Ամիսները եվ մահը. Նշան Պէշիկթաշլեան

Ֆրանսահայ մեծանուն երգիծաբան Նշան Պէշիկթաշլեանը /1898 1972/ հեռակայ մեծ սիրով շնորհաւորում է Հայ ժողովրդի եւ  cultural.am կայքի ընթերցողների Ամանորն ու Սուրբ ծնունդը՝ ցանկանալով, որ «Հայու վերջին խելքը» 2023 թուականից միշտ առաջնակարգ  եւ խոհեմ  «դիրքերում» լինի։

Արթուր Անդրանիկեանը միանում է մեծն երգիծաբանի ցանկութեանը։

Նշան Պէշիկթաշլեան

Ամիսները եվ մահը

Նորայր, հակառակ իր անունին, հիներէն է, ըլլալով եօթանասունի մերձ ծերունի։

Մահը իր մօտէն յաճախ անցած է, սակայն Նորայր ճարպիկ շարժումներով եվ կարծէք օրհնութեամբ ու օգնութիւնով Աստուծոյ, միշտ կրցած է խուսափիլ։

Քանի մը անգամ ալ քիչ մնացած է, որ զոհ ըլլայ արկածի։ Այդ պահերուն, Բախտը գտնուած է բարերարի, ու կարծէք ըսած է․

-Սա համակրելի մարդուն դէմ բաւական անիրաւ գըտնուած եմ, գոնէ հիմա ըլլամ բարի։

Եւ այպէս, ազատած է նաեւ զանազան արկածներէ։

Նորայր կեանքը շատ կը սիրէ, հակառակ որ կեանքէն շատ սիրուած մէկը չէ։ Բայց խոր սէրը անշահախնդիր է, փախադարձութեան չի նայիր, ու կը շարունակէ սիրել թէ անձնասիրաբար, թէ անձնուիրաբար։

Նորայր, հակառակ հայ քրիստոնեայ ըլլալուն, կը վախնայ Մահէն։ Կեանքը շատ սիրողը հարկաւ կ՛ըլլայ Մահէն վախցող։ Թէեւ կեանքի հաճոյքներէն հրաժարեցուցած են զինքը կամ ինքը հրաժարած է կէս կամաւորապէս, սակայն, տակաւին հաճոյքներ գտած է կեանքի մէջ, ինչպէս Աստուծոյ լոյսը տեսնելը, զմայլիլը բնութեան պէսպիսուն ու յարափոփոխ գեղեցկութիւններուն վրայ, աշխատիլը, կարդալը, մեղմ երգն ու երաժշտութիւնը, սիիրելի անձի մը հետ խօսիլը, ինչպէս լռութիւնը, որ լեզուն է Աստուծոյ։

Թէեւ չափաւորապէս խմելը սիրող այս մարդուն երեք չորրորդով ըմպելը արգիլած են, թէեւ ծխելէն ամբողջովին կ՛ուզեն հրաժարեցնել զինքը /կիսովին յաջողած են/, թէեւ մարվավարի չափով ուտել շատոնց չի կրնար, կանոնաւոր շնչել ալ չի կրնար, քիչ մը արագ կամ երկար քալել ալ չի կրնար, բայց տակաւին շատ բան ունի ընելիք ու ըսելիք, դիտելիք ու դիտողութիւն ընելիք, որով խենթի պէս կը սիրէ կեանքը, հակառակ որ Մահէն վախցող այս մարդը, քանի մը տարիէ ի վեր սկսած է Կեանքէն ալ վախնալ, նիւթական պատճառներով, պարտքերով։

Բայց տակաւին, հակառակ ամէն բանի, կը սիրէ կեանքը ու պիտի սիրէ։

Նորայր արդար ու ճշմարտախօս է, ու տարին տասներկու ամիս կարդալով մահազդները Պարիսի, Պէյրութի, Պոլսոյ, Պոսթընի ու Պուէնոս Այրէսի հայաթերթերուն մէջ մէջ, եւ կարդալով առանց ակնոցի, կ՛ըսէ բան մը ամէն ամիս, ու կ՛ըսէ ամէնայն լրջութեամբ։

Յունուարի մէջ կ՛ըսէ․

-Աղբար, Յունուարին ալ մարդ կը մեռնի՞․․․ Աս սառած օդին, տաք անկողինը ձգել ու դագաղով պաղ հողը մտնել կ՛ըլլայ․․․ Անմտութիւն չէ՞․․․ Մարդֆ սա օդին, ողջ ըլլայ թէ մեռած, գերեզմանի մէջ, գիշերը մանաւանդ, թէ կը սարսաձփի, թէ կը սառի․․․ Յունուարի մէջ մահանա՜լ․ շատ անյարմար ժամանակ կամ եղանակ․․․ Մեռնիլն անգամ իր յարմարութիւնը ու հաճոյքը ունենալու է․․․ Յունուարի մէջ մեռնիլը կը նմանի ձմեռ ատեն, սաստիկ ցուրտին, վառարանը մարելուն։

Փետրուարին կ՛ըսէ․

-Փետրուարն ալ մեռնելու ամի՞ս է, երբ ցուրտը սաստկացած է։ Աս օդին մեռնիկը անկիթ անշրջահայեցութիւն է; Ազգականներ ու բարեկամներ յուղարկաւոր ընել ու անոնց թոքատապ ունենալուն պատճառ ըլլալ։ Մարդ աս աշխարհէն մեկնած ատեն, մնացողներուն մասին ալ մտածելու է։ Եսասիրութիւնն ալ չափ մը ունենալու է։ Մեռեալին մօտիկ եղողներուն մանաւանդ խնայելու է; Փետրուարի գէշ օդով, քամիներուն մէջ վազել ու յուղարկաւորութեան եւ թաղումի անհաճոյ գործերով զբաղեցնելը չարութիւն է։ Մարդու մը մեռած օրը, քիչ թէ շատ արեւ, խաղաղութիւն, տանելի օդ ըլլալու է;

Մարտին կ՛ըսէ․

-Մարտի պէս կապուելիք խենթ ամսուան մը մէջ մեռնիլ կ՛ըլլայ, երբ մեռնիլը այնքան լուրջ, այնքան ծանր, այնքան եղերական գործ է։ Մարտը մարտական ամիս է ու եղած է կռուելու համար Մահուան դէմ։ Սիրոյ ալ ամիս է Մարտը․ արդէն կռիւը տեսակ մը սէր է ու սէրը տեսակ մը կռիւ է։ Մեր երկրագունտն ալ Մարս մոլորակին ու Վենիւս մոլորակին մէջ ըլլալով, երկուքէն ալ ազդուած է ու եղած թատերաբեմը պատերազմի եւ սիրոյ։ Ամենայնդէպս, մարտը մեռնելու ամիս չէ։

Ապրիլին կ՛ըսէ․

-Բայց ըսելը աւելորդ է․ Ապրիլին ալ մեռնիլ կ՛ըլլա՞յ, երբ Ապրիլը ապրի՜լ կը հրահանգէ։ Սրբապղծութիւն, անհնազանդութիւն, ըմբոստութիւն է Ապրիլը։ Մեռնիլ Ապրիլի մէջ, կը նմանի ճոխ սեղանի մը ու կենսուրախ բազմականներու ներկայութեան՝ կապուիլ ձեռքերէն ու բերնէն։ Ապրիլի մէջ մեռնողին ոչ հրեշտակները կը ներեն, ոչ ալ սատանաները։ Ապրիլը ծնելու ամիս է, բայց երբեք մեռնելու։

Մայիսին կ՛ըսէ․

-Է՜, չէ, Մայիսի պէս գեղեցիկ ամսդուան մէջ մեռնիլը անխելքութիւններուն մեծագոյնն է։ մայիսին ոչ միայն ապրելու, այլ սիրելու, սրնգահարելու, սրարբելու, սաւառնելու է։ Ծաղիկներու այս ամիսը մարդս կը վերածէ սոխակի, սիրահարի, Սայաթ-Նովայի։ Անմահութեան ամիսն է Մայիսը։ Մարդ եթէ Մահուան ետեւէն անգամ վազէ, չի հասնիր, որովհետեւ Մահը չորս ոտքով կը նահանջէ, կը կորսուի։ Մարդ գլուխը կորսնցնելու է, եւ կորսնցուցած գլուխը քարին զարնելու է, անձնասպանութեամբ մեռնելու համար տխմարաբար։

Յունիսին կ՛ըսէ․

-Յունիսի մէջ մեռնիլ,

-Յունիսի մէջ մեռնիլ, Յունիսին, այդ տաքուկ ամսուան մէջ մեռնիլ կ՛ըլլայ։ Աստուած հեռու՜, հեռու՜, յաւիտեան հեռու արասցէ, այդպիսի բանէ՝ քառասուն անգամ խրտչեցուցիչ ու անխիղճ։ Յունիսը լոյսի ու յոյսի ամիսն է։ Ատե՞նն է մեռնելու։ Ամօթ ըսուած բան մը կայ։ Յունիսին լոյսի մէջ շողալու եւ յոյսի մէջ լողալու է։ Չափաւոր տաք այս ամսուան մէջ մեռնիլը գործ է անճաշակի։ Յունիսին երբ կեանքը քաղցրացած է, երբ տաքը իր իտէալ չափը գտած է, երբ անշունչ բոյսերն ու քարերը անգամ կը ժպտին Կեանքին, մարդ՝ մարդ կոչուող անզգամ ըլլալու է մետռնելու համար։

Յուլիսին կ՛ըսէ․

-Բերնին համը, քիթին հոտը, ականջին ձայնը, աչքին լոյսը գիտցողին համար, ամէնէն ընտիր ամիսն է Յուլիսը։ Տարիին ստինքն է աս ամիսը։ Վերջապէս, ապրելու եւ  ապրեցնելու ամիսն է։ Աս ամսուան մէջ, մարդիկ կ՛ապրին բազմապատկուած թափով։ Աս ամսուան մէջ մեռնիլը մահացու մեղք է։ Աս ամսուան մէջ մեռնողը ոչ արքայութենէն, ոչ քաւարանէն, ոչ իսկ դժոխքէն ներս կ՛ընդունուի։ Դրան առջեւ կը մնայ մերժուածի, մեկուսացածի, մոռցուածի , մուրացկանի պէս։ Յուլիսը հոմանուհիի պէս համեղ, հոտեղ ու հմայչ է։ Յուլիսի ընթացքին մեղանչելը արտօնուած է առաջին դարէն սկսեալ։ մարդ ամէն բան թող ընէ Յուլիսին, միայն թէ չմեռնի։

Օգոստոսին կ՛ըսէ․

-Աղբարիկներ, քուրիկներ, ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք․ Օգոստոսի պէս արքայական ամսուան մը մէջ մեռնիլ կ՛ըլլայ։ մանաւանդ որ տաքերը սաստկացած են։ Շատ անյարմար ամիս է մեռնելու համար։ Մեկնի՜լ կը հասկնամ․ մեկնիլ դէպի ջրափ մը կամ լեռներու վրայ օդափոխութիւն մը ընել․ սակայն, Օգոստոսին Վերին Երուսաղէմ չուելը՝ ապստամբութեան դրօշ պարզել կը նշանակէ թէ Երկնային Թագաւորին, թէ երկրային թագաւորներուն դէմ, տակաւին, հանրապետութիւններու նախագահներու դէմ։ Օգոստոսը, ըստ օրինաց կամ ըստ կարողութեանց արձակուրդի ամիս է, այսինքն ամիս հանգիստի։ Այդ հանգիստը գերեզմանի մէջ կատարելը անուղեղ եւ անուղիղ է, այսինքն գործ է խենթի։ Գերեզմանային այդ հանգիստը ընելու համար ժամանա»կ կը պակսի։ Մարդ եթէ արձակուրդի ալ չերթայ, դարձեալ կը հանգչի, քանի որ մարդոց մեծամասնութիւնը մեկնած կ՛ըլլայ, ու տուները կը դառնան անձայն, փողոցները կ՛ըլլան ամայի եւ քաղաքը կը վերածուի գերեզմանատունի։ Ա՜լ ինչ հարկ բուն գերեզմանատունը երթալու։ Օգոստոսին քաղքները կը լռեն ու գիւղերը կ՛աղմկեն; Վերջապէս, օգոստափառ ամսուան մը մէջ, ցից մը զարկէք հողուն մէջ, ցիցն վրայ ելէք, ցցաբնակ եղէք, բայց գերեզմանաբնակ մի ըլլաք յաւիտեան։

Սեպտեմբերին կ՛ըսէ․

-Անմիջապէս արձակուրդէն ետքը, յոգնած, գրպաններէն հնձուած, տակաւին շունչ մը չառած մեռնիլ կ՛ըլլա՞յ։ Սեպտեմբերին ու Սեպտեմբերէն ետքն է որ օդափոխութեան օգուտները պիտի գանձէ մարդ․ տակաւին այդ օգուտներէն հատ մը չստացած՝ մեռնիլ կ՛ըլլա՞յ։ Մարդֆ դրամ ծախսէ, օդափոխութեան երթայ ընտանեօք, ափեռրով դրամ մսխէ, որպէսզի ֆիզիքապէս ինք ու իրենները օգտուի եւ օգտուին ամբողջ տարի մը, դեռ չշռայլածին հարիւրին մէկ շահը չտեսած մեռնի՜լ՝ տխմարութեան գերադրականն է։ բայց ի՞նչ կարելի է ընել․ մարդ երբ գլուխ չունի, Սեպտեմբերին ամգամ կը մեռնի, գհլխատուողի մը պէս։

Հոկտեմբերին կ՛ըսէ․

-Հոկտեմբերին մեռնիլը պարզապէս անզգամութիւն է, քանի որ ոսկի աշունը վայելելիք ատենն է։ Մեռնիլը միշտ ապագային ձգելու է։ Մարդ ըսուած արարածը տերեւ՞ է, որ Հոկտեմբերին թափի, տերեւաթափին մաս կազմելով։ Մարդուս կոչումն է վայելել ամէն մէկ ամսուան տեսիլները․ իսկ վայելելը կ՛ըլայ ապրելով։ Ես թէեւ չեմ սիրեր ոչ Հոկտեմբերը, ոչ ալ իր կեղծ ոսկի ասշունը, բայց ատիկա պատճա՞ռ մըն է մեռնելու համար։ Դեռռ ի՜նչ աղուոր ամիսներ կան․․․

Նոյեմբերին կ՛ըսէ․

-Նոյեմբերին մեռնի՞լ։ Ատ աստիճան կուտը պակասներ ալ կան, դժբախտաբար։ Տարիին տասը ամիսները անցընել եւ վերջընթեր ամսուան մէջ մեռնիլ, երբ յաջորդ ամիսը Ծնունդի եւ Ամանորի հէքիաթական շքեղութիւններուն մէջ պիտի մտնէ աշխարհը։ Նոյեմբերին մեռնողը գէշ յիշատակ մը կը թողու․ անոր համար կ՛ըսեն – Չափազանց կծծի ըլլալուն, մենէ կամացուկ մը հեռացաւ ընդմիշտ, գալ ամսուան վերջաւորութեան նուէրներ չգտնելու համար։ Ասոր, անոր բան մը չընծայելու համար ալ մեռնիլ կ՛ըլլա՞յ։ Բայց կծծի մարդը հոգին կու տայ, դրամը չի տար։ Մեծ կամ պզտիկ պարգեւներ չտռալու համար, իր կեանքը նուիրել Մահուան, աս մէկը գործ է մարդու մը, որ գերազանցած է Արբակոնը։

Դեկտեմբերին կ՛ըսէ․

-Իմաստունը ըսած է․ «Ամէն բանի համար ժամանակ մը ու ամէն բան իր ժամանակին»։ Մարդ Դեկտեմբերին կը մեռնի՞։ Ատե՞նը գտաւ։ Ամի՞ս կը պակսէր՝ մեռնելու համար։ Դեկտեմբերին մեռնի՜լ․․․ Հապա հէքիաթները այս ամսուան, հապա խորհուրդները այս ամսուան, հապա պատմութիւնները այս ամսուան, հապա հանդէսներու եւ թերթերու բացառիկ թիւերը, հապա Մանուկ Յիսուսը որ կը ժպտի, հապա Կաղանդ Պապան, որ կը խնդացնէ մանուկները, հապա Կաղանդի սեղանները, անմահական օղին, աղանդերները, տակաւին անուշապուրը, չոր ու թաց պտուղները․․․ Հապա, Հապա, շնորհաւորութիւնները, բերանացի ու գրաւոր բարեմաղթութիւնները․․․ Իրարու մաղթելը երկար, պայծառ, անվիշտ, անվերջ տարիներ։ Մեռնիլ կ՛ըլլա՞յ, ըսէք, ի սէր Աստուծոյ․․․ Մեռնիլը յաջորդ տարիներուն ձգեցէք, միշտ ու միշտ գալիք տարներու ձգելու է․․․ Մահը, այդ անիծեալ անողորմը, այդ չքանալիք թշուառականը թող սպասէ յաւիտեան․․․ Գործը ի՞նչ է, թող սպասէ, թող սպառի, թող սպաննուի, շան սատակ ըլլայ․․․։ Ապրեցէք, բարեկամնբերս, եղբայրներս ու քոյրերս, ապրեցէք սրտանց իրարու մաղթելով արեւշատութիւն քաջառողջութեամբ, յաջողութիւն յաղթանակով եւ բախտաւորութեամբ բիւր բարի․․․

Վերջապէս, օր մը, բարեկամ մը հարցուց․

-Նորայր եղբայր, ըսէ թէ ո՞ր մէկն է մեռնելու ամիսը։

Նորայր անմեղ զարմացումով պատասխանեց․

-Մեռնելու ամիս կ՛ըլլա՞յ․․․ Բոլոր ամիսներն ալ աղուոր կնկան կը նմանին, եւ ունին իրենց  մասնաւոր համն ու հոտը եւ հմայքը գաղտնի եւ յայտնի։ Բոլոր, բոլոր ամիսներն ալ, առանց բացառութեան, ապրելու, սիրելու, երգելու, արբենալու, աշխատելու եւ աղօթելով Աստուծոյ փա՜ռք տալու համար են։ Սակայն, մարդիկ անհնազանդ, անուղղայ, տգէտ ու տխմար ըլլալով՝ ամէն ամսուան մէջ ալ կը մեռնին յիմարաբար։ Ըլլալիք բան չէ, թողուլ տարուան տասներկու ամիսներուն կանանոցը ու մեռնիլ, գրկելու համար խոնաւ ու խաւար հողը։ Մեռնելու ամիս կ՛ըլլա՞յ։ Մեղա՜յ Աստուծոյ․ նոր կը լսեմ ատանկ բան մը․․․

Եւ անշուշտ գուշակեցէք որ այդ ծերացած, բայց հոգիով քսանութ տարեկան Նորայրը կը կոչուի ՝ ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ։

  • Hits: 5451

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: