Զարեհ Որբունի. Անձրևոտ օրեր

Ֆրանսահայ գրող Զարեհ Որբունու (Էօքսիւզեան) (1902-1988) արձակը (վէպեր, պատմուածքներ, ուղեգրութիւն) սփիւռքեան գրականութեան հետեղեռնեայ շրջանի օտարութեան մէջ իր ազգային ինքնութիւնը որոնող, դրանով իսկ օտարութեան մէջ կործանման եզրագծերին հասած հայ մարդու տարեգրութիւնը կերտող «խորքերից» է ծլարձակ, ժամանակաշրջանը իրական գոյներով, մտասեւեռումներով ներկայացնող։ Մտածողութեան բնոյթի, կերպայնութեան գրողական ոճը, պատումի անհանդարտ ընթացքի խորհրդաւորութիւնը անշուշտ աղերսներ ունի եվրոպական, մասնաւորաբար, ֆրանսիական վիպագրութեան աւանդոյթների հետ, բայց հայեցի մտածողութեան եղանակաւորումներով՝ մանաւանդ օտարութիւնը իբրեւ կենսակերպ ընդունած եւ դրանից ամենեւին չխուսափած հայ մարդու դէմ հանդիման աշխարհը գրողը նորովի է ներկայացնում անխուսափելի անակնկալներով, գրողական ինքնակրեպ մտազուգորդումներով։

 Արթուր Անդրանիկեան

Զարեհ Որբունի

ԱՆՁՐԵՒՈՏ ՕՐԵՐ

Շաբաթներէ ի վեր կը տեղար անձրեւը։

Քովի առուին ուռած ջուրերը կը յորդէին եզերքներէն ու մեծ աղմուկով կը սուրային լերան կողերն ի վար, դէպի հովիտ։ Մերթ ընդ մերթ, կրակէ բոցեր կը ճաթռտէին սեւ ու խոժոռ ամպակոյտերը, որ զարնուելով լեռներուն՝ սանձարձակ քամիին հարուածներէն քշուած՝ ցիրուցան կ՚ըլլային։ Ագարակին բնակիչները, պահ մը մոռցած իրենց վէճերը, արձաններու պէս կ՚անշարժանային, վերահաս աղէտի մը սպասող մարդոց շլմորուն նայուածքներով։ Իրենց այդ դիրքերուն մէջ, կամազուրկ խրտուիլակներու կը նմանէին անոնք։ Կարճ լռութենէ մը վերջ, որուն ընթացքին քովի հեղեղին մոլուցքն անգամ չէր լսուեր — այնքան որ ահռելի կը թուէր սպասուածը, — որոտումը կը պայթէր յանկարծ, կը թաւալէր, տարածուելով մթագնած երկինքին մէջ, որ կարծես փուլ պիտի գար երկիրին վրայ։ Այն ատեն, որոտումին բացած ճեղքերէն՝ անձրեւը կը թափէր, նախ շռնդալից, հետզհետէ միապաղաղ եւ անդրադրում աղմուկով մը։

Արահետներուն մէջ վտակները կը փրփրէին, վազ տալով դէպի վար։

Պահ մը բացուեցաւ ագարակատան դուռը, ու Տկն. Արմտիքեան դուրս հանեց գլուխը, բայց իսկոյն ձեռքերը տարաւ սպիտակ մազերուն։ Տանիքէն դոյլ մը ջուր թափած էր գլխուն վրայ.

— Շան զաւակ, — պոռաց ան, ետ ետ քաշուելով, — վերջնաշխա՞րհ է, ի՞նչ է։

— Երկի՛նքը ծակեր է, երկի՛նքը, — ձայն տուաւ ներսէն Վարսենիկ, Տկն. Արմտիքեանին կրտսեր աղջիկը՝ որ երեսունըհինգի մօտ կին մըն էր, թուխ ու չոր, համակ ջիղ։ Պատերազմի չորս տարիներուն, ամուսինը գերի մնացեր էր Գերմանիա։ Այդ շրջանին, երկու տղոցը հոգն ու մանաւանդ մինակութիւնը քայքայեր էին իր առողջութիւնը, որ տակաւին կը մնար խախուտ, հակառակ բժշկական լուրջ խնամքներուն ու լեռնագնացութեան։

— Տղուս շորերը չորցած չունին, — Վարսենիկը սկսաւ նորէն իր գանգատները։— Այս ուր տեղերը բերիր մեզ, մայրիկ։ Լե՛ռ ըսիր գացիր. ահա՛ քեզի լեռ, եւ ի՜նչ լեռ, ամէնէն մօտ տունը երեք հարիւր քայլ է։

— Քեզի ի՞նչ եղեր է, աղջիկ, — ըսաւ մայրը սրտնեղած։— Հարկաւ ատեն մըն ալ պիտի կենայ այս անձրեւը։ Ան չէ ամմա, ի՞նչ եղեր է քեզի քանի մը օր է, կռի՞ւ կը փնտռես։ Ձայն չհանեմ ըսի, բայց ա՛լ չափը անցուցիր։ Որդնոտած պանիրի պէս կը վխտաս կոր։

— Չորս շաբաթ է՝ չո՛րս օր արեւի երես չտեսանք։ Տանը մէջ իրարու վրայ մնացինք։ Պէպէքիս ոռը ուռեցաւ։ Ալ ինչ կ՚ուզես, դեռ չխօսինք։

— Է՜, պիտի խօսիս, պիտի խօսիս որ ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Բան մը կրնա՞նք փոխել։ Այս տարի բախտ չունեցանք. ա՛յսքան։ Արդէն, ո°ւր որ ալ երթայինք՝ միեւնոյնն է. ամբողջ Ֆրանսայի վրայ ջուր կը թափի։ Դո°ւն էիր լեռ ուզողը նորէն, անցեալ տարի քիչ մը վրայ գալուդ համար։ Մէյ մը երեսիդ նայէ, չիրոզ դարձեր ես։

— Բայց այս լերան գագաթը, մայրիկ, մարդ մարդասանքէ հեռու …

— Մենք մարդ չե՞նք, բան մը ըսած ունի՞նք։ Եղեր է, ի՛նչ ընենք։ Երկինքը ծակեր է եղեր. աւելի՛ լաւ է որ երկինքը ծակի, քան թէ մենք իրարու գլուխ ծակենք։ Հապա Զապէ՛լս ինչ պիտի ըսէ, խեղճ աղջիկս։ Ամերիկաներէն եկաւ մեզ տեսնելու եւ ջուրի հանդիպեցաւ։

— Այդ ի՞նչ ըսել է, մայրիկ, աւելորդ խօսքեր կ՚ընէք։ Ձեզ տեսնելու եկայ, է՜, ձեզի հետ եմ, ամէն օր միասին ենք։ Ա՛լ ինչ կ՚ուզենք։ Հարկաւ վաղն ալ արեւ կ՚ըլլայ։

— Արե՜ւ, արե՜ւ, — արձագանգեց Ժեռմէն, — օ՜դ, բաց օդ, հոգինիս մգլոտեցաւ խոնաւութեան մէջ։

— Ա՜հ, — ըրաւ Վարսենիկ, սրտնեղութեան կեդրոնը փոխադրելով Ժեռմէնին վրայ, դիւրին զոհ մը գտած ըլլալու անասնական բնազդով մը ու շարունակեց մեղմ ու ոլորապտոյտ ձայնով։— հաշիւիդ եկածը կը հասկնաս։ Եդուարդին կինը ջուրի պէս հայերէն կը խօսի։ Դուն յամառ ես. յամառութենէդ՝ չես ուզեր սորվիլ. ատոր համար ալ չկրցար մեր սիրտը գրաւել։

Եւ անմիջապէս աւելցուց հեգնական.

— Բայց ի՜նչ ընենք, եղբօրս կինն ես՝ պիտի տանինք…։

Բոլորին գլուխները մեքենաբար դարձան Ժեռմէնին ուղղութեամբ՝ սոսկալի պրկում մը իրենց դէմքերուն վրայ։ Տիգրան, որ իր խոհուն դէմքը վերցուցած էր գիրքին վրայէն, նայեցաւ կիներուն կողմը, յետոյ դանդաղ շարժումով մը աչքերը յառեց կրակին բոցերուն եւ պահ մը մնաց անայլայլ՝ ընթերցանութեան վերսկսելէ առաջ։ Բայց չէր կարդար։ Կը զգար թէ ներսն ալ, ինչպէս դուրսը, փոթորիկը պատրաստ էր, հասունցած՝ իր համախմբուած տարրերուն մէջ, ու պայթելու համար կը սպասէր որ ուրականը ուժգին փչէր։ Ի՞նչ պիտի ընէր, հիմա որ կռիւը անխուսափելի ըլլալ կը թուէր քրոջը եւ կնոջը միջեւ։ Առայժմ նախընտրեց լռել։ Միայն լռութիւնը կրնար արգիլել մոլուցքը զոր տեսած էր քրոջը նայուածքին մէջ։ Եւ այդ մոլուցքը այնպիսի տարրերային բան մըն էր, որ իր զուսպ երեւոյթին տակ հազիկ կրցաւ սեղմել իր մեծ խռովքը։ Ծունկին վրայ բաց գիրքին էջերը կը փախչէին իր նայուածքէն։ Տողերը իրարու կը խառնուէին. բայց կրցաւ պահել գլուխը՝ ընթերցողի մը կեցուածքին մէջ։

— Տիգրա՛ն, — ընդմիջեց Տկն. Արմտիքեան, խօսքը ուղղելով տղուն, աւելի՝ խօսակցութեան նիւթը փոխելու համար։— Տիգրա՛ն, ի՞նչ կ՚ըսէ Եդուարդը, Հայաստան ալ ասանկ անձրեւներ կը տեղա՞ն եղեր։

— Անձրեւը Ֆրանսայի յատուկ բան մը չէ, մայրիկ, — պատասխանեց Տիգրան, ձայնին տալով վերջին ծայր հանդարտ հնչիւն մը։— Հայաստան ալ անձրեւ կը տեղայ, ա՛յստեղ ալ, ամէ՛ն տեղ ալ։

— Ասա՞նկ անձրեւ, հեղե՛ղ է, հեղեղ։

— Իհարկէ, մայրիկ։ Եդուարդը կ՚ըսէ թէ նախորդ տարին անանկ անձրեւ մը տեղացեր է Երեւան, որ հաւաքուած ջուրերը լեռներու կողերը ճեղքելով արշաւեր են քաղաքին վրայ, իրենց հետ գլորելով հսկայական ապառաժներ։

Տիգրան սրտաբուխ հառաչեց, երբ խօսքը լմնցուց։ Ամէն անգամ որ Հայրենիքին խօսքը կ՚ըլլար, խորունկ ցաւ մը կ՚ունենար։ Բերանը պիտի բանար նորէն, սակայն եւ այնպէս զգուշացաւ։ Մթնոլորտը ըստ բաւականին ելեկտրականացած էր արդէն առանց ատոր ալ, ուրեմն ուզեց հրաժարիլ իր թաքուն այլ մնայուն վիշտը արտայայտելէ։ Բայց չկրցաւ։ Երբ մայրը «վախ-վախ» մը նետեց օդին մէջ, յուզուելով Երեւանի հեղեղին շուրջ ըսուած խօսքերէն, որոնք անշուշտ շատ հեռու էին պատկերացնելէ անոր երեւակայութեանը մէջ յորդող Նոյեան ջրհեղեղը, Տիգրան՝ երազկոտ, մրմնջեց, աւելի ինքնիրեն ուղղելով իր խօսքերը.

— Եւ ըսել թէ, եթէ ամէնքով ուզէինք, հիմա եօթը ամիս է Երեւան պիտի ըլլայինք։

— Նորէն սկսա՛ր, — ջղայնացաւ Վարսենիկ, որ պահ մը մէկդի ձգուած էր՝ մօրը դիտումնաւոր ընդմիջումովը։— Ես քեզի բան մը ըսե՞մ, չեմ ուզեր որ անգամ մըն ալ այդ Եդուարդին հետ տեսնուիս։ Ան է քու միտքդ պղտորողը, գիտե՜մ։ Հայաստանէն գալէն ի վեր, Երեւանը այսպէս, Երեւանը այնպէս։ Ի՜նչ հանգիստ էինք, պէ, առաջ։ Այս բանաստեղծները չկա՜ն…

— Եդուարդը շատ հին բարեկամս է, դպրոցէն…

Վարսենիկ թոյլ չտուաւ որ խօսքը լրացնէր։

— Ես ալ շատ ընկերուհիներ ունէի դպրոցը, բայց կեանքին մէջ պէտք է ընտրել գիտնալ իր ընկերները, օգտակա՛ր ընկերներ։

Յայտնի կերպով նեղուած էր Տիգրան։ Չուզեց պատասխանել քրոջը, որ ամէն ըսուածի մէջ բորբոքումի պատճառ մը կը փնտռէր, ներքին անհեթեթ պահանջքէ մը մղուած։ Բայց գոհ էր որ վէճը պահ մը հեռացեր էր կնոջը գլխէն, մօրը կողմէն՝ ատենին եկած ընդմիջումովը, եւ քիչ մնաց տեղի պիտի տար Վարսենիկին հրաւէրին, որպէսզի այդ պահը աւելի երկարէր։ Կը զգար թէ Վարսենիկ պատրաստ էր, բոլորովին հասուն՝ իր կնոջը հասցէին վիրաւորական խօսքեր ընելու, նոյնիսկ գիտէր թէ ատոր պատճառը Ժեռմէնին անձը չէր այնքան, որքան՝ Արմտիքեաններու տանը մէջ իր տեղը գրաուած ըլլալը։ Իրեն համար՝ յափշտակիչ մըն էր ան։ Աններելի կը նկատէր իրեն ուրիշ անուն մը տալը։ Չէր կրնար վարժուիլ, չէր կրնար ընդունիլ Արմէնեան անունը, որ իրեն համար դրժումն էր մեծ Եղեռնին ջարդուած հօրը հանդէպ ունեցած անհուն իր պաշտամունքին։

Հակառակ տասնըհինգ տարիներէ ի վեր ամուսնացած ըլլալուն, տակաւին իր նամակները կը ստորագրէր Վարսենիկ Արմէնեան-Արմտիքեան։ Պրն. Արմէնեանը իր ամուսինը չէր, այլ շըվալիէ֊սերվան-ը։ Երբ ծանօթի մը կը հանդիպէին, այսպէս կը ներկայացնէր իր ամուսինը.

— Ահաւասիկ իմ շըվալիէ֊սերվան֊ս։

Տիգրան փորձ մըն ալ ըրաւ քրոջը պատասխանելու համար ու նորէն չկրցաւ։ Տունը վրան փլելու պէս կ՚ըլլար։ Նեղուեցաւ։ Այն ատեն՝ ոտքի ելաւ։ Գիրքը դրաւ դարակին վրայ, մնաց անշարժ, վարանոտ։ Գիրքերու շարքին վերեւ կախուած հայելիին մէջ, Տկն. Արմտիքեանը նշմարեց տղուն դէմքը՝ որուն վրայ խորունկ տրտմութիւն մը կար։ Կտոր կտոր եղաւ սիրտը։ Ատենէ մը ի վեր, տղուն վրայ ինկեր էր կարծես մեծ վարագոյր մը եւ դարձուցեր էր զինք ստուերոտ, ամբողջովին անտարբեր՝ իր շուրջը անցած դարձածներուն։ Տկն. Արմտիքեանը լաւ գիտէր ատոր պատճառը։ Այն օրէն ի վեր, երբ դժուարացաւ կարաւաններու մեկնումը՝ միջազգային կացութեան կնճռոտումովը եւ դեռ անկէ առաջ՝ Ֆրանսական հպատակներու վրայ դրուած արգելքովը, ու երկիր մեկնելու իրենց յոյսը դարձաւ աւելի քան խնդրական, գոնէ երկար ժամանակի մը համար, Տիգրանին բնաւորութիւնը մէ՛կէն դառնացաւ։ Թակարդը ինկած անասունի մը պէս տապըլտկելէ վերջ, հնազանդեցաւ իր բախտին, բայց ցաւագին եղաւ այդ համակերպումը։ Սկիզբները շատ պայքարեցաւ՝ հաւաքելու համար ամբողջ ընտանիքը, ջանալով նուաճել դիմադրութիւնները, փարատել անհասկացողութիւնները. բայց յետոյ պարտուած՝ որոշեց մեկնիլ իր սեփական ընտանիքովը միայն։ Նոր արգելքը, սակայն, ամբողջութեամբ ձախողութեան մատնեց իր ծրագիրը, քանի որ կինը եւ տղան, ֆրանսացի ըլլալով, պիտի չկարենային իրեն հետեւիլ։

Տիգրանին ոտքի ելլելովը՝ սենեակին մթնոլորտը խաղաղեցաւ պահ մը։ Բայց Տկն. Արմտիքեան ստիպուեցաւ խզել լռութիւնը, թօթափելու համար խռովքը զոր ունեցեր էր զաւակին արտայայտութենէն, երբ իր նայուածքը հանդիպեր էր անոր՝ պատի հայելիին խորը, որուն շրջանակին մէջ աւելի ողբերգականօրէն խտացուած էր Տիգրանին տրտմութիւնը։

— Ի՜նչ ընենք, տղաս, — ըսաւ ան, ողոքիչ շեշտով մը ու վախնալով միանգամայն թէ լռութեան խզումը կրնար վերարծարծել վէճը։— Տխրելու պէտք չկայ։ Ես ի՛նչ ըսեմ այս տարիքիս, ի՛մ ալ միակ փափաքս է Հայրենիքի մէջ փակել աչքերս։

— Վերջ ի վերջոյ, ամէնուս տեղն ալ հոն է, աճապարելու պէտք չկայ, — մէջ ինկաւ Զապէլը իր քաղցրահունչ ձայնով, ուր յայտնի ճիգ մը կը զգացուէր աւելի անոյշ ըլլալու։— Վարդա՛նն ալ իմ կարծիքէս է, — աւելցուց, — քո՛ւ կարծիքէդ, Տիգրան։

Զապէլ՝ Տիգրանին երէցն էր։ Պզտիկութենէն հանդարտաբարոյ եւ ամէն բանի համակերպող աղջիկ մը եղած էր։ Ո՛ւր որ ալ գտնուէր, իր շրջանակը անմիջապէս անուշութիւն մը կը զգենուր։ Տարիքին հետ՝ անոր մարմինը ստացեր էր ներդաշնակ փարթամութիւն մը։ Խաղաղ եւ անկնճիռ սէրը ամուսնութեան մէջ՝ յետոյ մայրութիւնը՝ աւելի կշիռ տուեր էին իր քաղցրութեան, ու դարձուցեր էին ձայնը աւելի հոգեպարար։ Բայց Տիգրան, ներսէն կրծող իր որդին ենթակայ, առաջին անգամ ըլլալով, այդ պահուն, իր երէց քրոջը մատոնայի ձայնին մէջ զգաց կեղծուած շեշտ մը։

— Զապէ՛լ, — պոռաց, ձայնը հետզհետէ բարձրացնելով, — Զապէ՛լ, մի՛ ստեր, գիտես թէ կը ստե՛ս։ Կը կարծե՞ս, որ ես չեմ գիտեր թէ ի՛նչ յետին մտածումներ պահուած են այդ «աճապարելու պէտք չկայ»ին ետեւը։ Քառորդ դար սպասեցինք, ու երբ առիթը եկաւ՝ չօգտուեցանք։ Որովհետեւ, կ՚ուզե՞ս որ ամբողջ մտածումս ըսեմ, որովհետեւ, ո՛չ թէ հոգիով այլ մեր լեզուին ծայրովը ուզեցինք։ Առիթը անցնելէն վերջ միայն …

— Առիթը նորէ՛ն կու գայ, տղա՛ս, Հայրենիքը մերն է, մենք ալ հայրենիքինը։

— Չէ՛, չէ°, — աղաղակեց Տիգրան, ինքնիրմէն ելած, — դուք խօսքերով կը խաբէք ձեզ ու կը կարծէք թէ ուրիշներն ալ կը խաբէք։ Դուք դրամէն չէք կրնար բաժնուիլ, դրամը ձեր կեանքն է, ձեր հոգին, ձեր ձեռքը խոթեր էք մէջը ու ետ չէք կրնար քաշել։

— Հապա՜, — հեգնականօրէն ըսաւ Վարսենիկ, որ հեռուէն եկողի մը երեւոյթը ունէր, — այնտեղ երթանք, որ քու հաճոյքիդ համար հասարակ գործաւո՞ր դառնանք։

Մէկ ոստումով՝ Տիգրան հասաւ դրան առջեւ։ Ալ ինչ պէտք ունէր պատասխանելու, երկար բարակ բացատրելու։ Գիտէր թէ անօգուտ էր։ Փոթորիկը ուռած էր հոգիին մէջ, պարպեց՝ լմնցաւ։ Դուռը բացաւ բրտօրէն ու նետուեցաւ դուրս, անձրեւին տակ։

— Ահա ա՛յս է իր երջանկութիւնը, — շարունակեց Վարսենիկ, թեւերը բացած, դերասանի մը պէս որ բեմին եզերքը կը յառաջանայ, խօսքը ուղղելով սրահին։— Չորս շաբաթ է՝ անտառէն փայտ կրել, փայտ կոտրել ու կարդալ։ Կարծես թէ մուժիկի տղայ ըլլար, Արմտիքեանի տղայ չըլլար։ Կատարեա՜լ կոլխոզնիկ։

Վարսենիկին խօսքերը ինկան ընդհանուր անտարբերութեան մէջ։ Տիգրանին երթալը բնաւ չեկաւ իր հաշւոյն։ Հազիւ կռիւին ճոթէն բռնած՝ ձեռքէն փախցուցեր էր զայն։ Բարկութենէն կը դողար, մանաւանդ որ կը զգար թէ երկինքին մէջ նոր փոթորիկ մը կը պատրաստուէր։ Եւ իրապէս, փայլակը իրարու ետեւէ քանի մը անգամ լուսաւորեց պատուհաններուն ապակիները կապտաւուն բոցերով, ու երկինքը կարծես կը պատռտէր՝ աղեխարշ գոռգոռոց մը հանելով։ Վարսենիկ մռընչեց սեղմուած ակռաներուն մէջէն.

— Կոլխոզնի՛կ։

Դուրսը, Տիգրան պահ մը ապաստանեցաւ քիւին տակ։ Սեւ ու ցած՝ կը դիզուէին ամպերը, ահեղ տեսարան մը պատրաստելով նորէն։ Թեւերը կարճ շապիկ մը եւ շորդ մը հագած, գլխուն կը կրէր պեռէ մը, եւ ոտքերուն՝ լեռնային կօշիկներ։ Մէջքին պլորած էր չուան մը՝ ուրկէ փոքրիկ կացին մը կախուած էր։ Տանիքը կուտակուած անձրեւը յորդելով թափեցաւ ճիշդ Տիգրանի ծխամորճին վրայ եւ անոր կրակը մարեց։ Արդէն ամպերը սկսեր էին գոռալ, մինչդեռ օձապտոյտ կրակներ կը վազէին միջոցին մէջ։ Յանկարծ, իբրեւ թէ երկինքին դուռերը բացուած ըլլային, սկսաւ սոսկալի տեղատարափ մը։ Տիգրան ճամբայ ելաւ։

Նոյն պահուն, ագարակատան վերի յարկէն լսուեցաւ տղոցը կռուըտուքին աղաղակը։ Ժեռմէն պատկեց տեղէն։ Սենեակը տակն ու վրայ վիճակի մէջ էր։ Իր աղջիկն ու Վարսենիկին տղան իրարու փաթթուած կը կռուէին։ Ժեռմէն տուաւ ուժգին ապտակ մը փոքրիկ Կարպիսին որ անմիջապէս ձգեց աղջնակին մազերը, ու ձեռքը դրած ութամեայ այտին վրայ՝ վազեց սանդուխներէն վար, պոռալով.

— Մամա, դանդիկը ծեծեց ինծի։

Միւսները, անոր ետեւէն, կարկուտի պէս վար թափեցան։ Զապէլ թեւերուն տակ էր առեր իր երկու վերջնեկ ճուտերը, մինչ Ժեռմէն կը հանդարտեցնէր իր աղջիկը։ Վարսենիկ թեւերուն մէջ սեղմած իր տղան, օրօրելով կը խօսէր անոր հետ.

— Վա՜խ, տղաս, վա՜խ, դանդիկը ծեծեց քեզ, հա՞, դանդիկը ծեծեց քեզ։

Ու մէկէն դառնալով Ժեռմէնին.

— Քեզի ի՛նչ եղեր է որ տղաս ծեծելու ելեր ես։ Քու աղջիկդ ծեծէիր։

—Յանցաւորը Կարպիսն էր։ Ես յանցաւո՛րը պատժեցի։ Տղաքը բոլորն ալ մերն են, իմս քուկդ չկայ։

— Սըւո՛ր նայէ, — պոռաց Վարսենիկ քըրքջալով։ «Տղաքը մե՜րն են»։ Ձե՛րը ինչու պիտի ըլլան եղեր։ Անոնք հայո՛ւ տղայ են։

— Այսինքն, նո՛յն ընտանիքին կը պատկանին անոնք։ Ես յետին միտք մը չդրի ըսածիս մէջ։ Եւ յետոյ, հանդարտէ՛, — ըսաւ Ժեռմէն, իր խաղաղ ձայնին մէջ թեթեւ գրգիռ մը դնելով, — պոռալու պէտք չկայ։

— Հապա՜, — պատասխանեց Վարսենիկ, — քեզի պէսները պոռալ չեն գիտեր, դուք հանդարտ էք, քեզի պէսները…

— Քեզի պէսնե՜րը…, — արձագանգեց Ժեռմէն՝ երազկոտ տխրութեամբ մը, ու լացը արգիլելու համար խածաւ վարի շրթունքը։

— Հա՛, քեզի պէսները, — կրկնեց Վարսենիկ, ըմբոշխնելով իր խօսքերը։

— Ի՞նչ են եղեր ինծի պէսները։

— Քեզի պէսնե՞րը, ահա՛…, — ըրաւ Վարսենիկ, ինքնիրմէն ելած, ու ձեռքը բրտօրէն նետեց Ժեռմէնին գլխուն։ Ու երբ գոց բռունցքը ետ քաշեց՝ խուրձ մը ոսկեծամ մնացեր էր անոր մէջ։

Հարուածը այնքան անսպասելի եւ արագ էր եղեր, որ բոլորը ապշած մնացեր էին, մանաւանդ ինքը՝ Վարսենիկ՝ որուն նայուածքը կառչեր մնացեր էր իր բռունցքին, ուրկէ շէկ մազերուն խոպոպներուն փունջը կը ճառագայթէր ափ մը արեւի նման, այդ գորշ ու թախծոտ սենեակին մէջ։ Յետոյ, Վարսենիկին նայուածքը, սեւեռած մնալով հանդերձ սեղմած ձեռքէն արձակուող ճառագայթներուն, քիչ քիչ կը կորսնցնէր իր խստութիւնը, տեղի տալով ներքին անզուսպ դողի մը որ տեսանելի էր միայն իր շրթունքներուն վրայ։ Տեսարանը՝ պահ մը ձիգ՝ սրտաճմլիկ բան մը ունէր հիմա։ Ժեռմէն կը փորձէր տիրել իր ուժերուն որ քաոս մը կը ներկայացնէին այդ պահուն։ Կը խորհէր թէ կ՚անցնէր ամէն ինչ, բայց պէտք էր չթողուլ որ զղջումը հաստատուէր անոր տեղը։ Զղջումը՝ որ խէժի նման կը փակչի սիրտին մէկ անկիւնին եւ այլեւս փրթիլ չի գիտնար։ Կը մնայ հոն ծուարած, բոյն կապած, անդադար իր վրայ հրաւիրելով զինք կրողին ամբողջ ուշադրութիւնը։ Գիտէր այդ բանը, բայց քանի կը փորձէր զսպել իր խառնափնդոր ուժերը, կամքը աւելի՛ կը տկարանար, միտքը կը մթնագնէր՝ ցաւին յաջորդող անարգանքին զգացումէն։ Ու չգիտցաւ թէ ինչպէս պատահեցաւ. գիտէր միայն թէ գէշ բան մըն էր եղածը, երբ ձեռքը ինքնաբերաբար գնաց Վարսենիկին ու գետինը նետեց զինք։ Յանկարծ, փրթած չուանի մը նման, բոլորը մէջտեղ ինկան՝ Տկն. Արմտիքեանը, յետոյ Զապէլը, եւ ահա իրարանցում մըն է փրթաւ սենեակին մէջ։ Վարսենիկ ոտքի ելաւ կայծակի արագութեամբ, մօրը եւ քրոջը մէջ մտնելէն ոյժ առած, ու նետուեցաւ Ժեռմէնին վրայ։

— Ձգեցէ՛ք, պիտի խեղդե՛մ այս ջատուն, ձգեցէ՛ք … պիտի ըսեմ ամէն բան, սիրտիս միջինները ամէնն ալ պիտի ըսեմ այս ջատուին …

Իւրաքանչիւր բառին կ՚ընկերացնէր հարուած մը որ կ՚իյնար մէյ մը Ժեռմէնին կուրծքին, մէյ մը դէմքին։ Բայց արդէն Ժեռմէն գտած էր տիրակալութիւնը իր ուժերուն վրայ եւ չէր պատասխաներ այլեւս, ոչ խօսքով, ոչ ալ հարուածով. այնպէս որ՝ Վարսենիկ ազատ համարձակ ընթացք կու տար իր մոլուցքին։ Կատարեալ փոթորիկ մը։ Բայց երբ վայրկեան մը կեցաւ յոգնած, բարկաճայթ աչքերուն առջեւ պարզուեցան Ժեռմէնի կապոյտ ջուրերու գոյն աչքերը, որոնք կը լողային արցունքի մէյ մէկ խոշոր կաթիլի մէջ, ոչ այնքան կերած ծեծէն՝ որքան իր ներքին անծայրածիր պարապութենէն։ Արցունքի այդ կաթիլները չէին ուզեր վար գալ. կառչեր մնացեր էին երկար թարթիչներուն ծայրը, դողդոջուն ու բիւրեղային։

Փոքրիկ Կարպիսը կծկուեր էր մօրը սրունքին դէմ, դունչը կախած ու լալու պատրաստ։ Վարսենիկ բառեր փնտռեց տղուն համար ու չգտաւ։ Հիմա տեղի կ՚ունենար իր մէջ տարօրինակ բան մը, որ իրեն կու տար տեսակ մը գարշանք ամէն բանէ, եւ մանաւանդ ինքնիրմէն։ Չէր կրնար պաշտպանուիլ զինք ամբողջութեամբ պաշարող այդ զգացումին դէմ. ընդհակառակը, յամրօրէն կը խրէր անոր մէջ, ընկղմող նաւու մը պէս։

Ժեռմէն քաշուեցաւ իր սենեակը, հանդարտօրէն թափել կարենալու համար իր արցունքները։ Վարսենիկ մնաց միշտ անշարժ, նոյն տեղը, կարծես իրաւունք անգամ չունենար շարժելու. ա՛յնքան որ զրկուած ըլլալ կը կարծէր ինքզինք արժանապատուութեան տարրական զգացումէն։ Յանկարծ, ջղային ցնցում մը ունեցաւ. դարձաւ՝ ուժեղ ապտակ մը տուաւ տղուն, չէր գիտեր ինչու համար։

— Դո°ւն ալ, — պոռաց անոր, — ի՛նչ պոչէս կախուեր ես, գնա խաղա՛, գնա՛ …

— Համը փախցուցի՛ր, — ըսաւ Տկն. Արմըտիքեան, երբ ամէն ինչ խաղաղած կը թուէր այլեւս։

— Ասանկ բաներ կը պատահին, — ըսաւ Զապէլ, — կարեւորը սիրտ չկոտրելն է, անգամ մը որ սիրտը կոտրեցաւ …

Բայց չկրցաւ աւարտել խօսքը։ Նորէն ամպերը սկսած էին գորգոռալ դուրսը։ Կարծես երկինք ու երկիր իրարու խառնուեր՝ կռիւ կը մըղէին։ Նորէն կայծակը փալփլեցաւ պատուհաններու ապակիներուն վրայ։

— Երէկ գիշեր, — սկսաւ պատմել Տկն. Արմտիքեան, որ ինք ալ իր կարգին իմացեր էր դրացի ագարակապանուհիէն, կաթ առնելու գացած միջոցին, — երէկ գիշեր կայծակը վարի գիւղէն այծ մը եւ կով սպաններ է, իսկ գիւղին մէջտեղի հրապարակին հաստ ծառը սղոցի պէս երկուքի բաժներ նետեր է։

— Ա՛հ, քա՜, — ըրաւ Զապէլ, — ան հաստափոր սօսի՞ն՝ որ կ՚ըսեն թէ Նաբոլէոն տնկել տուեր է։ Ի՜նչ աղուոր ծառ էր, մօրուքը սանկ գետինը փռած՝ կաղանդ պապայի պէս …

Վարսենիկ բոլորովին անտարբեր կը մնար շուրջի խօսակցութիւններուն։ Փոթորիկին շառաչուն աղմուկը ծրարեր տարեր էր զինքը հեռուները։ Կզակը կը կափկափէր։ Յանկարծ, անդամները թեթեւ գալարում մը ունեցան, ու մէկէն, իրականութեան դարձի շարժումով մը, աղաղակեց.

— Ա՜խ, այս փոթորիկը, այս փոթորիկը։ Մայրի՛կ, ուրտեղնե՜րը բերիր մեզ։

                                                                           Մարսէյլ, 25․11․1949

  • Hits: 2953

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2021 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: