Իրարմէ տարբեր ու տարուբեր. Արթուր Անդրանիկեան
«Հայը եւ իր ստուերը»․ երգիծախոկումներ անտիպ հատորէն
Ծանօթներուս անձուկ /արեւելահայերը ձուկերու պակասութեան մասին թող չխորհին/ ըսել կ՛ուզեմ՝ նեղ շրջանակին մէջ մարդիկ կ՛ապրին․ հարկ կա՞յ ըսել թէ ինչպէս կ՛ապրին։ Կ՛աշխատին՝ ժամկետանց խոնարհումներու պատրաստ՝ գլուխնին կախ հոգսերու ուղեբեռը ճակտի քրտինք դարձուցած․․․ պատճառը,- պատճառները,- երաշխիքէ զրկուած ըլլալն է։ Երաշխաւորի մը սրտաբացութենէն զուրկ, երբեմն սիրտերը իրարու կը բանան, կը պարպուին։
Ընկերուհիներու խօսակցութենէն հատուած մը․
Ա ընկերուհի, խարտեաշ, երեխամայր․
-Երկրորդական բաներով կը զբաղիս։ Երբ մարդ պարապ ատեն անյայտ ցանկութիւններու կը հպատակի, ուրեմն, ինչ ըսեմ, կամ կամազուրկ է, կամ ալ մտքերու մէջ թաղուած կը երազէ ու իր ետեւէն քարշ կու տայ պարապ սնտուկներու նմանող ապագան․․․
Բ ընկերուհի, սեւաչեայ, եղերամայր․
-Ըսելիք չունիմ։ Դուն պարապ ցանկութիւններու մասին կը խօսիս, շատ չե՞նք ուշանար ամենքս, հիւանդոտ մարդու մը կը նմանի սա ժողովուրդը։ Պարապ խօսքերու ջրհեղեղ․ ազգային խնդիրներու, նպատակներու մասին խօսողներն ալ․․․ սուտ կը խօսին, տեսակ մը կոճկուած զգացումներէն բան մը չես հասկնար։ Ի՞նչ պիտ ըլլայ։ Օր մը առաջ մէկու մը կ՛ըսեմ, «Յուզուած վիճակէս տունիս տեղը մոռցած եմ»։ Կ՛ըսէ․ «Դուն ալ տունէդ դուրս ելլելը մոռցիր, որ ալ չմոռնաս, թէ ուր կ՛ապրիս»։
Կարծես թէ կը սրտապնդէ, բայց քիթիս կը խնդայ, առանց կարծեսի եւ ․․․ ծէսի։ Խենթելիք օրեր կ՛ապրինք։
-Ես ատ ըսածդ օրերէն շատ-շատ հեռու կը բնակիմ, բայց մտահոգ եմ, դուն սա պէս մեջքդ ծռած ո՞ւր կը հասնիս, ի՞նչ կ՛ուզես, որ չես կրնար ընել, կը ընկճիս, երբեմն ալ չխօսկանի մը պէս պատեր կը ճանկռէս, խոկումներուդ նպատակը չեմ հասկնար բնաւ․․․
-Դուն գիտես, իմ մասիս չեմ մտածեր, տարիքս ինձմէ թաւալգլոր յառաջ անցած է։ Տակաւին գաղափար մը չեմ կազմած, թէ ինչո՞ւ, ուրկէ՞, ե՞րբ․․․
Յանկարծ, Ա ընկերուհին կ՛ընդմիջէ․
-Թէ ինչո՞ւ խեղճութիւնը դրօշ դարձուցած ենք, եւ կ՛ապրինք անոր շուքին , թէ անշքութեան տակ․․․
Անակնկալ ուրկէ ուր կը յայտնուի երկարամազ, կրծքաբաց, կարճփեշ մէկ մը, իրենց ընկերուհիներէն ամենաերիտասարդը։ Մինչ այդ կիսաբացուած դուռը ոտքով կը ցնցէ ու ներս կը մտնի՝ մաստակը բերնի մէջ խաղցնելով․
Գ ընկերուհի, մտասեւեռ, անմարդաբնակ․
-Ազգամիջեան յարաբերութիւններու պատճառաւ կը տեսնեմ՝ նորէ՞ն կը գժտուիք, ձեզ կարեկցելու ամենեւին փափաք չունիմ, երկուքդ ալ անուղղելի զգայնոտ էակներ էք, մէկդ՝ մայրապետ, միւսդ ալ՝ անխոնջ միանձնուհի։ Ես ձեզմէ տարբեր թռչնուհի մըն եմ, տարիքս զիս աւելի դիւրագրգիռ դարձուցած է, աւելի քրքրայարոյց։ Կ՛ըսեն ապագան կրքայարոյց կիներուն կը պատկանի։ Ես իմ ապագաս կը կերտեմ։ Մնացեալ ամեն բան՝ յիմարութեան շքերթի մասնակիցներուն կը պատկանի։ Անկախ ու յանդուգն ապրիլը ձեզմէ հեռու է, ինչպէս Հայաստանը․․․ Կուրիլեան կղզիներէն։ Ինծի մասնաւոր ըսելիք մը չունի՞ք։ Կարեկցող հայեացքով մի զննէք զիս։ Երէկ կրքասեւեռ գիշեր մը անցուցած եմ, հանգիստի պէտք ունիմ, ձեր հոգաբարձութենէն ալ գոհ եմ․․․
Արթուր Անդրանիկեան
WhatsApp +374 91 423 159