգիներու խորը մինչեւ այն ատեն, երբ լոյսը հաւատի չէ սպառած մեր ապրելու ժամանակը վերջնականապէս։

Ժողովածուի քերթուածները ձախող կեանք մը ապրած մարդուն հոգւոյ նկարագիրը ըլլալէ զատ անոր  «ներքին դաշտանկար»էն փրթած են, ու կը վստահեցնեմ եթէ ուշադիր ըլլանք՝ առօրեայէն կը խօսին չգիտցողի մը համար թերեւս նուազ հետաքրքրայարոյց, այնուամենայնիւ, անգիտակից, բայց ապրեցնող լոյսով մը թաթաւուն․․․

Սա պէս «փոշիացող արահետներու» երկայնքով կը քալէ հայ մարդ մը Սկիւտարի վերջալոյսներու ընդմէջէն՝ չգիտնալով իր ուր երթալու մասին, անկասկած՝ չգիտնալով, բայց հայու հաւատքով․․․

դոկտ․ Արթիւր Անդրանիկեան

ԻՆԾԻ Կ'ԸՍԵՆ -Ա

Ինծի Կըսեն

Պատարագին սարկաւագը դպիրի շապիկ հագած,

անպիտան կովը անիծեալ վարդապետը

մոռցուած ծիծաղներու

պարտէզներու մէջ գինովցած օղիով ու

 գինիով կնքուած կը ծիծաղին։

Ղույճաղի ճամբուն վրայ

 Հովէն ամպերէն

երազ կը փոշիացնէ

անտիպ գիրքերու ձիւնածածկ խաչքարերու վրայ

Հոն մոռցուած պապուկներուն պատմուճանը կը քրտնի

խորանին վրայ սրբաձայն․

ինծի խեւ կ'ըսեն

հացատաշտին մէջ ցեխոտած է

 խմորը մեր պատմութեան

կ'արիւնին

 շրթներս քար կտրած հացատաշտին մէջ անցեալի․․․

  • Hits: 14191

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: