Կրկնակ ձգտումը՝ Անզօր․․․ Արթուր Անդրանիկեան
cultural.am-ի` յատկապէս Սփիւռքի տարբեր գաղթավայրերում ապրող հետեւորդներին վստահ եմ կը հետաքրքրի այս հրապարակախօսային ակնարկը, թերեւս հրապարակախոհութիւնը, ինչու՞, պատճառը ակներեւ է, որովհետեւ նպատակս վերստին Հայի ու Հայրենիքի գիտակցման էականութիւնն է․․․ Հայը՝ Հայրենիքից հեռու, Հայրենիքով ապրող՝ երեւութապէս, թէ հոգեպէս, միեւնոյն է․ մնացեալը՝ հայրենիքում չապրելու իր պատճառաբանուած եւ չպատճառաբանուած գիտակցումն է․ արտագաղթի հետեւանքների մէջ պէտք է փնտրենք հայութեամբ ապրողների լռութիւնը՝ համակերպութեան իմաստիւ, իսկ ազգահաւաքը արդեօք երազուա՞ծ է, թէ՞ վրիպուած հերթական կրակոց․․․
Ա․Ա․
Կրկնակ ձգտումը՝ Անզօր․․․
Սովորաբար մարդ, ի՛նչ ազգութեան ալ պատկանի, երբ ինքնիրմէ դժգոհի, որ անմասն է աշխարհի տարբեր ծայրերուն ծաւալող իրադարձութիւններէն, կրնայ բնական թուիլ: Հայուն համար այս խնդիրը բոլորովին այլ է եւ «յոգնութիւն» կը պատճառէ: Ան երկրէ երկիր տարորոշուելէ` կը ձգտի անպայման մասնակիցն ըլլալ կարծեցեալ ճշմարտութեանց, երբ իրեն թելադրանքներ ուղղուին իրադարձութիւններու ընդմէջէն, դիրք մը, եթէ ոչ` խարիսխ մը հաստատել, ո՛ր երկրին մէջ ալ ըլլայ: Մասնակցիլ ընթացիկ քաղաքական «պատերազմային», ընկերային զարգացումներուն` յաճախ դրօշակիրի կեցուածքով ու համոզումներով: Գայթակղութի՞ւն, թէ՞ սեւեռուն հաշուենկատութիւն մը, որ, չես գիտեր, անձնական, որոշարկուած ազգային բնո՞յթ կը կրէ ու բացառապէս անոր ընկալումէ՞ն կու գայ: Երկու դէպքերուն ալ տեղւոյն վրայ ապրելու ճիգեր փնտռելու խնդրայարուցումը ընդհանրացուած կ՛ուրուագծուի:
Այս մտածումները ո՞ւրկէ կու գան. ու կարծեմ չեն գտներ դոյզն սփոփող բաւարար պատասխան մը եւ այդպիսով կը մնան օդն ի կախ, անկատար, անիրագործելի հանգամանքով մը սքողուն եւ անյուսալի գայթակղութեան կը տանին անցեալի, յատկապէս քաղաքական, թէ ապաքաղաքական դիրքորոշում արտացոլեցնող բնոյթ ընդելուզող… Ըսել կ՛ուզեմ` չափազանց ինքնաբաւ-ոգեզրկող: Եւ եթէ խորամուխ ըլլանք մեր անցեալի սովորամոլութենէն նշմարելի իրադարձութեանց մէջ, սկսեալ` Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներէն, կը տեսնենք, որ գաղափարապէս երկշերտ-երկպառակտ ընթացքով մը կ՛ընթանար համընդհանրական շարժում մը. մէկ կողմէ հայկական կամաւորական գունդեր` Ռուսիոյ հովանիին ներքոյ, միւս կողմէ` Թուրքիոյ հպատակ (օսմանիէ) զինուորագրեալներ. հոս ոչ «տեղը», ոչ ալ «ատենն է» անոնց նկատմամբ խեցեվճիռ կայացնելու, անոնց ինքնաբաւ` գաղափարի նուիրեալ կամ «ենթարկեալ» մտադրութիւնները, սեւեռումները իբրեւ ժամանակի հրամայական մասնայատկելու…
Յոյժ անորոշ ժամանակներուն հայը իր անզգօնութենէ չսթափած` անճրկած կը գիտակցէ՞ր արդեօք, որ ի վերջոյ «ազգամիջեան կռիւ մը» կ՛ընթանայ, եւ ի՞նչ նպատակներու կը ծառայէր: Հայկական բարենորոգումներու խնդի՞րը կ՛ուրուագծուէր, թէ՞ ոչ իր վիճակին անյուսալիութիւնը վերջնականօրէն պարզելու, այլ իր հետագայ կողմնորոշումը (ռուսահպատակ- թրքահպատակ) ճշդելու համար, եւ Մեծ եղեռնի կանխագուշակումը երեւակայա՞ծ էր…
Ընդհանրապէս հայը անձանձիր, երեւակայութենէն օտարուող ազգային գործունէութեան այլազան նպատակներ հետապնդած է: Ատեն առ ատեն ինքնավստահ յանդգնած երբեմն ոչ իմացական փորձառութեամբ, դժուարաւ վերագտած` իր շփոթած ըլլալու պատճառները, մանաւանդ աղէտալի հետեւանքները` զինք պատուհասած: Եւ յաճախ կը խորհի` վախնալով ժամանակաւոր յաղթանակներու եւ մնայուն պարտութիւններու տակ անյուսօրէն կքած: Հակազդելու նոյնիսկ պարզունակ ճիգեր կորսնցուցած` մեղադրելով շուրջիններուն մէջ դաւաճաններ, դաշնակիցներ համարուողներու մէջ ալ պայմանագրային խոստմնազանցներ փնտռելով. վիպապաշտական անբաւականութիւն մը, որ սերտաճած կը թաւալի մեր պատմութեան երկայնքով: Նախագուշակելու անկարողութի՞ւն, մարտավարական պատրա՞նք` վճռականապէս բացայայտ… ներկայիս ռուս-ուքրանական պատերազմի ընթացքին: Նորէն երկբեւեռ կամ հակաբեւեռ, այս կամ այն երկրին քաղաքացին ըլլալն անշուշտ խնդրոյ առարկայ է, տեսակ մը պարտադրած «կողմնապահութիւն», բայց կը սխալի՞ն անոնք` ճակատագրուած հայերը. թերեւս չեղանք ջահակիրը, եւ այս է պատճառը մեր սպառած ուժերու առաւելս վատնումի… խոշոր պահեստարան մը հիմնած չըլլալով` չարժանացանք Ելքի դուռ մը բանալու` ազգահաւաքի այդքան երազած…
Մնացեալ ամէն ինչ ածանցեալ է հրահրուած նոր պատերազմներու, յեղափոխութիւններու քուրային անողջախոհ յանձնուելու սիրոյն` տապկուելու կարծես մեզմէ անկախ: Զգուշօրէն Սիզիփոսին պէս անընդմէջ զառիվեր կը մագլցինք ու զառիվերէն կը գահավիժինք: Գահավէժ ընթանալու ճամբան ալ յայտնապէս չենք գիտեր` գաղափարակա՞ն է, թէ՞ գաղափարէ զուրկ: Ինչ որ նոյն է, վասնզի ընդմէջ այդ երկուքին ազգայինը կը կորսուի, չգիտնալո՞վ, անտես առնելո՞վ, թէ յանցանքը որո՞ւ է:
Հաւաքական եռանդէն այդքան անյուսալիօրէն հեռացա՞ծ ենք, անհնազանդ անոր սթափեցուցիչ ազդեցութենէն, ճիգէն ու ցանկութենէն` զո՞ւրկ. յուսամ` կը սխալիմ, կը բաւարարուիմ այն ինքնայուսատուութեամբ, որ աշխարհը մղձաւանջային հոսումէն կուրցած, խուլցած է, ու հայու աչքերէն ալ ցամքած արցունքներու յուսոյ լոյսեր կը ծորին…
Արթուր Անդրանիկեան
- Hits: 3464