Նշան Պէշիկթաշլեան. Հատուածներ «Հայ աղբրտիք» ժողովածուից

Արթուր Անդրանիկեան

   <<Հայուն մէջ երկու հոգի կայ>>

Օր մը, եթէ Նշան Պէշիկթաշլեանը /1898-1972/ <<տեսնեմ>>՝ պիտի հարցնեմ.

-Մարդիկ մոռցա՞ծ են խնդալը...

-Խենթենալիք բան է, չես կրնար գաղափար կազմել. Մաշալլահ, ինչպէս կ՛ըսէին մեր կրօնապետերն ու կուսակցապետերը, երբ յաւելեալ ախորժակ փայփայելով... փայ-փայ կ՛ընէին հարազատ պապերու, հայրերու կողմէ ժառանգուածը: Կը խնդա՞ք, համամիտ ըլլալով, թէ՞ վերին ու վարին նպատակները յիշելով... չէ՞ք կարծեր, որ հանդարտ կեցող մը չենք ու այդպէս ալ պէտք է ինքնասփոփուինք, էֆէնտում,- պիտի դժգոհէ պարոն Նշանը:

Բայց Ձեր դրախտէն մռայլութեան մարտիրոսներ չեն մնացած, չնայած երեկ, պահիկ մը աւելի խոհուն, քան անգիտակից մէկու մը հանդիպեցայ զոր ինծի իրաւունք տուաւ շահագործելու դրախտէն դժոխք տարագրուածներուն: Ըսել կ’ուզեմ Հայաստան արտագաղթածներուն, չնայած հիմա Հայաստանէն կ’արտագաղթեն՝ դրախտի տեղն ալ չեն գիտեր, թերեւս, դրախտը դժոխքի նկատմամբ անտարբեր է, ինչպէս կին մը իր գրագէտ ամուսնոյն նկատմամբ սպառած է իր չափաբաժին սեթեւեթանքը: Բայց կարելի բան չէ. երկու օրէ ի վեր տիկինի ժպիտը դէմքին վրայ մեռած է. ամուսինն ալ չի կրնար ապրիլ անժպիտ-անտիկին: Ասիկա բացատրելի ցնծութիւն մըն է, վասնզի տիկինը շատոնց չէր լռած, լռած ատեն ալ հիմնովին չէր լռած, այլ խօսած էր իր պահանջմունքներէն եւ պահանջած էր ինքն ալ չէր գիտեր բանե՜ր, բանե՜ր, ինչ բանե՜ր... Կիները ուր ալ ըլլան, որքան ատեն ալ լռեն՝ նորէն կը խօսին, այր մարդիկ ալ կը պատրաստուին խաղաղութենէն ետք յեղափոխական շարժում մը ընելու: Ես շատոնց լուր չունիմ անոնցմէ, զորս կուսակցական կը խնդան ու առաւել գործնական կը կեղծեն, երկարօրէն ու հիմարական, բան մը չհասկցնելու պէս՝ միշտ կ’ուզեն իրենց մեկնած ձեռքին մէջ դրամ գտնիլ եւ դրամապէս փարուիլ դիմացինին. իրենց չգիտցած հայերէնի միջոցաւ պարապ ապուշի զբաղում մը գտնիլ: Բայց ես ասոնց յուսախաբ չեմ ընէ, պարոն Նշան, կ’ուզեմ որ անոնք ալ մոռնանզիս, որ ստիպուած երեւակայեմ, թէ ինչպէ՞ս կը խնդայի, երբ դժոխքի դուռը կիսաբաց եղած ատեն, անուղղակի կերպով կ’ենթադրէի որ հոն եմ, հոն, ու մարմինս ալ տակաւին չէի լքած, թեթեւ ծանրութիւններ քարշ տալով կը խնդայի՝ կ’ուզէի քանի մը անտիպ բանաստեղծներու հաճոյախօսիլ.

-Դուք տակաւին չէ՞ք կարդացած ձեր վսեմաղօղանջ քերթուածները, պարոնայք... մութին մէջ, կը ներէք... ես ալ չեմ կարդացած: Այս վիճակին մէջ լաւագոյնը կամ առաւելագոյնը կ’ըլլայ... հայերէն խնդալը... բայց դուք կը լռէ՞ք, թէ՞ մոռցած էք խնդալը. ես դժոխապահի զգայնութեամբ ձեզի կը դիմեմ, չեմ համարձակիր նօթագրել ձեր լռութիւնը, ոչ ալ կը մոռնամ, կը խորհիմ, որ անխնդուք՝ ամէն տեղ ամայութիւն կը տիրէ. քնանալու պէս բան մը: Արդեօք քնացած ատեն կը խորհի՞ք, թէ՞ կը գրէք՝ խուսափելու համար խորհելիքէն. երանութիւն մը: Այն ատեն, ձեր գրածներէն երջանիկ կ’զգամ ինքզինքս, վասնզի չեմ կարդացած, բայց կ’ըսեմ հարկ եղած ատեն՝ հաճոյքով կարդացուեցաւ... ուրիշներու մտքերու ուր գտնուիլն ալ հրապարակաւ կը յայտնեմ...

Օր մը, եթէ Նշան Պէշիկթաշլեանը <<տեսնեմ>>՝ ազատութիւն պիտի տամ շլմորած մտքերուս.

-Պարոն Նշան, նորէն պիտի համարձակիմ Ձեզի դիմել, թոյլ կու տա՞ք հրաժարիլ խնդուքէն, ես ալ մարդ մըն եմ, Հայաստան կ’ապրիմ՝ կ’ուզեմ մոռնալ խնդալը ու ազատ ժամերըս պարապ չանցնեմ:

-<<Հայրենակից, աննման դուրս եկար իբրեւ Հայ: Խրատ մը տամ քեզի. մի հաւնիր ոչ մէկ մարդու, մանաւանդ հայ ազգին պատկանող հիմարներուն ու յամառներուն...>>

-Պարոն Նշան, ես ներսէն քննած եմ ամէն բան, Դուք դուրսէն...

 

Նշան Պէշիկթաշլեան

Հատուածներ «Հայ աղբրտիք» ժողովածուից

 

Կ. ՊՈԼՍԵՑԻՆ

«Զո՞րն ասեմ կամ զո՞րն խոստովանիմ»

Բաբելոնէն Բիւզանդիոն գաղթած վհուկ մը տարօրինակ հաւաքածոյ մը կը կազմէ՝ ի մի բերելով Կեսարացիի մը գլուխը, Ակնցիի մը ուղեղը, Վանեցիի մը ջիղերը, Կարնեցիի մը բերանը, Խրիմցիի մը կոկորդը, Խարբերդցիի մը ճկունութիւնը, Պիթլիսցիի մը արիւնը, Պրուսացիի մը կուրծքը, Չէնկիլերցիի մը ձեռքը, Կիլիկեցիի մը սիրտն ու լեզուն եւայլն, եւայլն, եւայլն։

Դժոխքէն թարմ կրակ բերել կուտայ, որոնց վրայ կը զետեղէ ահագին կաթսայ մը` մէջը լեցնելով առատ Տէրքոզի ջուր եւ իր ժողովածոն կը թափէ ու կը խաշէ։ Եփ մը գալէ վերջ կ՚աւելցնէ Ճենովացիի մը աչքն ու ականջը, քիթն ու քիմքը եւ երիկամունքը, Եէնիչէրիի մը խռչափողն ու ստամոքսը, ինչպէս նաեւ Ֆրէնկի մը փայլուն մորթը, սատանայի մըն ալ պոչը ու կը սկսի խառնել։

Ու մեր թուած նիւթերով կազմուած մածոյցէն Բաբելացի վհուկը կը շինէ մարդ մը, որուն անունն է Պոլսեցի։

Երբ կը ծնի գաւառակազմ Պոլսեցին, իր առաջին ու սրբազան պարտականութիւնը կ’ընէ չհաւնիլ իր նախահարց եւ նկատել ինքզինքը նրբենի, տաշեալ, եփեալ ու աղեալ կատարելատիպ Հայը։

Եթէ յանուն գիտական հետազօտութեան, պատռենք Պոլսահայուն մարմինը` նայելու համար, թէ «ինչե՜ր կերած է», պիտի գտնենք ահագին քանակութեամբ մահալլէպի, անուշապուր, զէրտէ, փելթէ, որթի տերեւ, սմբուկ, բրինձ, առատ լուբիա, փալամուտ, ջուր, օղի, նորէն օղի ու նորէն ջուր, հազար, վարունգ եւ գաւառացիի միս։

Պիտի տեսնենք, որ Պոլսեցին տակաւին կերած կամ կլլած է ընթերցասիրութիւնը, եղբայրասիրութիւնը, բայց մանաւանդ` հայրենասիրութիւնը։

*

Պոլսահայը շատ կը սիրէ Աստուածամայրը, բնութիւնը եւ օղին։

Կը սիրէ Աստուածամայրը, ինչ գոյն ալ ունենայ ան։ Արաբ Աստուածամայր, թուխ Աստուածամայր, կաթի կամ ոսկիի պէս Աստուածամայր։

Պոլսեցին, եթէ Աստուածամօր նայի, միտքը կ’իյնայ օղին։ Իսկ եթէ օղի խմէ, ամէն կին իրեն Աստուածամայր կ’երեւի։

Իսկ եթէ բնութեան մէջ ըլլայ, կ’աղաղակէ յափշտակուած.

-Ծօ՛, աս ինչ աղուոր տեղ է հոս։ Մե՜ղք, մե՜ղք, մե՜ղք։ Շիշէ մը օղի, պնակ մը տոլմա եւ Աստուածամայր մը եթէ ըլլար, հիմա սաստեղը հանդիսաւոր պատարագ մը կ’ընէինք։

Պոլսեցին Աստուածամայրը հեթանոսացուցած է, հեթանոսութիւնը յաջողապէս քրիստոնէացնելու համար։ Եւ վասն թողութեան մեղաց։

*

Պոլսեցին կամ պաշտօնեայ է (պանքայի գրագիր), կամ արհեստաւոր եւ կամ արուեստագէտ։ Վերջին երկու պարագային ալ ծոյլ։ Երբ գործէ, կ’աշխատի արագ ու լաւ։

Աստուած վեց օր աշխատած է երկինքն ու երկիրը ստեղծելու համար, իսկ ամբողջ օր մը տուած է միայն Պոլիսը շինելու համար` իր հէքեաթագեղ ջուրերով, կղզիներով, բարձունքներով ու լուսախաղերով։ Այս մոգական միջավայրին մէջ ծնած ըլլալով՝ բանաստեղծ է Պոլսեցին։ Ու չկայ Պոլսեցի մը, որ սիրային ոտանաւոր մը գրած ու զայն տասը օրիորդի նուիրած չըլլայ։

Պոլսեցին բացառիկ ընդունակութիւն ունի երաժշտութեան համար։ Չկայ Պոլսեցի մը, որ դաշնակի վրայ անխնայ զարկած չըլլայ Շոփէնը, Շումանը, Շուպէրթը, Պախը, Պէթհովէնը եւ Շահիր Պիւրհան պէյի կտորները։

Անկարելի է գտնել Պոլսեցի մը որ չունենայ դերասանական տաղանդ։ Ահա թէ ինչու հայ թատրոնի պաշտօնական ծագումն ու ծաղկումը տեղի ունեցած է Պոլսոյ մէջ։ Ճշդագոյնը ըսած կ’ըլլանք, եթէ արձանագրենք, որ Պոլսեցին կեանքի գերագոյն դերասանութեան անընդունակներն է, որ յանձնած է թատերական բեմին։

*

Հակառակ իր ունեցած շնորհաց ծաղիկներուն՝ գաւառացի մեր քոյրերն ու եղբայրները, ընդհանրապէս եւ բնականաբար, չեն սիրեր Պոլսեցին։ Եւ սակայն շուտ կը սիրահարին իրենց չսիրած Պոլսեցիին։ Եւ ասիկա կեանքի առեղծուածներէն չէ։ Կը սիրահարին` գիտնալով, որ Պոլսեցին անառակ որդին է ազգին։ Աւետարանի անառակ որդիին պէս խոզարած չէ սակայն Պոլսեցին։ Ան ալ խոզ ունի հարկաւ. միայն թէ Պոլսեցին խոզը իր ներսը կը պահէ կամ կ’արածէ։

*

Քանի մը տարի առաջ լուր ելաւ, թէ հին հնդկահայ հարուստ մը` Էմիրխանեան, ահագին գումար մը ձգած էր իր ժառանգորդներուն, որոնք կը փնտռուին։ Այս լուրը լսած-չլսած, գրեթէ ամբողջ պոլսահայութիւնը, վայրկենապէս եղաւ… «Էմիրխանեան»։

Պոլսեցին ճկուն է, գիտէ անմիջապէս հանուիլ ու հագուիլ ամէն տարազ, ամէն անուն, ո՛ր երկրին, ազգին ու կրօնքին ալ պատկանի։

Այդ շրջանին Պոլսահայ ո՛ր հայրենակցիս ալ նամակ գրէի, զինքը կ’անուանէի հարազատ «Էմիրխանեան»` մեծ խնդութիւն պատճառելով իրեն։

Վաղը միւս օր եթէ Թեթեւեան կամ Այլասէրեան անունով հարուստներ մեռնին, ամբողջ պոլսահայութիւնը կ’ըլլայ Թեթեւեան ու Այլասէրեան։ Եւ սուտ խօսած չըլլար։

*

Պոլսեցին ընդհանրապէս ազգասէր է, բայց ոչ հայրենասէր։ Այս վերջին տարիներս եղած է «Հայաստանասէր» եւ ի՞նչու չըլլայ, քանի որ հեռու է Հայաստանէն` գտնուելով Պոլիս կամ արտասահման։

 

Հայաստանը իրեն համար «դրախտավայր» է ու նկարի մը պէս գեղեցիկ է, որքան ատեն որ հեռու է իրմէ։

Պղատոնական յուզիչ սիրով մը, ան, մերթ ընդ մերթ, ինքզինքը կապուած կը զգայ «երիտասարդ» կամ «մայր» Հայաստանին։

Իսկ եթէ մօտենայ տիկին Հայաստանին, նորէն կը սիրէ անշուշտ, սակայն ոչ նախկին վիպապաշտ թափով եւ ոչ ամէն օր։

Պոլսեցիին համար «յաւիտենական սէր»էն աւելի տաժանելի բան քիչ կայ։ Ցմահ սէրը զինքը կը տանի միօրինակութեան։ Եւ Պոլսեցին անօրինակ Հայ մըն է։

Ան քաջառողջ է` իբրեւ Բիւզանդացի, հիւանդ է` իբրեւ Հայ ու թաղած են զինքը իբրեւ Հայաստանցի։

Կրնայ յարութիւն առնել, իբրեւ հայ քրիստոնեայ, եթէ կազմուի մեծ Հայաստան մը, ամէն յարմարութիւններով, բոլոր հանգստաւէտութեամբ։ Սանկ երիտասարդուհի Հայաստան մը` ընկողմանած սնդուսներու, մետաքսներու, ժանեակներու եւ ժապաւէններու մէջ։ Ահա այն ժամանակ Պոլսեցին կ’երթայ Հայաստան` իբրեւ կնամեծար կամ շրջիկ. կը յուզուի, կը փղձկի, կը գրէ ոտանաւորներ, նուէրներ ալ կ’ընէ եւ քաջաբար ակռայ մըն ալ քաշել կուտայ այնտեղ, իր արիւնով ալ ոռոգած ըլլալու համար իր «անուշիկ» հայրենիքին հողը։

Պոլսեցիին բերնին մէջ հայերէնը նուրբ է, անոյշ եւ մշակուած, երբ, անշուշտ, գրական լեզուով կը խօսի։ Իր սեփականութեանց ամէնէն ներկայանալի մասն է ան։ Մեղք սակայն, որ Պոլսեցիին յիշողութիւնը տկար է եւ իր աննման հայերէնը շուտ կը մոռնայ։

Պոլսեցին երբ ըսէ.

-Հայերէնը դժուար կը խօսիմ…

Ըսել կ’ուզէ.

-Ֆրանսերէնը սահուն կը խօսիմ…

Իսկ երբ ըսէ.

-Հայերէն չեմ գիտեր.

Ըսել կ’ուզէ.

-Լեզուագէտ եմ։

Ճիշդ է, որ Պոլսեցին յառաջացած է լեզուագիտութեան մէջ, ինչպէս լեզուագարութեան։

*

Պոլսեցին երկար-բարակ բաներ շատ ունի։ Հասակը երկար է, միտքն ալ երկար է, ձայնը երկար է, ոտքը երկար է ու, մարմինը համաչափ ըլլալով, ձեռքն ալ երկար է։ Չկարծուի, թէ ձեռքը երկար ըլլալուն համար՝ կը գողնայ վանքին հաւերը։ Քաւ լիցի։ Ան ողջ հաւուն չի դպիր ու չի մորթեր։ Սիրտը փափուկ է։ Բարեսիրաբար սակայն կը թռցնէ… մորթուած հաւերը։ Մեղքը մորթողին վիզը։

*

Պոլսեցիին «հոսհոս» կ’ըսեն` ծաղրական մակդիրով։ Պոլսեցին հոս է, «Հոսհոս» ըսողն ալ յաճախ Հոն մըն է։

*

Պոլսեցիին համար վաստակաւոր հայհոյող մըն է, կ’ըսեն։

Եթէ այդքան ըլլար, անսովոր մէկը պիտի չըլլար Պոլսեցին, քանի որ հայհոյելու մասնագիտութիւնը առանձնաշնորհ չունի միջազգային հրապարակներուն վրայ։

Պոլսեցին հայհոյակապուտ մըն է, եթէ այս բառիս դէմ չհայհոյէ Երուանդ Տէր Անդրէասեան։

Բացատրենք։

Քէմալական կառավարութիւնը մէկ քանի տարի առաջ պաշտօն տուաւ ափ մը թուրք մտաւորականներու, որ հաւաքեն թրքական հէքեաթները (աննախընթաց կերպով ճոխ), առակները, առածները, անէծքներն ու բազմապիսի հայհոյութիւնները։

Ու բանահաւաքները կը սկսին գործի։ Երբ կարգը կուգայ հայհոյութեանց, անոնք զարմանալով կը տեսնեն, որ երկրին մէկ ծայրէն միւսը ու մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, թրքական հայհոյութիւն գրեթէ չէ մնացած։ Ո՞վ առած էր, ե՞րբ առած էր եւ ո՞ւր տարած էր զանոնք։ Ահագին փնտռտուք։ Անօգուտ բան։ Լուր կը տրուի ոստիկանութեան։ Խուզարկութիւններ կ’ըլլան։ Նորէն անօգուտ։ Վերջապէս մաքսային պաշտօնեաները կը բացատրեն ամէն բան՝ ըսելով.

-Իւրաքանչիւր Պոլսահայ Պոլսէն փախած ժամանակ իր հետ տարած է հինգ-տասը սնտուկ թրքական հայհոյութիւն։

-Եւ դուք չարգիլեցի՞ք։

-Ըսին, թէ այդ հայհոյութիւնները իրենց էութեան անբաժան մասը կը կազմեն։

-Վա՜յ հընզըրներ, վա՜յ գողեր…

-Կ’երեւի պարապ ձեռք երթալ չէին ուզեր Ֆրանսացիին կամ Ամերիկացիին մօտ։

Արտասահմանի մէջ քննութիւն մը կը կատարուի` ստուգելու համար պաշտօնեաներուն ըսածը։

Ու կը հաստատուի։ Այո՛, Պոլսահայերը շորթած էին թրքական հայհոյութեանց հատընտիր հաւաքածոն, տարիներով արտածում կատարած, իրենց գացած տեղերը չարաչար գործածած այդ լուտանքները եւ մինչեւ անգամ օտարներուն գործածել տուած։

*

Պոլսեցին, Վոսփորի եզերքը ծնած ըլլալով, շատ կը սիրէ նեղուցը, ինք ալ արդէն նեղուց մըն է, որ իրարմէ կը բաժնէ կնիկը եւ էրիկը ու իրար կը միացնէ շատակերութիւնը եւ շատախօսութիւնը։

*

Եթէ արձանագործ ըլլայի, պիտի շինէի Պոլսեցիին արձանը հետեւեալ ձեւով.

Պատուանդան մը, որ պիտի ներկայացնէր Վլանկայի վարունգի արտը։ Անոր մէջ կանգնած Պոլսեցին։ Արձանները մերկ կը շինեն ընդհանրապէս։ Իմ քանդակելիք Պոլսեցիս, թէեւ Ադամի մը պիտի նմանէր իր բոպիկութեամբ եւ մերկանդամութեամբ, սակայն, հագած պիտի ըլլար վարտիք, շապիկ մը կամ գիշերանոց մը։

Վերամբարձ աջ ձեռքին մէջ պիտի ունենար բոցավառ եւ ջահաձեւ օղիի շիշ մը։

Ձախ ձեռքին մէջ անմահութեան բաժակը։

Պոլսեցին իր կռնակը դարձուցած պիտի ըլլար Արեւելքին… յանուն յառաջդիմութեան։

Բերանը բաց ու պոռալու ձեւ մը պիտի ունենար։ Իր աղաղակէն ուզողը իր ուզածը կրնայ հասկնալ. օրինակ՝

-Հրդե՜հ կայ…

-Կեցցէ՜ բլբուլ գետի քաջ խումբը…

-Մուխը կը մարենք այրողներուն…

-Անկցի՜ն գինետունին ապակիները…

Արձանին ներքեւի մասին մէջ պիտի քանդակէի հանենտէ Արթաքիի արեւելանուագի խումբը` բազմած ծաղկեալ սեղանի մը առջեւ, կշռոյթ տալով Պոլսեցիին ձայնին ու քայլին։

Արեւելանուագին առջեւ պիտի պարէին, պորտախաղով, Ս. Սարգիսը եւ Ս. Կոյս Հռիփսիմէն։

Պոլսեցին կոխած պիտի ըլլար վիշապաձեւ փալամուտներու կոյտի մը վրայ։

Ու իր ճակտին շուրջ պիտի ունենար պսակ մը՝ կազմուած փորը լեցուած սմբուկներէ, դդումներէ եւ լոլիկներէ։

 

ՎԱՆԵՑԻՆ

Աստուած, երկու Հրեայ, մէկ ամբողջ Հայ եւ կէս Քիւրտ իրար խառնելով, ստեղծած է Վանեցին։

Ստեղծած է՝ գլուխը տափակ ու միտքը սուր։

Տէրը երգիչ ստեղծած է Վանեցին, սակայն, փոխանակ անոր կոկորդին մէջ սոխակ մը դնելու, սխալմամբ ագռաւ մը խոթած է։ Վանեցին իր կոկորդի ագռաւը իբր սոխակ յաջողած է ծախել, քանի մը անգամ։ Այդ պատճառով ալ Աստուած իր սխալը չէ դարմանած։

Երկնաւոր հայրը Վանեցիին առոգանութեան տուած է եզական բան մը. Վանեցին խօսած ատեն, կարծես ունի բերնին մէջ տառեխ ձուկ մը, իսկ իր կոկորդին մէջ` ճանկրտող կատու մը։

Երբ կը խօսի բարկացած, կարծես Վանայ ծովն է, որ փոթորկած է ու կլլած Աղթամար կղզին, վանքովը ու հաւերովը միասին։ Վանեցին ամէն բան կրնայ կեղծել, սակայն ոչ ուրիշին առոգանութիւնը։ Ոչ ոք ալ չի կրնար կեղծել Վանեցիին առոգանութիւնը։

Ապուշ Վանեցի մը (հազիւ մէկ քանի հատ ծնած) կրնայ խաբել հարիւր սատանայ։ Խելացի Վանեցի մը կրնայ սառոյցը իբրեւ կրակ ծախել։ Տակաւին չէ ծնած Վանեցի մը, սակայն, որ կարենայ խաբել… հայրենակից մը։

Վանեցիին սիրտը ոսկի, հոգին ոսկի, աստուածը ոսկի է։ Ան կը բանի կամ ոսկիի տակ, կամ ոսկիի վրայ։

Վանեցիին քսակը գոց է, սակայն, սեղանը` բաց։ Ձեռքը գոց է, բերանը` բաց։ Գլուխը գոց է, ճակատը` բաց։ Վանեցիին ականջը գոց է, սակայն, աչքը շատ բաց։

Վանեցին առեւտրական է, խոհարար է, ոսկերիչ է, խաչավաճառ է։ Ամէն Վանեցի, սակայն, կամ յեղափոխական է եւ կամ մտաւորական։ Յաճախ` երկուքը միասին։ Իւրաքանչիւր յեղափոխական հերոս է, իւրաքանչիւր մտաւորական ալ` գրող։

Վանեցին գրելու համար երբ ծածկանուն գործածէ, գրեթէ անպայման «Վան» բառը կամ վանկը կը դնէ իր ստորագրութեան մէջ։ Օրինակներ. Սօս Վանի, Վահան Վանիկ, Արտաշէս Վանարեան, Ոստանիկ Վանիտէ, Վարդան Վաննօ, Աշոտ Վանդար, Խորէն Սիրվան, Նշան Վանդակունի, Մարգար Վանեանց, Հայկ Վանատուր, Աւետիս Վանակն, Գարեգին Վանթրը, Սահակ Վանօ, Պօղոս Վանթէ, Պետրոս Վանթուզ, Վրոյր Վանթիլաթէոր, Աբրահամ Վաներէց, Արշամ Վանումեանց, Սարգիս Վանողեան, Գուրգէն Վանթրըպլէօ, Վահրամ Վանթրիւքիւլ, Նշան Վանթրիլոկ, Աւետիս Վանթրիւ, Վահան Վանթրույեէ, Վարազդատ Վանտալ, Հայ Վանական։

Վանեցի գերդաստանի մը մէջ յաճախ մէկ հոգի դաշնակցական է, մէկ հոգի` ռամկավար, մէկ հոգի` հնչակեան, մէկ հոգի ալ` համայնավար։ Դաշնակցականը կ’ըլլայ թթու, համայնավարը` կծու, հնչակեանը` կծկուած ու ռամկավարը` թթուած։ Իսկ մէկ հոգի ալ անպատճառ չէզոք է` նոր կուսակցութիւն մը կազմուելու պարագային մէջը խոթելու համար իր ուժեղ քիթը։

Ամէն կուսակցութիւն տկարակազմ է առանց Վանեցիին։ Այս պատճառով է, որ Խ. Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ համայնավար Վանեցիներ, արտասահմանի մէջ ալ` շատ Դաշնակցական Վանեցիներ։ Ոմանք կ’ըսեն, թէ Վանեցին է, որ իր զօրութիւնը կ’առնէ կազմակերպութենէ։ Մէկ բան բացարձակ է, որ Վանեցին ուժեղ ազգային մըն է, փոյթ չէ, թէ ուրկէ կը մատակարարէ իր ոյժը, աջէ՞ն, թէ ձախէն, վերէ՞ն, թէ վարէն, քաւարանէ՞ն, թէ դժոխքէն, ներսէ՞ն, թէ դուրսէն եւ կամ ամէն կողմէն։

Վանեցին ծնունդ տուած է երկու մեծ կազմակերպութիւններու. առաջին՝ արմէնօ-հրէական միութեան, երկրորդ՝ արմէնօ-հայկական եղբայրակցութեան։

Մինչ Սամսոնցիները կ’ուզեն հիմնել սամսոնականութիւնը, Կեսարացիները կ’ուզեն ստեղծել կեսարականութիւնը, Ակնցիները կ’ուզեն վերականգնել ակնընդականութիւնը եւ Տարօնցիները կը ճգնին առաջ բերել տարօնականութիւնը, Վանեցիները, ընդհակառակն, կ’ուզեն քանդել… վանականութիւնը։

Վանեցին որբ հայութեան տուած է Հայրիկ մը։ Հայութիւնը, սակայն, որբ Վանեցիին մայրիկ մը չտալէ զատ, կնիկ մը տալն իսկ յաճախ շատ կը տեսնէ։

Պոլսեցին, եթէ շոգենաւով Պաթումի առջեւէն անցնի, կը սկսի խօսիլ ռուսահայերէն։ Վանեցին, սակայն, եթէ նայուածքով մը Պաթումի քարտէսին վրայէն անցնի, կը սկսի ճառել ռուսահայերէն։

Վանեցին նաթիւրալիզէ ռուսահայ է։

Վանեցին անձուլելի, անպատուաստելի, անբաղադրելի է, սակայն, իբրեւ Հայ։ Եթէ օր մը բոլոր Հայերը օտարանան, Վանեցին է, որ Հայ պիտի մնայ յաւիտեան ու կենդանի պիտի պահէ հայութիւնը։

Այս պարագան Վանեցին ինքն ալ գիտէ լռելեայն։ Այս պատճառով քիթը մեծ է։ Աստուած միայն գիտէ, թէ այդ քիթը ո՛ւր կը սկսի եւ ո՛ւր կը վերջանայ։

Վանեցիին քիթին վրայ արեւը մարը չի մտներ։

 

  • Hits: 1170

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: