Նամակ առ Խաչիկ Տէտէեան. «Երազէն անդին» (հտ․3, Երեւան 2023) ժողովածուի առթիւ

Սիրելի՛ Խաչիկ, մեր «փոթորկոտ ժամանակներու» բանաստեղծական տարեգրութիւնը ստանձնած բարեկամս, քեզի արդէն յայտնի է կարծիքս «Երազէն անդին» նախորդ երկու հատորներուդ մասին, հիմա  բաւական ատեն անցած է, այս վերջին հինգ տարիներու ընթացքին դուն ալ որոշապէս կշռադատօրէն ճշդած ես մտածումներդ ու անոնց ծիրին մէջ տակաւին անբացայայտ զգայնութիւններ յայտնաբերած, մինչ այդ գուցէ եւ անծանօթ։ Եւ իբրեւ բանաստեղծի զգօնութիւն ապրող մտաւորական մը ամէն պարագայի չես խորշած առերեսուիլ մերօրեայ «ինքնաբաւ» ճշմարտութիւններու հետ, յատկապէս երբ խնդրոյ առարկայ է հայութեանը պատուհասած վերջին տարիներու իրադարձութիւնները։

Այս հատորդ ատ դիւրազգաց յատկանիշներով որոշապէս կը տարբերուի նշեալ հատորներէդ։ Ասկէ անդին կ՛ուզեմ ընդգծեալ մասնայատկել բանաստեղծական խօսքիդ անպաճոյճ՝ իր խորքին մէջ սփոփեցուցիչ վաւերական ընթացքը։ Յամենայն դէպս, ես ինծի թոյլ կու տամ ըսել, արձանագրել, որ բնաւ ճիգադիր չեմ փափագիր շռայլել աւելորդ, ապաժամ գովաբանական խօսքեր,- ատոր կարիքը բնաւ չունիս,- վասնզի գրադատութիւնը ընթերցողներու առջեւ գոց դուռ մը բանալուն պէս բան մը կը նկատեմ՝ ներկայացնելու համար տուեալ գրողին խոկումները՝ բոլորովին այլ հայեացքով, տեսակէտով, թէ վերլուծակերպով, ինչպէս կ՛ուզես։

Արդ, հաւատայ, սրտով եւ մտածումով կ՛ուզեմ որոշ փակագիծեր բանալ՝ ընդլայնելով ինքնաբացայայտ այն աշխարհը, որ «եղաւ սիրոյ արարումի» եւ քու ճիգերուդ ընդմէջ։ Այդ աշխարհը զոր կը կոչուի բանաստեղծական, ամենեւին ալ անձուկ տարածութիւններու պարփակեալ ու ինքնաբաւ «տարածք» մը չէ եւ բնականօրէն  ելման կէտերու հանգրուանի մը միշտ կը կարօտի, ուրկէ դուրս ելլելու ճիգերդ ակնյայտ են․ սէր, անձնականութիւն, ներաշխարհային բնապատկերներու ձգողական տեսադաշտ, ազգային խնդիրներու թնջուկին մէջ խարխափող անյուսալիութեան պրկումներ․․․ Եւ այս ամէնը Հայու՝ ճշդիւ մտաւորական հայու, իր անինքնութիևւնը քաջ գիտցող ու տեսակ մը ինքնամարտահրաւէր յայտարարած Հայու սիրոյն՝ ժամանակ եւ տարածութիւն հասկացութիւնը, հակասութիւնը ըմբռնած ժամանակին եւ ճիշդ տարածութեան մը մէջ, այլ խօսքով՝ տեղւոյն վրայ ինքնագիտակցութեան եկած, ինչ որ կը նշանակէ Սփիւռքի գիտակցումն ապրած ու չսփիւռքացուած․ օրաւուր, աւելի ուժգին ու նշանակալից արմատախրումի դժուարութիւնն ու ի վերջոյ, վայելքը ճաշակած եւ նպատակասլաց։ Ես կը զգամ տարածական լոյսի մը փողփողող ընթացք մը, բանատողերուդ ընդմէջէն, զոր կը տարածուի ջերմացնելուն պէս, կարծես թէ ընթերցողին ալ հասանելի-տեսանելի  կը դառնայ մեծարենցեան «կը մանկնամ արեւին դէմ» պատգամը։ Սփոփեցուցիչ հանգամանք մը զոր էական կը համարեմ, մանաւանդ մերօրեայ իրականութեան մակընթացութիւններու ու տեղատուութիւններու գրեթէ անժամանակային իրականութեան մէջ։ Ինչու՝ անժամանակաիյն․ ատոր պատասխանը տուած ես հայրենասիրական բանաստեղծութիւններուդ մէջ, բայց զիս չես համոզէր նշեալ բանաստեղծութիւնները ամենեւին ալ այդպիսիք չեմ համարէր, անոնք պարզապէս բանաստեղծական տարեգրութիւններ ըլլալով՝ կ՛արտայայտեն ընդվզումներդ, մտածումներդ, որքան էլ տխրառիթ ըլլան՝ աննախադեպ․ զոհաբերեալ պատերազմ մտասեւեռումներ Հայու գենի ինքնակործան ծաւալումներ եւ այլն։

Սիրելի Խաչիկ, կ՛ըմբռնե՞ս այս ճշմարտութիւնները, վստահ եմ, այո, կը ճանչնամ մտաւորական տեսակդ ու տեսակէտներդ այլեւալ խնդիրներու վերաբեր։ Եւ եթէ ըսածներուս հաւատ կ՛ընծայես, ուրեմն ատիկա խօսք մըն է, որ ամէն ինքնաբաւ մարդ  ալ, եթէ իրեն, ինչպէս Յակոբ Օշական կ՛ըսէ․ «Նախ մարդ, յետոյ հայ» կը համարէ․ ասոր ճշմարիտ ըլլալուն մի կասկածէր, չնայած ճշմարտութիւններու մասին պէտք է միայն․․․ երեւակայիլ, անոնք տարբեր են ու տարընթաց։ Կ՛անցնիմ։ Վասնզի երեւակայող բանաստեղծ մըն ես, իրականութեան եւ երեւակայութեան ընդմէջ կ՛ապրիս, երբ հարց կու տաս, որու՞․ «Յո երթաս Հայաստան» ու երկիրդ հնամեայ տակաւին կ՛ապրի, ինչպէս կը գրես․ «յառած երկնքին լոկ բախտի աչքերով»։ Երկի՞րն ալ կը երեւակայէ, ի՞նչ կը կարծես, թէ՞ քամիներուն լլկանքին յանձնուած կը շլմորի։ Հոս ժամանակային իրավիճակի մը ականատեսն ենք․ քաղաքական, ընկերային եւ ամէնէն էականը՝ հետընթաց մշակութային, ինչ որ առաւելս կը դժգունէ ամենուս, թէկուզ եւ տարբեր հոգերով, մտածումներով կ՛ապրինք, բայց կը պատկանինք նոյն ցեղին սիրտ ունեցողներուն ու կը պարփակուինք անվերջօրէն, կը պարփակուինք հազարամեայ մեր արեան յոյժ արտայայտիչ ջերմութեան մէջ․ ան կը ծլարձակուի ու իր առաքինութիւններու հանդէսը կը բանայ ի տես անականջալուր աշխարհին․․․ եւ արդեօ՞ք կրցանք գիտնալ թէ «մի տար զմեզ ի փորձութիւն» աստուածահաճոյ պատգամէն մենք փորձառութիւն առա՞ծ ենք, ինչպէս դիտել կու տաս․ «պայքարն է մեր ուղին»։ Տոկալու աննկունութիւնը անշուշտ պէտք է բաւարար ըլլա՞յ մինչեւ մեր «անշեղ տեսիլքին» հասնիլը։ Ըսել կ՛ուզեմ ապագան կ՛ուրուագծուի՞, թէ՞ «հին երգը կրկին» պիտի լսուի՝  «տխուր երգը դարերուն»։

Ի վերջոյ սա պէս շարունակաբար  «ի՞նչ մտածողութիւն մեզի պիտի պարտադրէր», որ պատրանաթափ չըլլանք։ Կը տեսնե՞ս մտածումներուս ընթացքին հարցադրումներ կ՛ընեմ, կը յիշե՞ս արդէն գրած եմ, որ դուն հարցադրումներու բանաստեղծ ես, քեզմէ կու գայ՝ թերեւս մտասուզումէս, որ աւելի անմիջական ցանկութիւն մըն է, այդ պատճառաւ նամակով կը դիմեմ, վստահ, որ եթէ «ի խորոց սրտի կը նզովես», ապա միայն այն հաւատքով, որ «իմ ցեղը խրոխտ կանգնի»։ Այս մտայնութիւնը սոսկ բարի ու բարեբեր ցանկութիւն մը չէ, այլ «արժանապատիւ ապրելու» կոչ ու ահազանգ՝ Հայաստան եւ ի Սփիւռս։

Եղբայրօրէն՝  Արթուր Անդրանիկեան,

Խաչիկ Տէտէեան

ՏԵՍԱՅ ՁԵԶ ՁԵՐ ՄԵՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Տեսայ ձեզ ձեր մերկութեան մէջ,

Պաճուճուած՝ ադամանդաշար բեհեզներով,

Զերդ Մակեդոնացին

Ոսկեայ գահին բազմած.

Ձեր գահի տակ, սողոսկող գաճաճներ՝

Հաւատարմութեան վկայագիրը ձեռին՝

Կու գային երախտիքն իրենց յայտնելու,

Սպասելով երկար ու անվերջ,

Ձեր վճիռին ականջալուր.

Թշուառներու այդ բանակը

Կը տրոհէր մէկզմէկու,

Թունալից հայհոյանքներու վկայակոչութեամբ.

Օʹն առաջ, գաճաճներ այս դարու,

Մեր ժամանակի խեղճ վիժուկներ,

Կ’երթաք դուք, կու գան ուրիշներ,

Կ’երթան անո՜նք, կուգան ուրիշներ,

Ոչինչ չի՛ փոխուիր, մարդը չի՛ փոխուիր,

Ցաւն աʹյն է սակայն, որ կը մոռնանք,

Կու գանք ու կ’երթանք նոյն ճակատագրին հանդիման,

Կաʹմ ըլլալու ստրուկ, կամ ալ՝ ճորտ անիրաւ:

ՊԻՏԻ ԳԱՅ…

Օ՜Հ Չարենց հզօր, պոէ՜տ փոթորկոտ,

Չկայ մեծ պոէտ այս աշխարհի մէջ, չկայ տիտան,

Չկան եւ իմաստուն, հզօր մարդիկ հանճարեղ,

Որքա՜ն ալ հզօր ըլլան խօսքերն անոնց, միտքը` պայծառ,

Չկան, չխաբէք դուք ձեզ, ու մարդոց՝ պարզ թէ բանիմաց,

Չեն ալ եղած երբէք այս աշխարհին մէջ, օ՜հ ոչ։

Շէյքսփիր ու Տանդէ, անուններ մե՛ծ, թողած աւանդ

Ու անուն յաւերժ, տիտաններ չէին երբէք.

Տիտաններ չկան Չարե՜նց, որքան ալ մեծ թուին անոնք,

Սողոմոն, Թակոր թէ Պլէյք, որն էր ճշմարտութիւնը ձեր՝

Որ կը թողուք մեզի դար ու դարեր, որ մենք չգիտենք,

Առեղծուածն այս աշխարհի ո՞վ գիտցաւ ձեզմէ,

Ո՞րն էր ձեր իմաստութիւնը հզօր Անծանօթին դիմաց,

Որուն ինքնութիւնը, դար ու դարեր, կը ճգնինք բացատրել:

Ո՞րն էր ձեր ճշմարտութիւնը Պղատոն ու Արիստոտէլ,

Տիտաններ՝ ձեր ու գալիք դարերու, զորս չգիտէինք:

Սեւակ, աշխարհը գրկած շալակիդ, մարդը ափի մէջ,

Խօսքերդ թաւ ու խոհուն ո՞ւր յանգեցան աւարտին:

Օ՜հ Տոստոեւսքի, անուն Թէոտոր, պաշտելիդ իմ հանճար,

Ո՞վ կը կրէ պատիժն իր, այս աշխարհիս մէջ,

Արդարութիւնը որ քարոզեցիր գտա՞ր միթէ երբէ՛ք:

Ի՜նչ տուիք մեզի․ անցաք ասուպին նման՝ աշխարհէն,

Սիրեցինք ձեր խօսքերը ջերմ, ոգին փոթորկոտ, տողերը բարդ,

Զիս չէք համոզեր ալ: Ճշմարտութիւնը այլուր է,

Դուք ստուերն էիք Անոր, որքան ալ սիրելի ու մեծատաղանդ՝

Ճպրան ու Վարուժան, Նիքոս ու Աւրելիոս,

Խօսքերը ձեր՝ տիրական ու առինքնող, հմայող ու ներշնչող,

Ես դեռ կը փնտռեմ իրաւ ճշմարտութիւնը, բացարձակը՝

Անհո~ւն, որ պիտի գայ…: Իրօք, պիտի գայ…:

2022

ԵԹԷ ՉԿԱՅ ՀՈՂԸ…

Եթէ չկայ հողն ու հայրենիքը,

Ի՞նչ արժէք ունին ծառերն ձեր մշտադալար

առուները չքնաղ, կաղնիները խրոխտ

բարձր սարերը ձեր։

Կ’երգէք բնաշխարհն ու աստղերը,

Արեւը՝ որ չի ծագիր հիմա ձեր վերեւ,

Ան կը հրկիզէ դաշտերն ու լեռները թաւշեայ,

Որոնք օտարինն են միայն:

Ի՞նչ արժէք ունին երազկոտ երգերը ձեր,

Ներբողներն ու խօսքերը ապաշաւ սին,

Եթէ չկայ հողը, հայրենի շէնն ու աւանը օտարացած,

Ինչ իմաստ ունին տողերը ձեր չնաշխարհիկ:

Հո՛ղն է արեւը, հայրենի՛քն է բնաշխարհը,

Եթէ չկայ հողը, ո՜ւր է ձեր հայրենիքը,

Ծղրիթին թէ արագիլին է  ձեր սէրն ու գովքը,

Առաւօտէն իրիկուն ձեր գովերգած երկիրը:

Օ՜հ, մոլորեալներ մոլորեցնող,

Դժբախտներ՝ սոնքած ու անտարբեր,

Ո՞ւր է հայրենիքն ու հողը, ձեր եղեւնիներն

Ու դալարազարդ լանջերը գգուող։

Թշնամին կը վայելէ արեւը ձեր,

Իսկ դո՜ւք, դուք, թշուառ գրիչներ,

Մեր ժամանակի մոլորած,

Անդէմ մերկութիւններ,

Գիշեր ու ցերեկ կ’երգէք

կորուսեալ հայրենիքի

Բնաշխարհ նը չքնաղ…

2022

  • Hits: 4032

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: