Արթուր Անդրանիկեան. ԿԸ ՀԱՃԻ՞Ս ԼՍԵԼ ՏՀԱՃԻՍ

«Երգիծախոկումներ» շարքէն -1
Օր մը օրանց բարեկամի մը հանդիպեցայ, կ՛ըսէ․
-Ի՞նչ պէտք է ըլլայ․․․ չեմ հասկնար․․․
-Որո՞ւն, ի՞նչ, ե՞րբ, ո՞ւրկէ ըլլալը կ՛ուզես գիտնալ,- արտագաղթող ժպիտով մը կը հարցնեմ։
Ի՞նչ պատասխանէ, որ լաւ, բարւօք, նպաստաբեր ըլլայ՝ հայ ժողովուրդի Հայաստանէն տակաւին չգաղթելու արգելքները յաղթահարած ոստումով մը՝ կ՛ըսէ․
-Կը տեսնեմ կը փիլիսոփայէս։ Տրամադրութիւնդ ալ սկսնակ ինքնագոհ յօդուածագիրի մը ժպիտով քողարկած ես, երբ կը տեսնէ որ յօդուածէն բան մը չեն զեղչած։ Հիմա իրեն կը նմանիս․․․
-Ըսել կ՛ուզես նաեւ քաղաքապետարանի մը քարտուղարուհիի ժպիտ կը յիշեցնէ, երբ անորոշ ժամի մը կը հրաւիրուի որոշեալ սենեակ մը եւ հոգիով, մարմինով կը ժպտի։
-Ատ ալ կայ․․․
-Կը խնդա՞ս, թէ՞ կը տխրիս,- կը հարցնեմ։
-Երկուքն ալ մէկտեղ ծրարած եմ։ Խնդալիք կամ խենթենալիք իրողութիւն մը եթէ կայ՝ ամենուս կեանքը կ՛աւրէ, քանի դեռ մօրմէ մերկ չենք շփոթած մեր ազգային անյաջողութիւններու ընդմէջէն,- ու կը շարունակէ,- անցած օր տեղ մը հրաւիրած էին։ Ընկերոջ մը՝ բարեկամի, քեռայրի մտերիմի մեծ հօրը ծննդեան օրը կը նշէին։ Մարդիկը խօսքերով զիրար կը հրմշտկէին։ Կենացներու ատեն ալ չէին մարսեր ոչ իրենց խօսքերը, ոչ ալ մատուցած տաք կերակուրները։ Կը լռէի, ուխտ ընելով, վասնզի կերակուրը չէի մարսած։ Թերեւս քիչիկ մը․․․ մըսած էի՝ առտուընէ պաղ առած էի՝ քաղաքական տապի նոպաներէն․․․
-Բան մը չհասկցայ․ արդեօք կը վիճաբանէի՞ն։
Պահ մը կ՛ուզեմ ոտք պահել որ բարեկամս շարունակէ խօսիլ։ Չնայած անհանդուրժն կը խօսէր։ Եւ այդպէս ալ բան մը չհասկցայ, ինչպէս ապրած կեանքէս, զոր թաւալգլոր կ՛երթայ, կու գայ․․․ տունիններուս ոտքերուն առաջ։
-Ի՞նչ պէտք ունիս հասկնալու-չհասկնալու։ Անոնցմէ մէկը՝ ջլապինդ, սինլքոր մը, ատեն առ ատեն պատառաքաղով ակռաները կը բրէր, կը մաքրէր ու կըսեր․ «Շատոնց առեղծուածի մը ատաջ ազգովի կը շլմորինք․ յատկապէս ինչո՞ւ Եռագոյնի այդ երեք գոյները մեզի վերադարձուցին»։
-Ո՞վ վերադարձուց,- կը հարցնեմ․ ի՞նչ կը պատասխանէ, ըսեմ՝ չես հաւատար։
-Ըսէ, ըսէ, քեզի կը հաւատամ։ Բայց անոր հաւատալու փափաքս կը խամրի դրօշին գոյներուն պէս, ինչպէս օր մը ականատես եղած եմ պետական միջոցառումի մը ընթացքին․․․
-Այդ ջլապինդ-խեղամիտը կը շարունակէ, - կ՛ըսէ բարեկամս․ «Դուն գաւաթ մը օղի տակաւին չես կըլլած, չես կազդուրուած որ հասկնաս Եռագոյնին միտք բանին, անոր գոյներու թաքնուած խորհուրդը, ուրեմն, ալ բացատրելիք բան մը չունիմ»։
Արդեն ես ալ բարեկամիս հարցնելիք բան մը չունէի եւ յոգնածութեան նշաններ ցոյց կու տայի եւ կ՛ուզէի յաջողութիւն մաղթել ու երթալ գործերնիս։ Բայց, բարեհոգութենէն, թէ բարեկրթութենէն ելլելով կը հարցնեմ․
-Խնճոյքը շա՞տ երկարեցաւ։
-Ի՞նչ խնճոյք։ Երազ տեսած էի, երազիս տեսարաններու պատկերները քեզի կը հրամցնէի,- կը խնդայ։
-Դուն բնաւ երազ չես տեսած․ մեր կեանքին իրական պատկերները բխած են ապրումներէդ։ Այդ երազը մենք ալ տեսած-վայելած ենք։ Մեր երազն ու իրականութիւնը տակաւին քով-քովի կ՛ապրին․․․
Բարեկամս անորոշ ժպիտով մը ինծի կը նայէր։ Թերեւս՝ կ՛ուսումնասիրէր։ Կարծես այդ պահուն նոր արթնցած ըլլար։
Յանկարծ կը պոռամ․
-Կը հաճի՞ս լսել տհաճիս․․․
Ու յանկարծ անսպասելի կը յարէ․
-Յարգարժան սեղանակիցներ, ատենն է, որ երթամ՝ ուշ մնացի․․․
+374 94 423 159
+374 91 423 159
- Hits: 647