«ՁՄՐԱՆ ՄԷՋ ԳԱՐՈՒՆ» Կ'ԵՐԳԷ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ. Արթուր Անդրանիկեան

Գիշերը առանց աղօթքի

կրօնք մըն է հիմա...

Ի. Սարըասլան

...Մարդուն խառնուածքը ճանաչողութենէն կու գայ. բանաստեղծի մը համար` Իգնա Սարըասլանի պարագային, արիւնը «Կաթիլ մը պատրանք (կը) թափէ» այն ապրումներուն մէջ զորս բանաստեղծական անզանազանելի  աշխարհի կը վերածուին. աշխարհին տեսիլքներուն ընդմէջէն անակնկալին մարդն է բանաստեղծը: Սարըասլան իմացական եւ զգայնիկ շունչով մը,- մենք չենք զարմանար,- կը խօսի մեր տեսածէն եւ ապրածէն` իր տեսածիրէն, ներշնչեալի, փորձառութեան արտօնութեամբ. բանաստեղծութիւններու առաջին «Լօ» հատորը մեզի իրաւունք կու տայ ըսելու, որ հասուն արիութեամբ կ’ազդարարէ իր մուտքը` «շանթ աչքերով ծով գաղափարներու յառած»: Գաղափարներ եւ յիշատակներ` «ձեղունէն կախուած». արեւմտահայ բանաստեղծութեան յոյզերն արժեւորած տեսիլքներով եւ անխանդ ճանաչողութեամբ: Ան իր սերունդը չունեցաւ, բայց գիտակցեց սերունդի մը չգոյութեան դառնութիւնը, ցաւերու անփութութիւնը` անբացատրելի խորհուրդ մը, վասնզի հոգւոյ մերկութեան պատգամը ժառանգած էր Վարուժաններէն...

Երջանկութեան եւ արդարութեան ընդմէջէն կը վերակազմուի երազին ընդհանուր պատկերը. միշտ այդ ճամբով է որ կ’երթայ արդար (արդարացուող) յուզումով «տառապանքը մոռցած» ու տեղի կ՛ունենայ անխուսափելին` («Կաղանդով մ՛արբենամ»). զգայնական յագեցում մը.

Ինծի շերտ մը երջանկութիւն հրամցուցէք

Ճաշակեմ` պատառ-պատառ յագենամ

Ինծի ումպ մը արդարութիւն տուէք

Ըմպեմ` կաթիլ-կաթիլ վերանամ

...Երբեմն կը պատահի որ բանաստեղծը առօրեային վրայ տակաւին անյայտ երանգներ կը բերէ եւ անոնք հոգեկան վիճակներու կը վերածէ. մեզմէ անկախ, թէ զգայնութեան ուժգնութենէն մենք կ’ապրինք այդ վիճակներու հրավառութիւնը կամ այլ խօսքով զգայնապէս ականատեսը կ’ըլլանք իրաւ բանաստեղծումի, ինչ որ Իգնա Սարըասլանի պարագային է:

Մեր ապրումը ամենեւին պատրանք մը չէ զգայախաբ-վայրկենապէսօրէն մեզի զուգող. մեր ապրումը հեռուէն, միգամածային շունչով կու գայ ու պատկերակերտ կը տարածուի: Սարըասլան կը ներկայացնէ կեանքը մթնոլորտի մը տակ, ուր ինք ապրած է ու չէ ապրած,  տեսած է ու չէ տեսած, այլ զգացած է վերապրումի ու իրականութեան ընդմէջ ծաւալուող իրերու վիճակը, որ դադրի ինք իրմէ, ու իր ապրումը սէր անուանէ` յաւակնութանց անունկընդիր, թերեւս ազնիւ մտագարութիւն մը. (չենք վախնար բառը գործածելէ, վասնզի պիտի խօսինք Սարըասլանի հատորներէն անդին պահուըտած խարիսխներու լոյսերէն եւ սեւեռուն ճշմարտութենէն):

Արդ, լռութեան ապրումի խնդիրը. Սարըասլան լռութիւն կ'ապրի ընդհանրացման գործողութեան (իմա` շարժումի, ընթացութեան) մէջ ու բնաւ չի աւետէր լռութեան մահը (չհասկցուածութիւն մը պարզագոյն). «Լռութիւն էր եւ լռութիւն դարձաւ»: Այլ է անձայնութեան ընկրկումը. «Օր մըն ալ երգը լռեց». այս պարագային կը ծագի միւս հարցումը, այն միւսը, զոր տկարութեան ճնշումին կ'ենթարկէ մեզ, երբ մէկէ աւելի անգամներ ականատես կ'ըլլանք կեանքի գոյներու խամրումին, կը բացայայտենք իրողութիւնը իրականութեան փուճ-տարտամութեան, զոր հոգեկան վայրէջքներու կը տանի.

ժամերն անցան - գիշերը վրայ հասաւ

...ծաղիկներուն վրայ

երկչոտ անձրեւ մը տեղաց

պահ մը ոմանք զգացին թէ

երկնակամարին վրայ

աստղ մը

սահեցաւ

իսկ ոմանք կարծեցին թէ

հեռուն

օդակայանը

սաւառնակ մը

վայրէջք

կատարեց

Տողերու վայրէջքը նշմարելէն զատ, «շերտ մը աստղազարդ երկինք» ըլլալու հանգամանքը նոյնպէս խնդրայարոյց է, քանզի (անմոռանալի պատկեր մը) «բանտարկեալի պատուհանին առջեւ» մարդոց տագնապին ունկնդիր մը կայ, ու զինքը - բանաստեղծը - չի գեղազարդեր մարդոց սպասումը, չի ոճաւորէ պահը, որքան ալ մթնոլորտը թելադրէ. կայ ընկալեալ բնականութիւն մը, ու Սարըասլան չի յօրիներ, այլ կ’երեւակայէ` խորքին մէջ միշտ զերծ, բանաստեղծականացումէն, աւելորդ մտային միգամածութենէն` մարդկային ինքնացման տագնապ ապրելով, փնտռելով անոր արտայայտութեան հմայքը: Եւ ուր ալ ըլլայ, վստահաբար իր ապրումը հիմնովին կ'ընդունինք, չենք տառապիր, ու չենք զղջար, քանզի իր մտածումը մեր պատկերացումներէն կու գայ ու թախիծ կը դառնայ «ուղղահայեաց զգայնութիւններու»: Այսպէս կ'ապրինք գիշերուայ բարեպաշտութեամբ, զոր ինքնավերացում մըն է անցեալէն` ներկայ. չէ՞ք կարծեր. կը զգուշանա՞ք ատկէ, ես կը վստահիմ, ան մտածել կու տայ` գեղեցիկ-ծափալից ճառերէն փախուստ կու տայ ուրոյն խառնուածքով որ չի ապացուցուիր ու յոյժ իմացական ըմբռնում մըն է:

Բանաստեղծ մը առնուազն զգայունակ պէտք է ըլլայ. Սարըասլան աւելի քան զգայունակ է գեղարուեստի իր բարեխառն պատրաստութեամբ: Անոր մենքը խանդավառող չէ. ապրեցնող է, տեսակ մը կեցուածքիւ ուղղորդող: Այդ մենքը իր միտքէն կու գայ, աննկատելիօրէն ամբողջութիւն մը կը կազմէ` հեռաւոր անցեալին ու մենաւոր* ներկային մէջ.

Ճիշդ այն պահուն

հսկայ սկիհի մը նման

դարձեալ փշուր-փշուր

դաձեալ արցունք-արցունք եղաւ ամէն ինչ

ամէն ինչ եւ մենք

«Մեր մրուրը յաւերժութեան կոչեցին». նորէն մենքի չհատնող խոկո՞ւմ, թէ՞ անցեալի զգայնութիւններու պոռթկում. «Բայց ո՞ւր եմ - ո՞ւր ես - անցեալը ո՞ւր է - ո՞ւր են հին երջանկութիւնները հիմա»: Յամենայն դէպս, ոչ յոգնած հոգիի չարդարացուող տարտղնումէ կը թելադրէ. քիչիկ մը անզգուշութիւն  եւ ... երազազրկումը, կամազրկումը իրարմէ չենք տարբերեր. համընդհանրական տագնապ մը  («Կամարէ մը մտանք ներս») մեզի կը շուրջառէ: Չեմ շարունակեր. չեմ կրնար` խռովքը ցնորքի կը վերածուի, Սարըասլան չ’արտօներ, չի պակսիր իր շնչառու իմացականութեան լոյսի խորհուրդը, ըմբոստութեան ճամբան թեքութիւն ունի ու վիպապաշտօրէն նկարչագեղ չէ` վասն ընթացիկ ինքնատպութեան ու հոգեկան կեղծութեան. «Մեր հոգիքը»  (Տիրան Չրաքեան) - կ'ըսեն, աւելորդ ճիգ մը, նկրտում մը կը վատնէ, եւ տակաւին կը մնանք շփոթած: Ասիկա պարզ իրողութիւն մը պիտի ըլլար, եթէ ազգային չըլլար. «աստեղազարդ երկնակամարներուն վրայ /ոստոստուն կապոյտ երազ մը պիտի  ըլլայինք»:

Երազը սէր կը գուժէ, սէրն ալ կ'առաջնորդէ. «եւ սիրեցինք եւ գինովցանք անվերջ / գեղեցկութեամբն ազատութեան»: Պահ մը կը թուի, թէ այդ էականը` ոգիին փառքը կու գայ ազատութենէն (թերեւս իմացական) բայց արդեօք այս կարգի զգայնութիւնները կը մասնայատկուին` զգացականէն դէպի առարկայական աշխարհը, որմէ կը սկսի անխաթար բանաստեղծումը:

Երբեմն ալ այնպիսի տպաւորութիւն կը ստանանք որ իր մտածումը յանկարծօրէն կը բղխի` էութենէն, երեւութապէս իրմէ եկող ամէն բան ալ հոգեւին սիրելէ վերջ կը դառնայ,- ատիկա անխուսափելի է,- թրթռացող բանատողերու շարք ու ամբողջական  կ'ըլլայ` միշտ ու հիմնովին մարդոց կորուստներէն կը խօսի, ու տարտամութեան նշոյլ իսկ չենք կրնար երեւակայել.

Ալ մի՛ փնտռէք մեզ - այն զգացումին մէջ

Որ ճարճատուն քերթուածի մը տողն է առաջին

Ալ մի՛ փնտռէք մեզ - պիտի երթանք

Մեր ինչուներով խանդավառ

Մեր ինչպէսներով գինովցած

Եւ այս է պատճառը, որ ընթերցողն ալ տեսակ մը կ'այլանայ, ինքզինք կը զգայ ապահով յոգնութենէն, զոր կրնանք բանաստեղծութեան,- ընդհանրապէս գրական - յոգնութիւն անուանել, որքան ալ ներշնչումի ծնունդ ու արգասիք ըլլայ: Եւ ինչպէս Զարօ Աղան, Սարըասլանն ալ «ժամանակի տաքն ու պաղը շալկած» կ'ոգեկոչէ ամէն կողմէ իրական աշխարհ ներխուժած սէրերու գաղտնի ուժը, զայն ապրելու գայթակղութիւնն ունենալով՝ գրելու մղումէն, ինքնաներշնչումէն կու գայ. առաքինութիւն մը զոր երբեք չի կործաներ անոր, պարզ ապրումի բանաստեղծը ըլլալու հագամանքովը:

Անշուշտ, այսօրինակ պարզութեան ետին` խորհուրդ մը կայ, անճիգութեան, անբռնազբօս կերպի իր վայելքը մենք կ'ապրինք (երբեմն չենք զգար) հատորէ հատոր, բանաստեղծի պարկեշտութիւն մը, որ յաճախ կը պակսի, բայց ատկէ առաջ նախ պէտք է ճանչնանք զայն, եթէ կ’ուզէք, ինչպէս ամէն իրաւ բանաստեղծի պարագային, մեզի ճանչնալու բացառիկ առիթներէն եւս մէկը չկորսնցնելու համար: Կ'ենթադրեմ որ ան ճիշդ է երբ կը գրէ. «Խոստացէ՛ք պայքարիլ բոլոր անոնց դէմ / որոնք մեր յոյսերը / մեր երազները / մեր ճակտի քրտինքը կողոպտեցին»:  Ու կը սպասէ խոստումի, քանզի վստահ է. «չկարծուի թէ այս քերթուածը հոս վերջացաւ / այս քերթուածը հոս չի վերջանար»: Իգնա Սարըասլանին մտածումը չէ վերջացած, եւ կը շարունակէ մեզի խօսիլ մեր գիտցածէն, ապրածէն եւ ապրելիքէն. նորէն` բանաստեղծէն առաջ մարդ ըլլալու եւ մարդ ապրելու պարագայ մը, բայց բանաստեղծի ճակատագրովը... ու այդ ճակատագիրը տեսակ մը,- եթէ կարելի է ըսել,- հրահրումի դեր կատարած է շարունակելիօրէն՝ բանաստեղծի միտք բանին առաւելս ընդլայնելու համար։ Մեր այս հաստատումին կը հետեւի վերջին՝ «Դէպի հորիզոն» հատորը։ Այդ տարիներու ընթացքին իր սեւեռումներու, տագնապներու ներքին դաշտանկարը ընդլայնած ըլլալով, ոճի ինքնակերպութեան չենթարկուած, վասնզի խորհելիքը արմատներէն կու գայ, այլ բառով մը արմատաւոր –ընձիւղեալ է՝ «Յիշողութիւններէն չպարտուեցանք» ու պատգամն ալ առկայ է․

Իւրաքանչիւր տարին որ կը սահի կ՛երթայ

մեր յիշողութեան մէջ

ե՞րգ մըն է, թէ՞ վերք մը

դեռ չեմ գիտեր։

Ասիկա բանաստեղծի չգիտնալիքն է այլեւս, զգայնութեանց ծխածածկոյթներով ու դիրտներով սքողուն, բայց տեսանելի անոնց՝ զորս հաղորդական են աշխարհին հետ ընդհանրապէս ու ունին գաղտնիքը մենութեան մէջ արտայայտուելու, իսկ Սարըասլանն ալ կարծես թէ կը յորդորէ․

Վառէ, կրակ մըն ալ դուն վառէ,

մարած մոխիրներով մի զբաղիր․․․

Ես ալ, իբրեւ բարեկամ ու խոհակից «մարած մոխիրներու» խորհուրդի ընդմէջէն կը համարձակիմ՝ տարապայման ըլլալով, ըսել կ՛ուզեմ «անպատասխան հարցումներու» պատասխանին սպասելն ալ առնուազն անհետաքրքիր «զբաղում» մըն է՝ գգուանքներէն զուրկ թերեւս ոգեզուրկ թելադրանքներ առթող։ Բայց նորէն իրականութիւնը ներսէն ու դուրսէն կը բացուի, կը գոցուի նոյն ատեն հնազանդիլ «կը սկսի»՝ մեզի տեսանելի․

Վարագոյրը բացուեցավ – կեանք մը սկսաւ․․․

Ու այդ կեանքէն ներս․ «երջանկութիւնն ինչու՞ միշտ չակերտի» մէջ էր,- կ՛ըսէ Սարըասլան, արդեօք կրնա՞մ յաւելել՝ թերեւս չակերտներու․․․ կը հակադարձեմ բանաստեղծը․․․ սա պէս, ինքզինք հարցեր կու տայ ու կետադրական նշաններու՝ միջակէտին, ենթամնային, ապաթարցին, վերջակէտին եւ ի վերջոյ «վայրագ եւ անգութ» կախման կէտին մօտեցած՝ կարծես թէ բան մը չէ հասկցած, ու նորէն կը հարցնէ․ «Կեա՞նք մըն էր արդեօք», թէ՞ «երազներու փակ փեղկերէն» անդին ուրիշ կեանք մը անկումի, յուսահատութեան ու հաւատքի պատկեր մը՝ ի նշան մխիթարութեան, գուցէ ի նշան սիրո՞յ․ «Ողջնցուր զիս դուն ով սէր»։ Բայց դէպի հորիզոն գոյութենական ճամբայ մը կայ․ իր ապրումներուն ընթացքը՝ «ջինջ իբր երկինք մը գարնան» կը վերահսկէ ու իրականութիւնը այնքան ալ չէր դառնացուցէր զինք, վասնզի արթնցած է այլեւս՝ համառութեամբ մը բանաստեղծի ու մարդու, քաջ գիտնալով «ցաւն հաճոյքին ու հաճոյքները ցաւին» վարուժանեան պատգամումի իմաստը, զոր տակաւին կ՛ապրեցնէ ու կու գայ կեանքէն․․․ շարունակաբար։

_______________

* Իսթանպուլահայ իրականութիւնը արդեօք փխրուն նկարագիրով մեզի չի՞ ներկայացնէր տագնապներու պայթունավտանգ հասունութեան վիճակ մը, մանաւանդ վերջին  ազերիա-թրքական յայտնի ռազմային տանդէմի պարագային...

 Իգնա Սարըասլան

ՆԱՄԱԿ

Ա.

Տենչացի որ

Աստուծոյ մեզմէ զրկած

Երջանիկ աշխարհի մը էակը ըլլայիր դուն

Դեռ հինգ տարու էիր երբ դպրոց գացիր

Մայրիկ հայրիկ ձեզի շատ կը սիրեմ գրեցիր

Մեծցար - զինուոր եղար

Մեզի ղրկած նամակներուդ մէջ

Ծրագիրներդ պարզեցիր - ուրախացանք

Մինչդեռ օր մը

Ռազմադաշտին վրայ

Թաւալեցար արիւնլուայ

Յոյսերդ փշրուեցան

Ցիրուցան

Ծրագիրներուդ հետ երազներս ալ թոշնեցան

Բ.

Միշտ նոյն ձեւով դարձեալ

Օրերը կուգան ու կ'անցնին

Ներէ զիս զաւակս

Չկրցայ խնամք տանիլ պարտէզին

Վայրի խոտեր բուսեցան չորս դին

Քու սիրած նռնենիդ ծաղկեցաւ

Ոչ ծաղիկները ջրել

Ոչ ծառերը հոտել կ'ուզէ

Անկիւն մը քաշուած մելամաղձոտ

Ծովը կը դիտէ ու կ'արտասուէ

Ներէ զիս զաւակս

Քեզի այսօր

Նռնենիի ճիւղ մը լոկ կ'րցայ բերել

Գ.

Դուն իմ գաւաթիս մէջ ջուր

Սեղանիս վրայ հաց

Երակներուս մէջ արիւն էիր

Մինչդեռ ես

Ուզած էի որ

Աստուծոյ մեզմէ զրկած

Երջանիկ աշխարհի մը

Էակը ըլլայիր դուն

Եւ Աստուած լսեց աղօթքս

Ու դուն

Աստուծոյ մեզմէ զրկած

Երջանիկ աշխարհի մը էակը եղար

Կանանչ աչքերէդ կը համբուրեմ կարօտով

Մնաս բարով

Կապոյտի ծարաւ

Ափ -ափ անսահմանութիւն ալ փրցնես

Կապոյտ երկիքներէն

Գիրկ - գիրկ ազատութիւն ալ ժողվես

Կապոյտ ծովերէն

Բաժակ - բաժակ արբեցութիւն ալ լեցնես

Կապոյտ երազներէն

Փունջ - փունջ երջանկութիւն ալ քաղես

Կապոյտ ծաղիկներէն

Տրցակ - տրցակ յուշեր ալ մտաբերես

Կապոյտ անցեալներէն

Օվկեան -օվկեան տարփանք ալ հնձես

Կապոյտ համբոյրներէն

Կրկին կապոյտի ծարաւ մը պիտի թափառի

Քու տառապող սրտիդ մէջ

  • Hits: 18627

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: