Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Յակոբ Ասատուրեան
Կեսարիա, 1903-2003, Նիւ Ջերսի (ԱՄՆ)
2003 թուականին ամերիկեան համայնքը արժանաւորապէս, խորին կսկիծով հրաժեշտ կու տար սփիւռքեան գրականութեան «ամենաերկարակեաց կաղնիին»՝ բանաստեղծ, վիպասան, հրապարակագիր, երաժշտագէտ, Յակոբ Ասատուրեանին՝ 100-ամեայ յոբելեանը լրանալէն ամիսներ յետոյ։ Ասիկա աննախադէպ իրողութիւն մըն էր ընդհարնապէս հայ գրականութեան պատմութեան խորապատկերի վրայ․․․
Յակոբ Ասատուրեանը անհատականութիւն մըն էր, ըլլալով Մեծ եղեռն վերապրած սերունդէն․ հոգիի եւ մարմինի զօրութիւն, կորով դրսեւորած անհատականութիւն մը, զոր գիտակցումն ունէր․ «Կ՛ապրինք կրկին ազգին առաքինութիւններով ու կիրքերով», ասիկա տարիներ անընդմէջ իր պատգամը եղած էր՝ հայրենասիրութեան հորիզոններէն ներկայանալի հայութեան սէրովը դրոշմուած․․․ եւ որքան ալ Մեծ եղեռնի արհաւիրքներէն պատանիի իր յիշողութիւններէն անձերբազատ, բայց իրապաշտ ըլլալով՝ փայփայած էր այն բաղձանքը․ «ապրինք, որ ազգի տոկունութիւնը իրականութեան մէջ դրսեւորուի»։
Սկզբունք մը՝ հաւատոյ հանգանակի նշանակութիւն եւ նշանառութիւն ունենալէ զատ նաեւ ոգեկոչումի արդիաշունչ եղանակաւորում ստացած էր որ մշտարթուն կը պահէ Հայու յիշողութիւնը․․․
Մեծ եղեռնի սահմռկեցուցիչ արհաւիրքներ, տարագրութիւն՝ ընտանեօք հանդերձ, գաղթաշխարհի տեսարաններ՝ սովատանջ ու տանջահար։ Մօր, երկու քոյրերու մահը եւ․․․ ճակատագրի կամօք մնացորդաց բեկորներու հետ շարք մը երկիրներ հանգրուանելու պատեհութիւն։ Կարելի չէ անցնիլ այլ նկարագրականներու՝ պատկերելու համար ժամանակաշրջանի մը ալեկոծութիւններու շարունակական ընթացքը։
Միջանկեալ նշում մը․ անկարելի է մոռնալ, որ Կիլիկիոյ /Ատանայ/ կոտորածներէն ետք, Պօղոս Նուպար յատուկ յանձնարարութեամբ մը Զապէլ Եսայեանը կը գործուղէ Կիլիկիա՝ որբախնամ առաքելութեան։ Այդ եւ հետագայ տարիներուն ուրիշներ ալ՝ արուեստի, գրականութեան երախտաւորներ իրենց ծաւալած հայանուէր գործունեութեամբ չափազանց նպաստած են՝ կազմակերպած որբ երեխաներու խնամքը։ Մնացորդաց սերունդը հետագային անոնցմով ձեւաւորուեց։ Զօրավար Անդրանիկի փափաքը՝ «Մէկ հայ՝ մէկ ոսկի» պատգամ մըն էր նախ եւ առաջ։ Պատանի Յակոբը այդ բազում երեխաներու սերունդէն էր, որոնք պէտք է Հայու արմատախրումին նպաստաբեր ըլլային՝ նորակազմաւոր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ։ Այս առումով յատկապէս Յ․Ասատուրեանի եռագրութեան առաջին հատորի՝ «Յովակիմի թոռները» վէպի վիպական ատաղձի ցեղային կարողութիւններու արթնացումին ազդակը կը յարուցանէին։
Ականատեսի վկայութիւններու գեղարուեստայան շարադրանքը անգամ մը եւս այդ սահմռկեցուցիչ տարիներու հայ մարդոց տոկունութեան ու ինքնավստահութեան վավերական նկարագիրները կը ներկայացնէին։
Չափազանց հետաքրքրական է այն հանգամանքը որ Յակոբ Ասատուրեանի փորձառութեանը «ընձեռնուած» է ժամանակագրական-շարունակական զարգացումներ ապահոված է՝ գրողական անխախտ դիրքորոշում մը, կարելի է ըսել՝ խիզախում մը։ Այդ յաջորդականութեան ընդմէջէն վէպերու միտք բանին ամբողջական ներկայացնելէ, պարզ տիպարներու անցեալ-ներկայ կեանքի որոշ դրուագներու հոգեցունց մատուցումով մը․․․
Ամեն մէկ կերպար, ըլլայ երեխայ, տարեց, այր, կին, հայու ճակատագրակիրներ են իրենց նկարագիրներով՝ թշուառութեանց բեռը թոթափած։
Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը հետեղեռնեայ տարիներուն, ուր կայք կը գտնի պատանի Յակոբը, վերածուած էր հայ որբերու բարեխնամ ապաստարանի մը։ Այսօրինակ տաժանելի կեանք մը վիճակուած էր ապրելու, տոկալու, բայց ներքին հակազդող ոգի մը զինքը արտաքին աշխարհին նկատմամբ թշնամութեամբ չէր տրամադրած, այլ տոկունութեամբ կ՛ապրէր, մինչեւ 1920թ․ ԱՄՆ հաստատուիլը։
Այս տարիներէն իսկ Կոլումբիայի համալսարանի գիշերային դասընթացքներու ուսումնառութենէն սկսեալ /1928թ․/ աստիճանաբար կը կազմաւորուի մանկութենէն իր մէջ «սողոսկած» տաղանդը, զոր տածած էր երաժշտութեան, երգարուեստի եւ գրականութեան նկատմամբ։
30-ական թուականներուն Յակոբ Ասատուրեանը ամերիկահայ տարբեր բեմերու վրայ կը ներկայացնէ հայ դասական երաժշտութենէն նմուշներ՝ Կոմիտասէն, Ռոմանոս Մէլիքեանէն, Բարսեղ Կանաչեանէն։ Յատկապէս ամերիկահայութիւնը մեծապէս տպաւորուած էր Ալան Յովհաննէսի մշակած ժողովրդական մեղեդիներու Ասատուրեանական մեկնաբանութիւններով։ Եւ 1947թ․ կը թողարկուի «Հայ երգ» ձայնասկաւառակը, զոր համընդհանուր ընդունելութեան կարժանանայ։
Ընդհանրապէս նորակազմաւոր սփիւռքեան պայմաններու մէջ յատկապէս հայ մտաւորականներու ճակատագրին «մանրակերտը» եթէ ներկայացնելու ըլլանք, չենք կրնար խուսափիլ գաղթ, տեղահանութիւն, պարզ բանուորի տքնաջան աշխատութիւն, ուսման ծարաւը յագեցնելու յաջողուած եւ, ինչու ոչ, անյաջող փորձեր, զորս սերունդի մը դառնութիւններ կը յատկանշեն։ Յ․Ասատուրեանը ապրած է այս ամենը, եւ ի վերջոյ, ի գին ամեն բանի՝ ստեղծագործաբար վերապրած։ Բանաստեղծութիւններու ժողովածուները եւ արձակ հատորները իր անձկագին փափաքի վկայութիւնները ըլլալով կը յատկանշեն նուիրուածութիւն մը զոր տածած է վասն կորսուած հարազատներու, տեղահանուած հայրենակիցներու յիշատակն յաւերժացնելու սիրոյ։
Ապրած ըլլալով տառապալից, ոգեզուրկ տարիներ, նոյնիսկ իր մերձաւորներու համար ալ անհաւատալի կը թուէր 1923թ․ «Հայաստանի կոչնակ» շաբաթաթերթին մէջ Յ․Յ․Ա․ ստորագրութիւնով բանաստեղծութիւններու շարքը։ Իրապէս զարմանայարոյց․ 1935-38 թուականներէն «Նոր գիր» հանդէսի մէջ կը տպագրուին ոչ միայն բանաստեղծութիւններ ու արձակ էջեր, այլ նաեւ գրադատական, հրապարակագրական յօդուածներ ազգային-հանրային խնդիրներու վերաբերող վերլուծական էջեր։
Յակոբ Ասատուրեանի հրատարակածներէն կրնանք առանձնացնել հետեւեալ հատորները․ «Անդաստան» /բանաստեղծութիւններ, 1946/, «Կոմիտաս Վարդապետ եւ հայ երգը» /ուսումասիրութիւն, 1962/, «Քարի եւ հողի պատմութիւն» /Հայաստանի իր այցելութեան վկայութիւններ, մշակութային խորհրդածութիւններ, 1969/։
Այսուհանդերձ, թեկուզ հպանցիկ չենք կրնար չանդրադառնալ Յակոբ Ասատուրեանի »հայ մարդուն վերապահուած» եռագրութեանը։ Վիպաշար մը, զոր իրադարձութեանց երկարաձգուող, շղթայաձեւ զարգացումներու եւ անխորտակ բաղձանքներու «ճամբայ» մըն է՝ սերունդէ սերունդ յաջորդաբար փոխանցելի դէմքերու, դէպքերու բազմաշերտ «խճողումներով»։ Ի վերջոյ հայութեան յաւիտենականութեան նկատմամբ անկասկածելի հաւատքով լեցուն․ «Յովակիմի թոռները» /1965/, «Յովակիմի թոռնորդիները» /1982/ եւ «Տօ լաճ տնաւէր» /1986/։ Վէպեր, զորս սփիւռքեան գրականութեան պատմութեան մէջ արժանաւորապէս վաւերական ճշմարտութիւններ արտացոլեցնող վիպական ճարտարապետուած կառոյցներ են։
Յակոբ Ասատուրեանը՝ կարօտաբաղձ, հայամտած գրողը, իր գաղտնի ծարաւէն տակաւին չէր յագեցած՝ հայութիւնը մէկտեղ, մէկ հանգրուանի մը, երկիր մը ունենալու տենչանք-նպատակին շուրջ խոհեմաբար ու անձանձիր խորհած է․․․ տարիներու երազը իրականութիւն դարձած էր․․․ 1965 թուականին իր կեանքին մէջ թերեւս իր առաքելութեանց նուիրական հանգրուանն էր՝ Հայաստան այցելութիւ՞ն ըսենք, թէ՞ ․․․ Յովակիմի թոռներու, ծոռներու երկիր։
Այդ օրերուն բազմաթիվ հայ գրողներու, մշակոյթի գործիչներու հանդիպած էր, ջերմ ընդունելութեան արժանացած ամերիկահայ գրողին հայաստանեան ընթերցողները գրեթէ անծանօթ էին։ Ես բարեբախտութիւն ունեցած եմ զրուցելու շարք մը գրողներու, գրադատներու հետ, որոնք չափազանց տպաւորուած էին Յակոբ Ասատուրեանէն յատկապէս առ Մեծն Կոմիտասն ունեցած իմացական, պաշտամունքային սէրը բորբոք պահող-փայփայողէն։ Անջնջելի տպաւորութիւն ստացած էր արժանայիշատակ գրադատ, մշակութաբան Ստեփան Թօփչեան։ Երբ ես հետաքրքրուեցայ գրողի այցելութենէն, հանդիպումներէն, եւ ընդհանրապէս այն միջավայրէն ուր հիւրընկալած էին զին զինք, ան մէկ բառով մը բնութագրեց․ «Ատ տեսակ հայերու շնորհիւ Սփիւռքը վստահ եմ ոգեղինութեան պակաս չի զգար»։
Հետաքրքրական էր իր այցելութեան թուականը, երբ Մեծ եղեռնի ոգեկոչման 50-ամեայ տարելիցի ընդվզումներէն Երեւանի փողոցներու մէջ իրապէս ճակատագրական պահուածք կը դրսեւորէր «կանչուած ժողովուրդը» իր ցասումով, նախնեաց յիշատակներու ոգեկոչումով եւ ․․․ Կոմիտասն ու կոմիտասեան երգեցողութիւնն հայութեան ոգեկերտումին դրօշակակիրը կը հանդիսանար։
Վերստին կը խորհիմ, որ Յակոբ Ասատուրեանի գրական ժառանգութիւնը ի ցաւն սրտի, այնքան ալ ծանօթ չէ ընթերցողներուն։ Եւ անշուշտ, վերահրատարակելի․ միջանկեալ կ՛ուզեմ արձանագրել 2013թ․ Յակոբ Ասատուրեանի ծննդեան 110-ամեակի առթիւ փափաք յայտնած էի եռագրութիւնը հրատարակել, բայց փափաքս ու իրականութիւնը ․․․ իրարմէ «խորշած էին», ձախողած էի, ենթարկուած․․ խոստումներու վաւերական խաբկանքի մը․․․
Կը յուսամ օր մը փափագս եւ իրականութիւնը կը հանգուցալուծուին․․․
Տակաւին բացառիկ բարեպատեհութիւններու կը հաւատամ, այն, ինչ ինծի կը թուի բոլորովին այլ ոգեկոչում մը՝ «շիտակ ճամբայով» կ՛ընթանայ, նոյն այն ոգեկոչումով կ՛առաջնորդուիմ, որ ստեղծագործաբար ապրած է Յակոբ Ասատուրեանը։
Արդ, չնայած ցաւալի, թերեւս աններելի ուշացումով իր ժառանգութիւնը ապրեցնելու ատենն է․ ինչպէս կ՛ըսեն հոգիէ հոգի տարածուող երգեցողութեանը ունկընդիր ըլլալը որ հետագային յաւելեալ կորուստներու համար զղջումի աննահանջ պահեր չապրինք։
Արթուր Անդրանիկեան
WhatsApp +374 91 423 159
- Hits: 1601