Հող, յուղարկաւորութիւն, հոգի. Արթուր Անդրանիկեան
Փորձագրութիւն
Մարդոց ընթացք՝ երկարօրէն ձգուող ճամբայ մը մարդիկը տեղափոխող․ «Հող էր՝ հող դարձաւ» իմաստնութիւնը ակամայ կը յիշենք ու կ՛առարկայանայ․․․»
Արեւելահայերէն՝ հող-հուղարկաւորութիւն գրելաձեւը արեւմտահայերէն ուղղագրութեան ատեն կը վերափոխու՝ յուղարկաւորութեան բառաձեւի եւ ասիկա ամենեւին պատահական չէ․ ըսել է, թէ՝ յուղարկաւոր, ուղարկուած ըալլալ վերջին հանգրուան մը․․․ Զոյգ ուղղագրութեանց տարբերութեանց միջոցաւ կը բացայայտուին իրողութիւններ նաեւ ու շատ անգամ ալ խորհելու տեղիք կու տան եւ այլեւայլ «հիմնագրային» մեկնաբանութիւններու ականատեսը կ՛ըլլանք։ Այս պարագային յայտնութիւն մը՝ զոր չենք կրնար ուրանալ․․․
Մարդիկը խոնարհախոհ ընթացքով մը կը շարժուին, քարէ լռութիւն կը տիրէ․ բարեկամի մը, ծանօթի մը, հարազատի մը վերջին հրաժեշտը կու տան՝ ափ մը հող լեցնելով գերեզմանափոսին մէջ, ու կը խորհին՝ «Աս ալ նոր ճամբայ մըն է, բարով երթաս․ հողը թեթեւ ըլլայ վրադ»։
Ի՞նչ կեանքով ալ ապրած ըլլայ հանգուցեալը, անոր կը մաղթեն հանգիստ վերջնական, հոգւոյ հանգստութիւն։ Հոգեհանգիստ ըսուածն ալ վրիպեալ յօրինում մը չէ․ հոգիի, որպէս աննիւթական գոյութեան սկիզբի նիւթականացման՝ նոր կեանքի մը սկիզբը կ՛աւետուի։ Եւ ննջեցեալի հոգւոյ հանգստութեան համար հնչող առ Աստուած աղօթքներն ալ նոյնպէս կը բխին․․․ իբրեւ հաւաստիացում երկնային կեանքի գոյութեան․ միայն հոն հոգիներուն հանգստութիւն կը տիրէ․ հոս՝ պարզ ընդգծումի մը «կը հանդիպինք»․ երկնային եւ երկրային «տարածքներու» ընդմէջ տեղակայուած․ Ինտրա աս մտահոգութեամբ ապրած է՝ իր Ես-ին քայքայման մէջ փնտռած կեանքի եւ մահուան իմաստը․
Զի երկինքն անանց էր՝ մինչ կեանքը չի տեւէր․․․
Կեանքի տեւողութեան ընթաց,- ընթացութիւն,- Ինտրա նկատի ունեցած է վաղամեռութիւնը անշուշտ, եւ չենք տարակուսեր որ զայն կը շարունակուի՝ մարդոց յիշողութիւնները «առիթ» կու տան․․․ Ասկէ պէտք է հետեւցնել որ հոգին «կը նշանաւորուի» նաեւ նոր գալուստով՝ Զատկէն յետոյ եօթներորդ կիրակիի՝ Հոգեգալուստի «առկայ» ըլլալն իսկ հոգիի եւ մարմինի տարանջատման՝ հոգիի անմահութեան ու մարմինի վաղանցիկ ըլլալուն կը վերաբերի՝ անոնց անջատ-անջատ իւրայատկութիւնները կ՛առարկայացուի՝ աշխարհիկ կեանքի ուրախութիւնները, տխրութիւնները վայելելէ կամ տապալելէ վերջ․․․
Ատեն առ ատեն կը խորհինք՝ Դուրեանաբար․ «Իմ սկիզբը, իմ վերջը»ի իմաստասիրութեանը հաւատ կ՛ընծայենք ու ատեն մը կամայ թէ ակամայ չենք կրնար չզատել ճշմարտութիւնները․․․ առասպելներէն․․․
Ու վերստին հողի,- հողեղէն ըլլալու,- խորհուրդին կը բախուինք՝ կ՛առարկայանայ․ ապրողներն ալ կը նոյնականացուին․․․ մեռածներու հետ՝ յատկապէս ժառանգորդական սկզբունքով մը, մանաւանդ հոգիի դրսեւորման շարունականութեան ընդմէջէն․ «Մեծ հօրը, կամ հօրը հոգին կը խօսի» զաւակներու, հետնորդներու մէջ՝ հոգեխառնութիւն մը, զոր յաղթահարած ըլլալով ամեն մարմնական «արգելք»՝ կ՛ապաստանի հոն՝ ուր կը զեղչուի՝ «Հող էր՝ հող դարձաւ» արտայայտութիւնը՝ կը վերափոխուի․ «Հոգին ժառանգած է գալոց»․․․
Ժառանգականութեան հաւաստի ըլլալն ալ առաւելս կենսունակ կը դառնայ։ Զգայունութեան,- թերեւս գերզգայունութեան,- պոռթկում մը կը համակէ անոնց, զորս կը գիտակցեն որ․․․ կ՛ապրին ու կ՛ապրեցնեն նախնեաց յիշատակը՝ անձկալի, չնայած,- Մեծարենցի բառով՝ յամուրդի,- ուշացումով մը։
Հոգ արմատով սկսուող /հոգ-խնամք/․ հոգի բառի էութենական իմաստիւ միայն,- արտացոլումներն իսկ․ /հոգալ-խնամել, հոգածու, հոգեզմայլ, հոգեզաւակ, հոգեհատոր, հոգեվար-մերձիմահ, եւ այլն/ բաժնուած չեն իրարմէ, իրարու կը լրացնեն – լմնցնեն՝ մտածողական յատկութեանց շնորհիւ եւ կը ծառային իրենց «կոչումին»։
Հոգեմտածութիւն,- ահաւասիկ բառ մը որ յօրինուեցաւ ինձմէ անկախ՝ զոր կը պատշաճի ինքնաբուխ մտածումներուս․ ըսելէ թէ ինքնախօսութեանս թելադրանքներուն․․․
Արթուր Անդրանիկեան
andranikean@yahoo.com
WhatsApp +374 91 423 159