Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Յակոբ Կարապենց (Թաւրիզ, 1925-1994, Պոսթըն)

(Թաւրիզ, 1925-1994, Պոսթըն)

Գրեթէ միշտ, երբ կը յիշեմ նորանկախ Հայաստանի առաջին տարիները․․․ չեմ կրնար չսեւեռուիլ ու չյիշել սա պատգամը․ «Մեր Հայրենիքին խորհուրդը, զոր սեւեռած էր մեր վտարանդի տագնապներուն կորանքին առջեւ« /Յ․Օշական/։ Եւ, մենք ալ՝ հայաստանաբնակներս տեսակ մը վտարանդիութիւն, ներքին սփիւռքացում ապրած ենք տարիներ ի վեր՝ 70-ամեայ խորհրդային գերատեսչական ֆեոդալիզմի ատեն երբ Սփիւռքէն ձայներ կը լսէինք․ արձագանգները ատ ձայներու կը շուրջառէին Հայրենիք գաղափարը, կ՛իմաստաւորէին անոր էութիւնը՝ միտք բանին․․․

Այն ատեն Յակոբ Կարապենց արգիլուած անուն մըն էր՝ պատճառը՝ 1954-79 թուականներուն «Ամերիկայի ձայն» ռադիոկայանի հայկական բաժինին աշխատակցիլը։

1989 թուական․ «Գրական թերթ»ին մէջ հրատարակած էի Յակոբ Կարապենցի «Թէ գնաս Հայաստան, Արարատին բարեւ արա» յօդուածը։ Ի զարմանս ինձ, շատեր՝ նոյնիսկ գրական շրջանակներէն ներս բնաւ չէին ճանչնար գրողը։ Մինչ այդ ես կարդացած էի գրողի վէպերէն՝ «Ադամի գիրքը», «Կարթագէնի դուստրը» եւ «Մի մարդ ու մի երկիր» պատմուածքներու ժողովածուն՝ հաղորդակից ըլլալով Կարապենցի գրողական տագնապներուն, հիացած եւ «սթափած» անոր ազգային խոկումներու մտայղացքէն։

«Հայրենի իշխանութիւնները այս վերջին աւելի քան երկու տարիների ընթացքում ոչ միայն զբաղուած են եղել նոր պետականութեան հիմքերը դնելով, այլեւ դիմագրաւելով ներքին ու արտաքին բազում դժուարութիւնները․․․»։ Եւ․․․ անակնկալ մը․ նամակ Պոսթընէն․ երախտագիր մը, որ ի վերջոյ, առաջին անգամ հայաստանեան մամուլին մէջ կը յիշեն զինք, մանաւանդ անունս ալ իրեն տակաւին անյայտ։ Ասիկա սկիզբ մըն էր մեր ծանօթութեան, Յ․ Կարապենց կը գրէ․ «Սիրելի Արթուր Անդրանիկեան, արուեստի խնկարկուները մի մեծ ընտանիքի զաւակներ են, ուստի ուղղակի ու անպաշտօնական միմյանց նկատմամբ։ Հաճելի անակնկալ էր նամակդ։ Վերջին հաշուով այնքան էլ կարեւոր չէ, թէ մեզ կը հրատարակեն, թէ՝ ոչ։ Ճշմարիտ գործը հրաբուխի պէս կը պայթի եւ իր թէժ լաւայի տակ կը կիզի ամէն տեսակի միջակութիւններ․․․ Այսօր առանձին ծրարով քո հասցէին ուղարկեցի իմ «Անկատար» հատորը։ Հաւանաբար երկու ամսից ստանաս։ Այնպէս որ գրքից առաջ հեղինակին հանդիպած կը լինես։ Ջերմ բարեւներով՝ Յակոբ Կարապենց»։

Եւ հանդիպեցանք․ մէկ շաբթուան ընթացքին գրեթէ ճանչցայ գրողը որ այնքան նման էր իր գրականութեանը։ Օր մըն ալ ինքզինքս զսպելով ըսի․

-Պարոն Կարապենց, հիմա ձեզ հետ խօսելու պահին ակամայ յիշում եմ ձեր հերոսներից՝ Յովհան Սեբաստեանին՝ քայլելիս, կարծես թէ  ճանապարհներ էր որոնում, իր ճանապարհը․ փլուզուած քաղաքի հոգեվարքը իրեն հանգիստ չէր տալիս․․․

Կարապենցը պահ մը լուռ, սեւեռուն կարծես պատուհանէն անդին ինչ որ բան կը փնտռէր,- մենք «Արմենիա» հիւրանոցի իր հարկաբաժինին մէջ կը զրուցէինք երեւանեան գրական անցուդարձէն։

-Ինչպէս Յովհանը, այնպէս էլ մենք, միայն մէկ վայրկեան ենք յայտնւում կեանքի եւ մահուան միջեւ, յետոյ տեղի է ունենում սպասուած իրականութիւնը․․․ Յոհնանի եւ ամբոխի միջեւ կապը խզուել էր՝ որդու կորստով, թէ՞ կարօտով․․․

-Երեւի թէ մարդու եւ ժողովրդի միջեւ կապը խզւում է Հայրենիքի կորստով, կը յաւելեմ տեսակ մը խուսափուկ։

-Այո, մենք այլեւս Հայրենիք կորցնելու իրաւունք չունենք,- դառը ժպիտ մը յայտնուեցաւ Կարապենցի շուրթերուն, եւ ինձ թեւանցուկ՝ յարեց․

-Երթանք, մի քիչ քայլենք Երեւանի փողոցներում։ Երկու ժամ յետոյ հայ գրականութեան ծանր հրետանին գալու է իմ ետեւից՝ Իջեւանենք գնալու։ Շատ եմ սիրում Հայաստանի գիւղական վայրերը, որտեղ պարզ մարդիկ են ապրում, նրանց հետ շատ արագ եմ շփւում ու մտերմանում, քան գրողների․ սովետական-պաշտօնական նստուածքը դեռ նրանց մէջ ակնյայտ է։

Չեմ կրնար չնշել, որ զիս արգիլած էր պարոն-ով դիմել։

-Այդ դիմելաձեւը ինձ խորթ է, մանաւանդ ի զարմանս ինձ, շատ մտերմացել ենք․ ես քեզ յետոյ յիշեցի, անուանդ հանդիպել էի Փարիզի «Յառաջ» թերթի էջերում։ Համարձակ յօդուածներ էիր ստորագրում, այն մէկը մինչեւ հիմա տպաւորուել է Յակոբ Օշականի մասին։

-«Չյայտարարուած պատերազմ Յակոբ Օշականին»ը նկատի ունէ՞ք։

-Ճիշդ այդ, նոյնիսկ իմ բարեկամ Արփիկ Միսաքեանին եմ հեռաձայնել։ Հարցրել եմ, ո՞վ է այդ համարձակը։ Զարմացայ, երբ ասաց, «Երիտասարդ մըն է՝ Երեւանէն, Օշականով հիացած՝ բանաստեղծ, գրադատ, Սփիւռքի գրականութեան նուիրեալ»։ Ասում եմ, փառք Աստուծոյ, Արփիկ, նոր սերունդի մէջ աշխուժութիւն կայ, արժէքները վերաժեւորելու փափաք եմ նկատում,- եւ ակամայ ուշադիր զննելով զիս, կը յարէ․

-Յիշիր, որ հակազդեցութիւնների պէտք է հանդիպես, դեռ հին գաղափարապաշտները պատնէշի վրայ են․․․

-Կորցնելու բան չունեմ, Կարապենց։

-Արդէն ասացիր որ նախնիներդ վասպուրականցի են, որոնք ոգեղէնութեամբ տոկուն են։ Ես հաւատում եմ ժառագականութեան խորհրդին։

Պահ մը լռութիւն կը տիրէ, ես համոզում մը ունիմ, որ երիտասարդ Կարապենցը մինչ Ամերիկա հաստատուիլը անմասն չէ մնացած Թեհրանահայ մշակութային, ընկերային կեանքէն։ Ու կը հարցնեմ․

-Ձեր երիտասարդութեան տարիների իրանահայ հայահոծ գաղութը Ռեզա Շահի օրօք ինձ միշտ հետաքրքրել է, յատկապէս հայերի կենցաղը, մշակոյթը․․․

-Անմոռանալի տարիներ էին, սիրելիս։ Սովորել եմ Թեհրանի Սէն Լուի ֆրանսական քոլէջում, այնուհետեւ Հայկազեան Թամարեան դպրոցում․ երբ 1944 թուականին հիմնադրեցինք Թեհրանի «Հայ պատանեկան մշակութային միութիւն»ը, սկիզբն էր հայութեան՝ մեր ինքնութեան հաստատման։ Իսկ տարիներ անց՝ 1950 թուականից Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան անդամներս որոշակի կապեր հաստատեցինք Հայաստանի հետ։ Չնայած դժուարին ժամանակներ էին։ Երկրորդ աշխարհամարտը նոր էր աւարտուել։ Այդ տարիները նպաստեցին, ինչպէս ասում են, գրողի աշխարհայեացքի ձեւաւորմանը։ Եւ պատահական չէ, որ Նիւ Եորքի Քորնէյ համալսարանում լեզուբանութիւն ուսումնասիրեցի։ Հետագայում Կոլումբիայի համալսարանում մասնագիտացայ լրագրութեան մէջ։ Եւ այսպէս շարունա։ Միշտ մեր ինքնութիւնը փնտրելով ենք ապրել․ «Հիմա չգիտեմ՝ ի՞նչ անեմ իմ ինքնութեան հետ, կամ աւելի ճիշդ կը լինէր ասել՝ իմ ինքնութեան բացակայութեան հետ։ Ոչ այս եմ, ոչ՝ այն, ոչ ամերիկացի, ոչ հայ, ոչ արեւելքցի, ոչ արեւմուտքցի, մի տեսակ Նանսէնեան ապաժամ քաղաքացի, լքել եմ հայերէնս, իսկ անգլերէնս ասում են բռնազբոսիկ է․․․ /«Ադամի գիրքը»/։

Իրականութենէն խոյս տուող Ադամ Նուրեանը արդեօ՞ք վիպական կերպար մըն է՝ քաղաքակրթական յորձանուտին մէջ՝ Հայու իր ինքնութիւնը փնտռող, թէ՞ Կարապենց գրողի կենսագրութենէն կու գայ։ Այս և միւս տիպարներու մասին չեմ հարցրած, չնայած մեր զրոյցներու ընթացքին «չեմ քննած» Նուրեանի վարքագիծէն որոշ պատառիկներ։ Կրնայ ըլլալ նաեւ խուսափած եմ, բայց անհատականութիւններու նկատելի նոյնականութիւնը՝ յատկապէս առ սպառողական հասարակարգն ունեցած Կարապենցի դիրքորոշումը կասկածի տեղիք չեն տար։ Նկարագիրներու որոշակի անանձնապաշտութիւնը նկատի ունիմ․ «Եթէ այս է արդի ժողովրդավարութիւնը,- կը խորհի Ադամ Նուրեան,- հաւասարապաշտութենէն մեր դարը՝ չյանդուրժելով նախաձեռնութիւն եւ ստեղծագործական թռիչք, բթամիտ զանգուածի է վերածել հասարակութեանը՝ նրանցից խլելով քաղաքական գիտակցութիւն, մշակութային համարձակութիւն, մտքի անկախութիւն եւ նկարագրի կուռութիւն»։

Անշուշտ, «տեղը եւ ատենը» չէ,- ինչպէս կ՛ըսեն,- «Ադամի վէպը»ի դրուագներէն մանրամասներ վկայաբերել՝ Կարապենցի ազգային, քաղաքական իմացաբանութիւնը որոշապէս ներկայացնելու համար, եւ առնչակցութիւնը այն «անծանօթ հոգիներուն» հետ գրողի յարաբերութիւնները ենթակայական կամ առարկայական իմաստաւորումներու ընդմէջէն, ոչ ալ անդրադառնալու «Կարթագէնի դուստրը» վէպի հերոսին՝ Հոմէրի բնապաշտական դատողութիւններուն․ «Իմ եւ բնութեան  միջեւ կապը՝ մշակոյթն է»։ Այսինքն, խնդրոյ առարկան Մարդն է՝ մտաւորականը, սփիւռքեան իրականութեան մէջ իր ինքնաբացայայտումներով, Հայու ոգեղինութիւնը փնտռող։ Այդ ոգեղինութեան ահաւոր պակասէն կը տառապէր գրողը՝ գոնէ իմ պատկերացումով, եւ անշուշտ, ենթահող ունէր․․․

-Հայի ինքնութեանը զսպաշապիկ են հագցրել, սիրելիս,- «ցաւոտ իրականուեան» տեսիլքներ կը նշմարուին եւ այս խօսքերը անկարելի է մոռնալ։ Զուսպ, ինքնիրմէ վերացող գրողի հայեացքում,- այո, հայեացքում,- նշմարուեցան յուզականութեան զսպուած «հետքեր»։  Եւ ես ալ յուզուեցայ․․․

Տարիներ անց Կարապենցի մտերիմ բարեկամին՝ Պօղոս Սնապեանին կը հարցնեմ․ չնայած տխուր է արժանաւոր մէկու մը անդրադառնալ, երբ մահուանէ ետք ․․․ տակաւին կ՛ապրի իր գրականութեամբ եւ մարդկային իւրակերտ էութեամբ, ինք տխրութեամբ կը պատասխանէ․

-Ես ալ այս օրերուն Յակոբը կը յիշեմ․ տասէն աւելի տարիներ անցած են իր մահէն, բայց այն զգացողութիւնը կ՛ապրիմ  որ օր մը պէտք է հեռաձայնէ․․․ Իրմէ նակակներ ունիմ, օր մը կը հրատարակուի,- նամակները հրատարակուեցան 2023 թուականին, «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» հատորին մէջ՝ տասնութ նամակներ, երկու գրողներու լիարիւն հոգեխառնութեան ապացոյց մը,- «Սիրելի Սնապեան, ես էլ քեզ պէս մերթ ընդ մերթ, այսպէս ասած՝ փորձագրութիւն-պատմուածքի ձեւին եմ անցնում՝ անձնականացնելով երեւոյթները եւ յագուրդ տալով ներքին պոռթկումներիս»։

«Տխրամած հոգիով» գրուած սա տողերը «կազմած է» ոճը՝ թէ Կարապենցի, եւ թէ Սնապեանի հոգիին։

-Առիթ մ՛է, չեմ կրնար չհարցնել, պարոն Սնապեան, ժողովուրդին զգալու կերպ մը կը տեսնեմ Կարապենցի վէպերու եւ պատմուածքներու մէջ․

-Նաեւ հրապարակագրութեան․ Յակոբին ատենին ըսած եմ որ չեմ ախորժիր իր յօդուածներէն․ կ՛ըսեմ, կ՛ուզե՞ս ազատագրուիլ քու առօրեայ խոկումներէդ, տեսակ մը անբաւարարութեամբ կ՛ապրիս, ատիկա զգայնութիւն մըն է, որմէ պէտք է ազատուիս։ Կը լռէր՝ համաձայն ըլլալով․․․

-Ես զինքը կը համարեմ ծագումով պարսկահայ մեծանուն գրողներէն երկրորդը, Յարութ Կոստանդեանէն յետոյ, եթէ ընդունելու ըլլանք ժամանակագրական կարգը։

-Իրաւունք ունիս։ Կոստանդեանը մեր երեւելի բանաստեղծներէն էր։

․․․1994 թուական։ Յակոբ Կարապենցի մահուան լուրը լսելէն ետք տարապայման զգայնութեամբ մը համակուեցայ։  Իր անձնական վիշտի պատճառներն ալ զիս բարեկամօրէն յայտնած էր․․․ Տեղ մը կը գրէ․ «Մարդու հոգին մի երկիր է, որին հնարաւոր չէ հասնել, ոչ էլ քարտէսագրել։ Բայց գիտենք, որ այն կայ, որ իր ամէն մի պարտութիւնը փաստօրէն յաղթանակ է՝ հանգրուանից-հանգրուան»։

Յաղթանակած հոգեկիր մըն էր Յակոբ Կարապենցը, ինք գիտէր ճշմարիտ բարբառը հոգիներու․․․

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

WhatsApp +374 91 423 159

199
Մայիս 16, 2026

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: