Փողոց մը մեր մտածումի եւ ճիգերու ընդմէջ Պօղոս Գուբելեանի «Այն միւս փողոցը» /2009, Երևան»/ վէպի շուրջ

Փոխան դիմանկարի

Գրող մը իրեն համար ընտրած է վիպային նախապայմաններ՝ յստակ գիտակցում, զոր կեանքը որքան ալ փոթորկալի՝ անոր հիմնամասը,- մարդոց զգայնութիւններ, փոխյարաբերութիւններ,- իրականութեան ընդմէջէն կ՛որոտայ, երբեմն մեզ անծանօթ, ոչ նկարագրականութեան իմաստիւ։ Ըսել կ՛ուզեմ հարազատ-խառնարանը՝ մեր տեղակ զգալու-տեսնելու մեր կերպի ընկալումի պատճառաւ․․․

Պօղոս Գուբելեան, իբրեւ գրող եւ միջավայրային տեղազննող կ՛ապրի տագնապ մը, ան իր փորձառութեան խորքէն կու գայ։ Այս վէպն ալ վէպ ըլլալէ աւելի՝ հոգեվիճակն հայու մը*, գրողի մը, բայց ուրիշ է մտածումը․ այն կը դառնայ նպատակ՝ սեւեռելի եւ ինքնեղ։

Այսպէսով, հոն,- վէպին մէջ,- գրողին խառնուածքը կու գայ իր  նկարագիրէն, ապրածէն և երբեմն «բեռ» կ՛ըլլայ ու վիպողը աւելի վերջը կը հաւատայ որ իրականութիւնը պարադոքս չէ սոսկ գրողական, այլ երկնքին տակ կենալու պատգամ մը, ինչպէս տնանկ Ֆիլի պարագային՝ «Բիծխիի ծառին տակ․․․ մինչեւ անհունն ու տիէզերքի միւս ծայրամասը»։

Ասիկա մտածում մըն է ու մեզի չի հասնիր պարզ,- թուացեալ,- պատմելակերպով, որքան ալ Գուբելեան անպաճոյճ-չափաբերուած պատմէ։ Ներշնչող է իր պատմումի ոգին, բացած իրականութեան ակօսը՝ ելք փնտռելու մասնաւորմամբ ապրեցնող։ Այսպէս է, վասնզի իրաւ զգացումներու աշխարհէն կը խօսի, տեղեակ ըլլալով այն ճշմարտութեան, զոր մարդոց միտքը տակաւին չէ ազատագրուած նիւթապաշտութենէ, ու փրկութեան լոյսը մեզմէ հեռու չէ այնքան ալ․․․

Ամեն բանի առաջ պարտաւորութեամբ մը պիտի գոց գիտնանք ըսելու՝ «Մենք կ՛ուզենք հրեշտակ մը ըլլսալ», ինչպէս արտասանած եւ այդ զգացումն ալ ապրած է մանչ Գուբելեան կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ․․․ Ամեն պարագայի վէպէն կը հասկցուի, թէ ինչու մարդը տժգոյն իրավիճակներէն անդին կ՛ապրի* «ճանչնալով քաղաքակրթուած մարդուն գազանային խորքը» /Ն․Սարաֆեան/ ու կ՛ուզէ կեանքի տագնապներէն անընդմէջ չվախնալով՝ ապրիլ․ տեսակ մը կամաւոր զոհ ըլլալով, իբր ժամանակի շրջափոխման անկշռելիութեանց ենթակայ մը։

Գրողի մը պատմութիւն․ ասիկա արուեստագէտի անբաւարարուածութեան արգասիք ըլլալով՝ խորհրդածութիւններու կը մղէ, կ՛ուզէ մեր միտքին խօսիլ, ու կը դառնայ պատմումի ներշնչո տագնապ։

Մենք կը խորաչափենք գրողի զգացումները այն պայմաններու մէջ, ուր ապրած է գրեթէ ինքնայորդ․ ու կ՛ապրի Գուբելեան իր փողոցին վայելքը, խռովքները, ան ամենէն առաջ աշխարհը կը սեւեռէ ու ապրողներն ալ կը փորձեն իրենք զիրենք իրագործել վէպին ընթացքը, զարգացումը, մէկ բառով՝ վէպ մը կը թելադրեն ու հեղինակն ալ  չի կրնար սաստկութեամբ գրի առնիլ, ըսել կ՛ուզեմ գրի-ականութեան կամ գրականութեան վերածել անց ու դարձը՝ յստակ գիտնալով, որ պաշտպանուած է սանկ ու նանկ աւելորդ թելադրական զգացումներէն, մտատանջումներէն։ Նոյն է պարագան, երբ գրողը չի կեղծէ, կերպարներու նկարագիրները կու գան գրողի նկարագրէն, որ ի վերջոյ կ՛ընդհանրացնէ, կը մասնայատկէ վէպին հաւաստիութիւնը՝ հասարակութեան զուգակշռումներու ընդլայնումներով։

«Մեր հոգիին յօրինող պահերուն, մեր մէջ յառնող ուրուացող զգացումներու /Յ․Օշական/  առարկայացումներն ալ նորէն ապաբախտ՝ պատերազմի նախկին մասնակիցի ապրումներու ընդմէջէն կը ներկայացնէն փողոց մը՝ իրականութեան պատմութենէն աւելի հմուտ պատմողի մը միջոցաւ ու խնդրական կը դառնայ անոնց,- վէպի միւս կերպարներուն /Ա․Ա․/,- յարաբերումներու, կիրքերու, մտածումներու կեցուածքը․ կը բխի գրողական ոճէն ու ըմբռնումներէն, որով յատկանշուած է վէպի ընթացքը՝ զարգացումներու անբռնազբոս ծիրին մէջ։ Արդ մենք հարց կու տանք մեզի․ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Գուբելեան հայկական իրականութիւն, հայ մարդոց պատմութիւններ կը նկարագրէ, անայլայլ՝ ընդարձակած իրականութեան իր ազգային կերպընկալումը։ Խնդիր մը․ ան գրողի մտածումէն կու գայ ու չի առնչուիր ընդհանրական գաղափարաբանութեան մը։ Ամեն բանէ առաջ ազգային խնդիրը առաջնային կը համարէ, հակառակ անոր, որ մարդկային ապրումը մշտաբար գրականութեան –գեղարուեստի մաս կազմած է;

Վերեւ յիշուած Ֆիլը «Վիէթնամի վետերան» տարբեր է միւս կերպարներէն, չնայած անոնք իրարու չեն նմանիր, թերեւս իր ճշմարտութեամբ տակաւին չէ սպաննած ճշմարտութիւն փնտրելու հաւատը, բայց կ՛ապրի ոգիով մը՝ ինկած գետնատարած գարեջուրի պարապ շիշերու եւ հատորներու ընդմէջ, ու զինքը ապրեցնողը՝ մարդոցմէ օտարուած ըլլալու անտագնապ ապրիլն է; Տեսակ մը սփռուածութիւն-սփիւռքացում։

Գուբելեան սա զգացողութիւնը կ՛ապրի իբրեւ հայ մը, գրող մը ու կը հասկնայ Ֆիլի ազատութեան շահեկանութենէն խոյս չտալը եւ սեպտեմբեր 11 ողբերգութեան իրականութիւնը՝ ինքզինք պարպած ու մարդերը կործանած գրողական յստակ սեւեռումով։ Ու նորէն ազատութեան ըմբռնումին ստուերը ինչ որ ալ ըլլայ իրական անդոհէն խթանուած վերանձնեայ զգացում մըն է․ «Բոլորիս ալ ներսիդին ինչ որ աներեւոյթ կապանքներէն մայթերու ազատութիւնը նախընտրող-փնտրող անտուն մը, նախամարդ մը չէ՞ սողոսկած»։ Ու յանկարծ անտունին մեկնումով կը պարզուի՞ սա տագնապներու իսկութիւնը՝ մարդկային բարքերու ու քաղաքակրթութեան ընդմէջէն առնուազն մեզի կըլլող․․․ եւ արդեօք կը պարտաւորուի՞նք ապրիլ՝ անտես առնելով մարդամերժ ամեն պարագայք՝ կարծես մահաքունի յանձնուած։

Ասիկա ժամանակի թելադրական տարողութեամբ եւ տարադէմութեամբ  մեզ ուղղուած պարտադրուած մարտահրաւեր մըն է; Գուբերեան որոշապէս ազատօրէն կ՛ուզէ դիմադարձել իրականութեան չարափոխումը վտանգայարոյց համարելէ զատ, կ՛ուզէ գեղագիտական չափորոշեալ մտածումով գոհացնել, չես գիտեր գրողի՞, թէ՞ ժամանակագրողի փառասիրութիւնը․․․ Եւ ընթերցողը մտածման վստահ կամուրջ մըն է, կ՛ենթադրեմ․ ես իբրեւ ընթերցող արդեն անցախծ եմ կամուրջէն․ կը շարունակուի պաշտպանուած ըլլալու մեր տագնապը ահաբեկչութենէն եւ իւմանիզմի նահանջէն ընդհանրապէս, քանի դեռ կ՛ապրինք առաքինութուններէն լքուած․ կ՛ըսեն զգացական կեցուածքին ապավինութեամբ․․․ ու կ՛անգիտանանք ծնունդն ու մահը վտանգած մեր կեանքը՝ ներսէն, միշտ դուրսէն ապրողի մը ոգեզուրկ բաւարարուածութեամբ․․․

Յ․Գ

Յօդուածն ինչ-ինչ պատճառներով,- ՀԳՄ-ում արեւմտահայերէն գրուած լինելն էր «մեղաւորը»,- այդպէս էլ չտպագրուեց վէպի յառաջաբան, ո՞րն էր խոչընդոտը, իմ անձը, որ վէպի խմբագիրն էի, իսկ շքեղափայլ շնորհանդէս կազմակերպուեց եւ խօսեցին գրողներ, գրականագէտներ, որոնք չկարդացած դրուատեցին՝ անտեսելով «ձայն տալ» վէպի միակ ընթերցողին։ Սա հայաստանեան արդէն դասականացուած բարքերի հերթական խրախճանք-վկայութիւններից է՝ ցայսօր շարունակուող։ Ի պատասխան սփիւռքահայ բարեկամիս հարցումին․ «Հոն ի՞նչ կ՛ընեն», պատասխանս՝ միանշանակ էր․ «Հոն միտքը կը մեռնի»։ Այսպէս միշտ եւ անընդմէջ․․․ ուրախ առիթով՝ յուղարկաւորութիւններ․․․

--------------------------------------------------

*Արդեօք ամերիկեան զինուորի թափանցիկ նկարագիրով կրնա՞նք յիշել վերջին տարիներու, ինչու ոչ, յատկապէս 44-օրեայ պատերազմի հայ զինուորին, վասնզի զինուորը ուր ալ ըլլայ, յաճախ մարդկային իր բնութով այնքան ալ պատերազմիկ չէ, այլ ապրելու, ապրեցնելու վեհանձնեութիւնն ստանձնած պարզ մարդ մը․․․

Արթուր Անդրանիկեան

  • Hits: 5319

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: