Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Թէոդիկ (Թէոդորոս Լապճինճեան)

1873, Կ․Պոլիս, -1928, Փարիզ

Մաղթելի պէտք ըլլար որ Թէոդիկը ոչ թէ ունենար շքեղ ու պաղ դամբարան մը այս եւ ցուրտ հողին վրայ, այլ բաժին մը Հայաստանի թանգարանին մէջ, իբրեւ կենդանի յիշատակարան։

Շաւարշ Միսաքեան

Երզնկայէն գաղթած օրինաւոր ընտանիքի մը «ծոցը կը ծնի» Թէոդորոս՝ յետագային Հայ պատմագրութեան թերեւս ամէնէն երեւելի դէմքերէն մէկը՝ նահատակութեամբ անճիտուած սերունդի մը տարեգիրը, Հայոց մարտիրոսագրութեան ճշմարտապատում պատմագիրը, որ բազմահատոր «Ամէնուն տարեցոյց»ներու անխոնջ հրատարակիչը ու խմբագիրը ըլլալով իրականութիւններ պեղելու անվրէպ «աչքն ունէր»։ Վահան Թէքէանի սա բնորոշումին յիրաւի բան մը անկարելի է յաւելել․ «Իր «Ամէնուն տարեցոյց»ները իր անձնական գրականութենէն աւելի էին անոնց համար․․․ Աշխատած եւ անոնցմով ծառայած էր հայ մատենագրութեան, իր համբաւը հասցուցած էին աշխարհի ամէն կողմը, ուր ընթերցող Հայ մը կայ»։

Թէոդիկ նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Սկիւտարի Սեմերճեան ճեմարանը, ապա կը յաճախէ Պէրպէրեան վարժարան, յետագային Ռոպէրթ քոլէջ, բայց երկրորդական ուսման շրջանը առանց բոլորելու՝ 17 տարեկանին կ՛աշխատի վաճառատան մը մէջ հաշուապահ՝ նիւթական դժուարութիւններու պատճառաւ։ Ինքնազարգացմամբ կը զբաղուի կանուխ տարիքէն, գրական, հետազօտական, բանասիրական աշխատանքներու նկատմամբ իւրօրինակ նուիրումը կը շարունակէ, կ՛ապրի անոնցմով։

1890-ական թուականներէն արդէն կ՛աշխատակցի պոլսահայ մամուլին, կը հրատարակէ պատմուածքներ։ Նոյն ատեն նաեւ հրապարակագրական յօդուածներ կը տպագրէ «Ծաղիկ»ի «Հանրագիտակ»ի «Սուրհանդակ»ի «Բիւզանիդոն»ի, «Մանզումէի Էֆքեար» հայատառ թրքերէն պարբերականներու մէջ։Աւելի վերջ արդէն,- 1918-1922,- «Ժամանակ»ի, «Ժողովուրդ»ի, «Վերջին լուր»ի էջերու մէջ հրատարակած յօդուածներով վստահելի եւ յուսադրող հրապարակագրի համբաւ ձեռք կը բերէ, եւ այս բոլորը ինքնաշխատութեան արգասիք։ Ինչպէս կը խոստովանի․ «Չեմ կերած, չեմ խմած, չեմ հագուած, ամբողջ շահած դրամս յատկացուցած եմ գիրքերու․․․», եւ կը սկսի կազմել մեծարժէք հրատարակութիւններով, պարբերական մամուլի հաւաքածոներով, յետագային, ինչպէս կը պարզուի՝ աւելին քան 8500 հատորէ բաղկացած հարուստ գրադարան մը․ «Թէոդիկ՝ մօբարս,- Շ․Շահնուրի մօրը եղբայրն է,- /Ա․Ա․/ բանաստեղծ էր իր տեսակին մէջ․․․ Ինչ որ դրոշմուած կը մնայ յիշողութեանս մէջ, ան ալ իմ առաջին մուտքն է իր գրադարանէն ներս։ Գիրքը երբեք պակաս չէ եղած մեր տուներէն ներս, բայց ինչ որ կը տեսնէի իր գրադարանին մեջ, իր մօտ, բոլորովին տարբեր բան էր։ Մնացի անշարժ՝ սենեակի կեդրոնը, համակուած ըլլալով հրճուանքով մը, ուրկէ բացակայ չէր ապշութիւնը։ Մեր թղթակազմ գիրքերը որ իրենց անհամաչափ ծաւալով կը մերժեն ամէն իրական դասաւորում, կը բարձրանան մինչեւ ձեղուն, համանման կազմով եւ կը վկաէին թէ իրենց տէրը մատենամօլ մը չէ միայն, այլ թէ ունի իմացութիւնը գեղեցիկին․․․»։ /Տես Շ․ Շահնուր, «Բաց տոմարը», Փարիզ, 1971, էջ 79-80/։

1907թ․ դարձակէտային տարի մըն էր Թէոդիկի կեանքին եւ թէ յատկապէս հայ գրահրատարակչութեան պատմութեան մէջ․ կը հրատարակուի «Ամենուն տարեցոյց»ի անդրանիկ հատորը։ Իսկ 1915թ․ անբարեհամբաւ հայանուն մատնիչի մը մեղադրանքով տարեցոյցին վերջին, այդ օրերուն տպագրուած թիւին մէջ «Հայկական ազգայնական նկրտումներու » մասին իբր վնասակար նիւթեր, նաեւ «ռուսական թշնամի» բանակի զօրավարներու կենսագրութիւններն ու լուսանկարները հրատարակած ըլլալու պատրուակով անբաստանութեամբ Թէոդիկ կ՛արգելափակուի Կ․Պոլսոյ Կեդրոնական բանտին մէջ, տարի մը անց շղթայակապ կ՛աքսորուի Միջագետք։ Անկարելի վիճակը արգելք չըլլար բնաւ, որ մոռնար իր սիրելի աշխատոթիւնները․ «Կազմարար Հայկին քով ձգած եմ,- կը գրէ Թէոդիկ կնոջը՝ Արշակուհի Թէոդիկին,- «Պատմութիւն հին Հնդկաստանի» /1841, Կալաթիա/։ Հազուագիւտն գիրք մըն է, կազմի ստակը տուր, ետ առ»։

Թէոդիկ նոյն տարին կը հասնի Պողանթի /Կիլիկիա/, ուր խումբ մը հայեր կը յաջողին փախցնել Թէոդիկը կարաւանէն եւ զայն պատսպարել Տարսոնեան լեռներուն վրայ․․․ և բարեյուսոյ շրջանի մը ատեն, երբ հռչակուած էր զինադադարը /1918թ․/, կորսուած հաւատի «նորոգումէն» սթափած բազում հայորդիներ կը վերադառնան Կ․Պոլիս։ Թէոդիկ նոյնպէս, ինչպէս ազատութիւն փնտռող մը, կը վերադառնայ ու առաջինը կը հանդիպի Եղիշէ Արք․ Դուրեանին։ Սրբազանը խանդավառուած կը ողջունէ հետեւեալ խօսքերով․ «Եկուր պագնեմ ճակտէդ, մեռած ազգիս ողջ զաւակը․․․»։ Թէոդիկ կը պատասխանէ․«Սրբազան, ներէ, որ պահ մը ընդվզի աքսորուած հայու սիրտս, այդ խօսքիդ ի լուր՝ որ աչքերս խոնաւցուց։ Ազգը չէ մեռած եւ անհնար է որ մեռնի»։

1923 թ․ ի տես քէմալական շարժման ահագնացող վտանգին, վերապրող, եղեռնապուրց շարք մը մտաւորականներու նման,- զգալով որ կը վտանգուին իրենց ազատութիւնը,- վերջնականօրէն Թէոդիկ կը հեռանայ Կ․Պոլսէն։ Հեռացողներու թուին կը պատկանին՝ Արշակ Ալպօյաճեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Օննիկ Չիֆթէ Սարաֆ /Յովաննէս Ասպէտ/ եւ անոնց հետ կը հաստատուի Գորֆու կղզի /Յունաստան/։ Տարի մը վերջ կ՛անցնի Կիպրոս, կ՛աշխատի Մելգոնեան վարժարանին մէջ՝ հաշուապահ։

Teodik 2

Սկզբնապէս Թէոդիկ փափաք ունեցած է իր գործունէութիւնը շարունակել Երուսաղէմ, բայց չէ յաջողած։ Աւելին, ուշարժանն այն է, որ բարեկամներուն յայտնած է իր մեծ ու նուիրական փափաքին մասին՝ Երեւան փոխադրելով իր հարուստ գրադարանը՝ նուիրել  «հոն հաստատուելիք Ազգային Մատենադարանին ու տանիլ անոր տնօրինութիւնը»։ Անիրագործ վերին իղձ մը ազգային երախտաւորի․․․ «Թէոդիկի ուրույն ոճը, որուն մասնաւոր կնիք մը կու տար գրաբար խրթին բառերու եւ ռամկական համեղ բացատրութեանց տարօրինակ խառնուրդը, իր բոլորանուէր նուիրումը՝ զուտ մտաւորականի կնիքի մը՝ զինք կը կացուցանէին համակրութիւն եւ յարգանք ներշնչող էակ մը» /Արշակ Չօպանեան/։

Ահաւասիկ Դանիէլ Վարուժանի սրտառուչ նամակը՝ 1912 թուակիր Թէոդիկին յղուած․ «Սպասեցի որ լրացնեմ «Տարեցոյց»իդ եւ «Կաղանդ»իդ ընթերցումը։ Եւ որչափ դժուար է կարդալ հոս՝ գաւառին մէջ իմ այս յոգնեցուցիչ կեանքովս։ Մտքի հաճոյք չկայ այստեղ․ ըղեղի կատարեալ բզկտում է՝ երբ մարդ ստիպուած է գօտեմարտիլ ետ մնացած երկրի մը յուրաձեւ կամ, լաւ եւս, տձեւ խաւարին հետ։ Բայց սքանչելի էին քու էջերդ «Կաղանդ»ին մէջ իրապաշտ, աշխարհիկ, դիտուած, ապրուած։ Կեանքն է,- ընդգծումը՝ բնագրային, Ա․Ա․,- անոր մէջ՝ սրտովդ լուսանկարուած, յետոյ զգացումիդ ներկերովը երփնազարդուած։ Իսկ անոնց լեզուն ինչպէս որակեմ, այնքան ինքնատիպ է, մէկ խօսքով կարելի է ըսել միայն․․․ ԹԷՈԴԻԿԻ լեզու․ մէկ տողէն կարելի է ճանչնալ զայն, ինչ տեսակ գրչով կամ մելանով ալ գրուած ըլլայ․․․ Շտեմարան մը՝ ուր առած եւ հաւաքած ես տասնորդը Հայ մտքին միամեայ արտադրութեանց, աւելցնելով միշտ քեզմէ բան մը, ճաշակիդ խղճմտանքը, է կարելի է այսպէս բացատրել»։

Թէոդիկ հրատարակած է 19 հատոր «Ամէնուն տարեցոյներ․ շուրջ 10000 էջ, վիթխարի ծաւալ մը, աշխատունակութեան ինչ ահռելի խոկումներու «բեռ», որ ուսած էր տարիներ անընդմէջ՝ 1907 թուականէն մինչեւ 1928․ «Ան բնաւ չգիտցաւ բազմութեան հետ խօսելու ձեւը, ան կը խօսէր մինակ ․․․ «Տարեցոյց»ներու լեզուով, իրեն հարազատ, հասկնալի լեզուով, ուր ալ ըլլար, ուր ալ հրատարակած ըլլար՝ Կ․Պոլիս, Վենետիկ, Վիեննա, Փարիզ։ Յօդուածներու, պատկերներու ինչ մեծածաւալ հանդիսարան»։ Եւ բարեբախտութիւն է, որ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը «Տարեցոյցներ»ը վերահրատարակած է՝ յոյժ ողջունելի գաղափար մը, այս առումով անժխտելի է Հայկական բաժնի տնօրէն դոկտ․ Զաւէն Եկաւեանին գործադրած եռանդը․․․

Այս ամէնէն զատ, նկատի ունինք ծաւալած խմբագրական, հրատարակչական գործունէութիւնը, չենք կրնալ զանց ընել Թէոդիկ գրողի, պատմագէտի բացառիկ դերը, նկատի ունինք այն հատորները, զորս հրատարակած է «Կ․Պոլսոյ հայեվարը» /1905/, բարբառագիտական մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն մը, հետազօտած է Կ․Պոլսոյ ռամկական խօսուածքը՝ բառապաշարը, շեշտադրումները, ծագումնաբանութիւնը,- կը կարծենք տակաւին անտիպ հատոր մըն է, «Տիպ ու տառ» /1912/, հրատարակուած Հայ գիրերու գիւտի 1500 եւ տպագրութեան 400-ամեակներու նուիրուած։ Յիրաւի հանրագիտարանային մեծարժէք նշանակութիւն ունեցող հատոր մը։ Կը ներկայացնէ զանազան երկիրներ հաստատուած հայկական տպարաններ՝ նշելով անոնց հիմնադիրները, հրատարակուած գիրքերու ցուցակները։ Հատորը կը ընդգրկէ 20 երկրի 90-էն աւելի  քաղաքներու մէջ 462 տպարաններու գործունէութեան մասին ուշարժան տուեալներ, վերստին Թէոդիկեան իրականութիւններ պեղող «աչքի» ականատեսը կ՛լլանք։

Թէոդիկ, իբրեւ պատմուածքագիր,- Հայ գրքի բեղմնաւոր աշխատաւոր ըլլալը, բնաւ չէ խանգարած,- պոլսահայ մամուլի մէջ շատոնց յայտնի անուն մըն է եղեր․ «Կաղանդ» խորագրեալ հատորը /1912/ իրապաշտ պատմուածքներու շարք մըն է, զոր պոլսահայ զանգուածներու կեանքէն փրցուած տեսարաններ, մարդոց հոգեբանութիւններ, եղելութիւններ «կ՛առնէ» գրողին անձնականութենէն։

Բանտային մաքուռումներու, աքսորի տարիներու յուշամատեանը /«Ազգը չէ մեռած եւ անհնար է, որ մեռնի» /Անթիլիաս, 1985/, միայն ողբերգութիւն ապրողի մը, բայց այդպէս ալ յուսահատութիւն չապրած Հայու ճակատագրէն հատուած մըն է՝ ամփոփուած գեղարուեստական արժէք որոշադրող հատորի մը մէջ։ Մեծ եղեռնը վերապրած Թէոդիկ անկարելի էր, որ պատմական  անագորոյն անկիւնադարձին չանդրադառնար․ «Յուշարձան ապրիլ 11-ի» /1919/ հատորը ամբողջապէս նուիրուած է նահատակ 761 ազգային, կրթական եւ այլ ապաբախտ գործիչներու, երեւելի մարդոց յիշատակին։ /Վերահրատարակուած Պէյրութ, 1985/։

Հայ հոգեւոր դասը, անոնց մաքառումները նոյնպէս Թէոդիկի «պատմական» մտահոգութիւններու ծիրին մէջ ներկայ է․ «Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին, աղէտալի 1915 տարիին» /Նիւ Եորք, 1985/ հատորը վաւերագրական եզակի ուսումնասիրութիւն մըն է՝ նորէն Թէոդիկեան արիւնով եւ աւիւնով գրուած․ ամէնուն Թէոդիկի, զոր ազնիւ ու խոնարհ արտայայտիչն էր հայութեան։

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

WhatsApp +374 91 423 159

 

155
Հունիս 20, 2026

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: