Երկփեղկուածութեան անխուսափելիութիւն. Արթուր Անդրանիկեան

 

Երկփեղկուածութեան անխուսափելիութիւն

 

30-ական թուականների սփիւռքեան իրականութիւնը ընդհանրապէս կարելի է համարելի տագնապ ապրող անհատի եւ որպէս այդպիսին ձեւաւորումի ընթացքում գտնուող հայ հաւաքականութեան հոգեվիճակի բռնկումների շիկացման ժամանակաշրջան: Այն, ինչ իր թանձրացեալ դրսեւորումն ունեցաւ Ն.Սարաֆեանի այս շրջանի ստեղծագործութեան մէջ, ի մասնաւորի 1939թ. հրատարակուած «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն» ժողովածուում սկզբնաբար իսկ դժուար ըմբռնելի էր, եթէ չասենք՝ անհասկանալիութեան աստիճան անընդունելի շատերի, յատկապէս արեւմտահայ իրականութեան հոգեբանական զգայնութիւնը տակաւին չթօթափած սերնդի կողմից:

«Սփիւռքը եւ իր գրականութիւնը» յօդուածում, կարեւորելով, որ գրականութիւնը տեւապէս ազգապահպանումի համար մեծ եւ կարեւոր դերակատարում է ունեցել, ինչ որ անժխտելի է, Սարաֆեանը արձանագրում է. «Մեր գրականութիւնը ծառայեց մեր ազգային ինքնագիտակցութեան զարթնումին, եղաւ մաքառման եւ պայքարի գրականութիւն մը: Ան է դարձեալ որ պիտի կատարէ մեծ դեր մը Սփիւռքին մէջ»: Ո՞րն է այդ դերը եւ ի՞նչ դերաստանձնում ունի անհատը /մտաւորականը/: Արդեօ՞ք չափազանցօրէն չի վերագրեալ ծանրաբեռնուածութիւնը «տրուած» անյատին, երբ շերտաւորուած հասարակութեան /ամենատարբեր գիտակցում ունեցող եւ պահանջմունքներ ներկայացնող/ դէմ յանդիման մշտապէս միայնակ է՝ ընդունելութիւն գտնելու տագնապ ապրելով:

«Սարաֆեանական աշխարհի հիմնական ստորոգելին կազմող ԳՈՅԱՍՏԵՂԾՄԱՆ (ընդգծումն իմն է, Ա.Ա.) եզրը» էապէս զգալի զարկերակային նշանակութիւն ունի «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն» ժողովածուի  համանուն բանաստեղծապատումում:

Չափազանց դժուարութեամբ, եթէ չասենք՝ ճիգերի գերագոյն լարումով է անհատն իրականութիւնն ընկալում իր բազմադէմութեամբ, ունենալով տագնապն օտարուածութեան: Իրեն օտար զգալու անյաղթահարելիութիւնից յոգնատանջ, բայց ոչ հեւասպառ, ապաւինում է միայն հոգուն, որի դիմադրողունակ լինելու շնորհիւ անցեալի յարուցած ամենայն սահմռկելին դիմազուրկ է լինում, քանզի «ճամբան փիւնիկ  մեր առջեւ, կեանքի բացուող լայն վանդակ»:

Կեանք, որ «անսպառ դուրս կը սահի»: Կենաք, որը կարծես թէ վերուստ է անհարազատութեան ԵՐԱՆԳԱՒՈՐՈՒՄ ունեցել: Յամենայն դէպս, օտարութեան առթած ցաւն է ամենից տագնապայարոյցը: Այն, ինչ անհատի եւ իրականութեան միջեւ անջրպետի /հաւաքականութեան համար անցանկալի, եթէ ոչ՝ վտանգայղի/ դեր է կատարում: Թէ այն որքանո՞վ է շրջանցելի-յաղթայարելի, որ ոչ այնքան ժամանակի, որքան անհատի վերսթափ վիճակի «ճշգրտման» խնդիր է: Կամ այլ բառով ինքնագտնումի: Այսպէս շարունակաբար է ընթանալու նրա ուղին, մինչեւ ինքնալից անհատի կողմորոշումը: Հաւաքականութեան առումով մինչեւ վերագտած ինքնութեան «իւրացումը»: Մինչ այդ առաւել խնդրական է այն միջավայրն  իր բազմաբովանդակ ընդգրկումներով, ուր անհատը եւ հասարակութիւնը անընտել են ազգային-հոգեբանական նոր դրսեւորումներով անբացայայտ, իրականութեան հրամցրած «խաղի կանոններին» ըստ այդմ. «Ինչ եմ ես որ ծնայ քանի մը լեզուի մէջ եւ անոնցմէ ոչ մէկը կրցայ հարազատ նկատել եւ ոչ ալ մայրենի լեզուս որուն վերադարձայ օտար դպրոցի մը մէջ օտարանալէ յետոյ»1:

Շարժման /«Շարժում, հոսում ու փլուզում, հսկայաթոք, լայնօրէն»/ այն ընթացքը, որ պայմանաւորում է անհատի անցնելիք «ճամբաներն անվախճան», ինքնին պոռթկում է առաջ բերում «տենչերու շղթայազերծ»: Եւ ինչպէս Սարաֆեանի ողջ ստեղծագործութեան ընդհանրապատկերում, այնպէս էլ այս շրջանում, ՇԱՐԺՈՒՄ ու ընթացութիւն ապրող, հետեւապէս ՈՐՈՆՈՒՄԻ, ԳՏՆՈՒՄԻ անհրաժեշտութիւնը չափազանց էական համարող եւ անհրաժեշտող անհատը, նաեւ ճամփորդ է. /«Ճամբորդութեան ու անոր գաղտնի կշռոյթը»/:

Որտեղի՞ց է սկսւում. ելման ի՞նչ վիճակ է նախասահմանուած ճամփորդի համար սկսելու եւ աւարտելու այդ ընթացքը, որ ճամփորդութեան «ընդւզումով կը ճչար»: Իրականում ո՞վ է ճամփորդը՝ անհատի այն տիպա՞րը, որ արդէն «ոչ մէկ իտեալ ու անուրջ» ունէր /աքսորումի գիտակցումն մանկութիւնից ի վեր զգացած/, թէ՞ /«օրերով վազք հրատապ ապրած, պոռթկուն հոգով, դարաւոր շունչ մը վրան»/ եւ արգելուած ճամփաներ չճանաչող, աւելին դրանք արդէն շրջանցած անհատը: Երջանկութիւն է ունենալ գիտակցումն այն բանի, որ «զոհաբերում մ՛եղայ»: Սարաֆեանական խիստ անհատականացուած այս գիտակցումը ծնունդ է ազգային զգայականութեան խորաշերտ ընկալման: Եթէ վերյիշենք մէկ այլ առիթով Սարաֆեանի պոռթկումը. «Զոհողութիւն մըն է հայ ըլլալը»: Այն կրկնակ իմաստ-շերտաւորում ունենալուց զատ /ինքնութեան գոյաբանական ընթացք-պայքարը անցեալ եւ ներկայ ժամանակներում/, նաեւ խնդրական է սփիւռքեան իրականութեան տեսակէտից, ուրեմն եւ անհատի կողմից անմիջնորդաբար «իրագործուող»:

Զոհաբերութեան պատրաստ անհատի ընկալումներն սովորական իսկ պայմաններում ենթադրում են հասարակութեան «ունեցած» ոչ բաւարար քանակի «արեան» պաշարի եւ կամ օրէ օր զգացնել տուող կենսունակ /ժառանգորդութիւն ապահովող/ արեան մակարդման: Այդպիսով, անհրաժեշտութիւն է առաջանում վերսթափման, վերազարթման:

Զարթներ է ուժ մը կրկին,

Վարդն իսկ քնքոյշ, վարդն իսկ հեզ, իր փրկութեան համար

Ունի իր փուշը, որ մեզ

Յանկարծակի կը խոցէ:

Եւ շուտափոյթ «ծառերն...նոր ձեւ, նոր կեանք մը կ՛առնեն»: Փոխաբերութիւնը, իբրեւ այդպիսին, իր զուտ խորքային եւ ճանաչողական /գրողական մեկնաբանումի/ իմաստով Սարաֆեանի ստեղծագործութեան մէջ իւրայատուկ առանցքային նշանակութիւն ունի: Յատկապէս ծառերի փոխաբերական /ընդլայն իմաստով այլաբերական/ «կերպարային» պատկերումներն են որոշակի, կարեւորուող «ներկայութիւն», «Ծառերն ի վար կը հոսի կայտառ ժպիտը լոյսին», «Արիւն ու միս, ու ծառեր պիտի դառնան կարծր վեմ», «Ծառը ծովին պէս, երազ, կը հիւսէր քող մը սարսռուն», «Ու միջատները նըման ծառէն առկախ քնարներու...» եւ այլն:

Ծառերի լինելութեան սարաֆեանական համակարգը բացառապէս եւ միայն «ենթակայ» է անցեալի եւ իրականութեան փոխներհիւսութեան, սերտաճուածութեան ըմբռնումին, նրա կեցութեանը /հարատեւութեան իմաստով/: Յիրաւի, գրողի կողմից կերպարաւորուող եւ վերջապէս Վենսէնի անտառի խորհուրդ-կերպարով արդէն ընդհանրացեալ:

Այնքան լայնընդգրկուն է Սարաֆեանի «յաղորդակցական դաշտը», որ իր մէջ ներառելով «ծառերի» ամենանրբին զգայարանքները, կարողանում է մենախօսել եւ մենախօսեցնել, ի դերեւ հանելով չափազանց դրամատիկ-մարդկային նկարագիր, աւելին, սաղարթների «լռութեան» միջից անհատի /հայի/ ապրած ճակատագիր է երբեմն հառնում. «Ու կան հէքիաթ պատմող  ծառեր: Կան այդ հէքիաթը ապրող մանուկներ: Պատմական ճակատամարտեր մղող բանակներ են երբեմն ծառերը, սուր սուրի դէմ, ձիերու ու սաղաւարտներու բաշերը հովին ծփացող դրոշներու ներքեւ: Ու կան տաղասաց ծառեր, շարական երգողներ, բուրուառ ու ծնծղայ շարժող քահանաներ, գողթան երգիչներ ու իշխանի սպասող սոսիներ: Կան քերթողներ եւ յեղափոխական հերոսներ: Ջարդուող եւ աքսուորող ժողովուրդ մըն են երբեմն ծառերը, երբ ամրան կայծակները կը շողան անոնց վրայ... կան սէրով տառապող ծառեր: Ու երկու սրունքներուն միջեւ երկինքը սեղմող ծառեր»:2

Ապրելու ոգին, որ «կը մղէ վայելքներուն...», նոր յայտնութեան եւ խոյեանքի իմաստաւորում է ստանում, քանի որ մինչ այդ /«քու մանկութիւնդ եղաւ տխմարութիւն մը ամբողջ»/ անզորութիւնն ու խարխափումն են «զարնուել իրարու»: Համառ ու փոթորկուն է եղել. «Օ, այս պայքարն անցեալիս եւ ներկայիս միջեւ իմ»: Բայց ոչ վհատալից-իրականութեան բազմերակութեան ՄԱՅՐ երակի տրոփիւնն զգացողն անմիջնորդ է արձագանքում՝ դառնալով առաւել փոթորկուն, զգայացունց. «Կը ճզմըուի, կը զարնէ, կը զարնէ սիրտըս, կ՛այրին քունքերս յոգնած...»: Միակ փոփոխումն /«փոփոխումն այս կրկին»/ իր բնոյթով անձնային-իրավիճակային լինելուց զատ, նաեւ հասարակական-հոգեբանականի միտումներ է իր մէջ ներառում եւ «տեղի է ունենում» մտքի զարթնում մը քիչ-քիչ» բայց մինչ այդ երկուութիւն ապրողի /տագնապի երկուութիւն/ հոգեվիճակների ընդգծեալ յորդահոսմամբ: «Յայտնւում է» վաղուց սպասելին, որի դէմ անզօր է նոյնիսկ որոշապէս «տիրապետուած երկուութիւնը»...

Որոնումը շարունակականօրէն է պարտադիր ու նաեւ զգայելի «անարգել մակընթացումի» պարագային, մանաւանդ, երբ նպատակային է որոնումը ինքնորոնումի փոխակերպութիւն պայմանաւորող: Ասել է, թէ «տարածութիւն է որուն շունչէն իմ կուրծքս կ՛ուռի»: Այն տարածութիւնը, որ տակաւին դատարկ է, կարօտ հոգեւորի շնչառութեան, գորովով ընդլայնման: Հոգեւորի, որ նախապայմանաւորելու է ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ընթացքը, մեծ հաշուով ճանապարհը: Ահաւասիկ, անհատի՝ կացութեան զոհաբերման /ճամփորդութեան/ իմաստը, որ սփիւքեան գոյավիճակի թանձրացեալ պատկերումն է:

Իրականութիւնը այնքան տեսանելի չէ, որքան զգայելի: Արտաքուստ այն մի այնպիսի հոգեբանական միջավայր է, ուր ապրելն ու արարելը ի խնդիր ոգու ինքնակերպութեան պահպանման չափազանց դժուարին, եթէ չասենք անիրագործելի է:

«Ամբողջ բարդութեամբ» Սփիւռքի գիտակցման-ընկալման ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ Սփիւռքով ԱՊՐԵԼՆ Է: Ինչ որ նշանակում է նախ ապրեցնել ՈԳԻՆ. «Ոչ մէկ հմայք ու խորհուրդ... աւազին պէս ընդունեց մարմինս ամբողջ»: Ասել է թէ կլանող օտար իրականութեան մէջ Դոմոկլեան սրի պէս կախուած ուժացումի վտանգի առջեւ պայքարի /իմա գոյապայքարի/ միջոց հայ հաւաքականութեան համար մշտաբար եղել է հայ հոգու եւ մտքի շուրջ համախումբ ապրելն ամենատարբեր /դարաւոր/ դրսեւորումներով: Սրան նախորդում է լռելեայն ինքնապայքարի այն ընթացքը, կամ ազգագիտակցման կազմաւորումը, երբ ցնցումն համընդհանրական բնոյթ է կրում:

Արեւմտեան Սփիւռքի իրականութեան պայմաններում աւելի քան արծարծելի է անհատի մենակութեան /ազգային որոշակի պատկանելիութիւն ունեցող ընդհանրապէս խնդիրը, ոչ հասարակութիւնից մեկուսի ապրողի, այլ ինքնագիտակից արեան շրջանառութիւնն իր երակներում զգացող անհատի, որի համար մշտաբար գոյութիւն ունի մի տեսակ ինքնապահովման բնազդ իր եւ սերունդների ազգային ինքնութեան պահպանման գիտակցութիւնն ապահովող: Հետեւապէս, ցնցման անխուսափելիութիւն պայմանաւորող:

«Դռները գաղտնի տեսնիլ, ապրիլի» մտահոգութեամբ ապրողի համար իրականութիւնը եւ մարդկային ոչ սոսկական /այլ հոգեբանօրէն տարողունակ եւ ալեկոծ/ բնոյթը ճանաչելու ճանապարհով, իրականութիւնն առաւել դիտումնալից է դառնում: Առաւել կեանքային զգայունակութեան ենթաշերտեր պարունակող: Եւ քանի որ Սարաֆեանի գրողական կերպընկալումն ու լեզուական արտայայտչագեղութիւնը կամ այլ բառով՝ նկարչագեղ-պատկերաւոր լեզուն աւելի լիարիւն են դրսեւորում ժամանակն ու իրականութիւնն իրենց կենսառիթմերով եւ յարաշարժութեամբ, տեղին է վկայաբերել նոյն գոյավիճակագիր մէկ այլ մեծանուն գործչի մտածումները: «Ի՞նչ իմաստ ունի խրուել իրականութեան ճահիճը: Արուեստն աւելին է, քան սոսկ վաւերագրականութիւնը: Այն պէտք է արտացոլի բանականութիւնն ու զգացումները: Ոչ թէ տեսողական դիտումները, այլ մտքի անսահման փայլատակումներն են, որ բացում են ճշմարտութեան դուռը: Նրան է վերապահուած կռելու նոր մետաղը, վերածնելու իր դարաւոր կոչումը, որպէս մեկնիչ, բայց ոչ երբեք կեանքի գաղտնիքներն արձանագրող, հայկական իմ փորձը գիտակցականութիւնս հասցրել է զգացմունքի աւելի բարձր զգայնութեան: Ինձ ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼՈՎ /ընդգծումը իմն է Ա.Ա./, ես օգնում եմ մարդկանց ինքնաբացայայտմանը»/Արշիլ Գորկի/:

Աւելի պարզորոշ  եւ միեւնոյն ժամանակ բարձր իմացականութեամբ պատկերել դէպի իրականութիւն տանող ճանապարհը, որ «Ճշմարտութեան դուռն» բացել է նաեւ /ահաւասիկ ցնցման եւս մէկ ապացոյց, որ արդիւնք է ազգային ՈՍՏՄԱՆ/: Չնայած Արշիլ Գորկու եւ Սարաֆեանի պարագային ցնցումը չունի միայն եւ սոսկ ազգային ՀԵՆՔ: Իրապէս, աքսորն, իբրեւ համընդհանրական գոյավիճակ, սկսուել է տակաւին 1915 թուականից առաջ: Եւ յաջորդ տարիներն էին, որ պիտի վերապրելի դարձնէին երեւոյթի ողջ առաձգականութիւնն ու դրա զգայնական նշանակութիւնը /աքսորեալի հոգեցունց կեանքն «անձէն ներս եւ անձէն դուրս»/: Իրականութիւնը ոչ այնքան իմաստաւորողի, որքան իմաստազերծողի /ոչ մերժողի/, այլ նրա թաքուն ծալքերն յայտնաբերողի պահանջն էր խնդրայարոյց:

Ցնցման առթած զգայնութիւնը երբեմն նաեւ թախծութեան տեղիք է տալիս, բայց ոչ կորուստների ի գին, այլ սթափեցուցիչ, հաւատընծայ առ «կապոյտն արգաւանդ», որ հոգեսնուցման արտայայտչապատկերի նշանակութիւն է ստանում, հոգեկան կորովի դրսեւորման  ընդվզումներով.

Տրտմութիւնը սոսնձի

Պէս կաշկանդող երէկ զիս ու տագնապն էր տակաւին

Այս առաւօտ: Ծռեցի

Ահա գըլուխս համերաշխ խոնարհութեամբ. բարձրացայ,

Վըստահութիւնը եկաւ

Ու Տիրոջ շունչն ողողեց զիս, գերագոյն իբր ընծայ.

Սակայն ամենեւին չի ենթադրւում, որ մինչ վերին շնչառութիւններով հաղորդուելը, անհատը ինքնասպան անդիմութեամբ էր ապրում եւ միայն պահի լուսեղէնութեան շնորհն էր փրկաբեր. այստեղ  նոյնպէս նկատելի է տագնապի ապրած, այնուհետեւ վերսթափութեան-ցնցման ենթարկուածի վրայ որոշակի ներգործութիւն, այն նաեւ ինքնաճանաչման-ինքնացնցման հետեւանք է: Վերստին առարկայական է դառնում հոգեկորովի խնդիրը, քանզի անյուսութիւնն ու կամազրկութիւնը չէին կարող նման արտայայտումներ ունենալ ոգու դատապարտուածութեամբ տառապողի համար:

Ն.Սարաֆեանի բանաստեղծութեան պարագային, գոյի, լոյսի եւ նրանց հակոտնեայ մտքի առօրեականութեանը վերաբերող իր դատումներում, Մարկ Նշանեանը նոյնպէս ակնարկում է բանաստեղծութեան /իմա աստուածայինի/, իբրեւ անտեսի, անհասանելիի եւ ոգեզրկման՝ հանրայնացման համար ստեղծուած բաւականին պարարտ հողի գոյութեան մասին. «Քերթուածը, ըլլալով, եւ գրելով այդ պահը /լուսաբացի, լուսեղէնութեան, Ա.Ա./ կը պահէ ինչ որ գաղտնի է,  կը պահէ ինչ որ չի տեսնուիր երբեք, ինչ որ տեսանելիութեան եւ գոյաւորութեան աղբիւրն իսկ է: Կը պահէ զայն, որովհետեւ ամէնէն վտանգուած է նաեւ, միշտ անհետ կորուստի ենթակայ: ...Հասկնալի՜ է այն ատեն թէ խօսքին այս էական «լուսեղէնութիւնը» չըլլայ Վարուժանի բնազանցական «Լոյսը», որուն պիտի ձգտէր բանաստեղծը, ոչ ալ մեր գաղափարախօսութեան աւանդական փարոսը, որ տկար կամքերը պիտի ջղապնդէր, որ մոլոր միտքերը պիտի ուղղէր... Հասկնալի՞ է նաեւ թէ Սարաֆեան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, յամառ վերապահութեամբ, զգուշացեր է կասկածելի «ժողովրդականացումներէն»3:

Այն հանգամանքով /տեղատուութիւն, ասել է թէ ինքնազննում, եւ մակընթացութիւն, որ նոյնն է, ինչ ծաւալուող իրավիճակների մէջ գտնուող սեւեռեալ անհատի կողմից ելքի որոնում/, եւ այս ամենով յանդերձ նշմարելի է գիտակցականութեան – վերագտնման «շարժում» եւ միեւնոյն ժամանակ «արագութիւն»: Իրականութիւնը աւելի զգայելի դարձնելու միակ միջոցը մնում է արդէն սկսած, ընթածիրում գտնուող <ճամփորդութեան» շարունակումը: Եւ ամենեւին. «Զարմանալի չէ, որ ճամբորդութիւնը դառնայ յանկարծ աշխարհի ճանաչման միջոց, կարծէք արմատախլումը դառնար շրջուէր ու վերածուէր ճանաչման եղանակաւորումի...»4:

Այս պարագային աշխարհաճանաչողութիւնը կարեւորէլի է աւելի, քանի որ ինքնճանաչման հասած, վերջապէս, երկփեղկուածութեան չափազանց տքնալից /նրա անհրաժեշտութիւնն զգացած/ ընթացքը գոյութեան-շարունակումի ընթացքի հետ յարաբերած անհատի համար, ինքնութիւնն այլեւս հասանելի «իրողութիւն» է: Ճամփորդութեան աւարտը ինքնաճանաչմամբ յաղթահարելի. «սկիզբն էր երկանց»:

Ճամփորդը՝ «չղջիկն է ափէ ափ»- սարաֆեանական յղումըճամփորդութեան միայն նպատակային /հասնելիութեան, հանգրուանումի/ երեւոյթի անդրադարձը չի, չսահմանափակելով սոսկ հանգրուանային ընթացքի նկարագրութեամբ: Որքան էլ այն օժտուած լինի զգայական հատու շեշտադրումներով եւ անհատի /գրողական/ նկարագրի էքսպրեսիւ դիտարկումներով:

Ճամփորդը /եւ ճամփորդութիւնն իբրեւ հոգեւոր արարողութիւն/ ինքնօրինակ արարողակարգի ստանձման իսկ պահից պէտք է պատրաստ լինի նաեւ իրականութեան ըստ ամէնայնի «իւրացման» առաւել պատրաստ  անկանխատեսելի տեղատուութիւնների «դադարի» պահերին շրջուն հայեացքով ընդգրկելու անցած ճանապարհի ողջ ընթացքը, քանզի ՍՏԱՆՁՆԵԼԻՆ որպէս այդպիսին  ՓՈԽԱՆՑԵԼԻՈՒԹԻՒՆ նախապայմանաւորուող անհրաժեշտ գործօն է, առանց որի որեւէ իրական հիմք չի ստեղծուի ժառանգորդականութեան համար:  

Ասել է, թէ Սարաֆեանն այդ հիմքը տեսնում, արժեւորում էր հիմնովին անցեալ-ներկայ /«ափէ ափ»/ սահմանաբաժանների  տարածականութեան «գրաւումով»: Այսպէս է ընթացք տրւում Մեծ նաւարկութեանը:*

Արեւմտեան քաղաքակրթութեան արժէքներ եւ նոր ժամանակների պահանջ՝ հաղորդուելու այդ արժէքներով «մարդկային խոր պաշտամունքն» զգալով: Այս յանգամանքը չափազանց ընդհանրացեալ է «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն» ժողոուածուի համար: Մակընթացմամբ «ողողուած» անհատն իրականութեան մէջ եւ իր հոգեւոր աշխարհում տեւապէս ցնցում պրելով /նաեւ ձերբազատուելով իր Ես-ի եւ իրականութեան միջեւ եղած անջրպետից/, արդեօք ի վիճակի է ըմբռնել իր ներքին հակասանքի արդիւնք նոր գոյավիճակի բարեբերութիւնը. «Ողջոյն ծովուն, որ այս նոր վերածընումըս օծեց»: Ասել է, թէ առ իրականութիւնն ունեցած երախտիքի արտայայտումով՝ ինքնութեան անժխտականութեան պահանջ է զգացւում: Ո՞րն է այդ պահանջի իսկութիւնը պայմանաւորող հիմնորոշելին եւ ինչու՞ հենց ճամփորդութեան աւարտը ենթադրող գոյավիճակային պայմաններում /երբ ենթադրւում է շարունակելի ընթացքի, իմա՝ ինքնութեան/ դրսեւորման նոր ժամանակ եւ ընթացք, մէկ բառով ժամանակաընթացք:

Ժամանակն, իբրեւ նոր պայմաններ առաջադրելու միջոց, ընթացքն իբրեւ վիճակի անաւարտութիւնը համադրող անհրաժեշտութիւն, «Ճամբորդութիւն մը ուրեմն, կրկին դէպի ինքնութիւն»: Իրականութիւն իրականութեան մէջ, իր աներեւոյթ կողմերով, չափազանց անտեսանելի, բայց կեանքի «պարտադրած» շարժմամբ, արագութեամբ զգայելի, որ հարանոր է, քանզի «բացուող լայն վանդակ» կեանքի վերյառնումից Անտառն իմաստաւորուն «գոյութենական» վիճակների ծաւալումներ է ունենում կախուած անհատի հոգեւոր «բազկերակի» տրոփիւնների ուժգնութիւնից: Թէ ինչպիսի «պայքար» է ծաւալուել Սփիւռքի եւ Անհատի միջեւ հոգեբանական այլազան դրսեւորումներով, երբեմն անլուծելիութեամբ իրավիճակներ խճողող:

Յամենայն դէպս, գրական /հետեւապէս կեանքի/ փորձառական մի շրջան,- այսպէս կոչուած սփիւռքանալու ժամանակաշրջան,- ապրած սերունդը եւ առանձնապէս Ն.Սարաֆեանը չէր կարող չունենալ կրկնակ իրականութեան զգացում /ինչպէս վերը նշեցինք, իրականութիւն-իրականութեան մէջ/: Այս զգացումն ունենալը որոշապէս անխոցելիութիւն էր ենթադրում այն պայմաններում, որ հրահրել էր սփիւռքեան գոյավիճակը, նրանք այդ գոյավիճակի իրաւ-ճշմարտացի կրողներն էին: Ասել է, թէ մաքառողները...

Քաղաք եւ քաղաքակրթութիւն սարաֆեանական կերպընկալումը որոնման /ազգային ինքնութեան գտնումի/ հրամայականով է պայմանաւոր: Վիճակն աւելի պատկերալից, ընդհանրացնող է դառնում, քանզի, «Քաղաքականութեան քաոսը պատկերն իսկ է», ըստ Սարաֆեանի, Սփիւռքին:

Այսպիսով, քաղաքակրթութիւնը հաւաստի կռուան է, որպէսզի անհատ-ճամփորդն ինքնարտայայտման առաւել լայն հնարաւորութիւններ ունենայ՝ դրսեւորի ժամանակի հրամայապահանջ որոշ իրողութիւններ, որոնք ոչ միայն կենսունակ են, այլեւ անհատ-հաւաքականութիւն հիմնորոշելի խնդիրներում պարզեցումներ առթող:

Որո՞նք են վերոյիշեալ «օրինաչափութիւնները», որոնց կամայ-ակամայ վերապահուեց այնպիսի «դեր», որ օգտանպաստ պիտի լինէին տակաւին արեւմտեան իրականութեան «տենդի» մէջ գտնուող,- բայց ոչ տենդահիւծ/,-ազգային հաւաքականութեան համար:

Պատահական չէ, որ Սարաֆեանի ստեղծաբանութեանը անդրադարձող սակաւաթիւ վերլուծաբանները /Գր. Պըլտեան, Հ.Քիւրքչեան/ չափազանց խնդրայարոյց են համարում բանաստեղծի գրողական արարքի ամենամասնայատկալից «բեւեռը» ուղեւորութիւնը կամ, որ նոյն է ճամփորդութիւնը: Ըստ այդմ ճամփորդի լինելութեան հարասացութեան այնպիսի «առաջադրումներ» անում, որ Սարաֆեանն իբրեւ սոսկ բանաստեղծ չի ընկալվում, ներկայացվում նրանց կողմից, այլ ինքնացման հոգեվիճակ ապրող, դրանով իսկ հրահրող առ հաւաքականութիւնն ունեցած հոգեւոր կազդուրման իրապաշտական ձգտումները, անհրաժեշտ  եւ կարեւորող «Գոյաստեղծման ոլորտի անզանցելիութիւնը» /Յ..Քիւրքչեան/, որ նոյնն է, թէ անտես չառնել անցեալ-ներկայ հոգեւոր թանձրացեալ նկարագիրը՝ ժառանգութիւնը, այն աւանդելի դարձնել, քանի որ.

Մերկ ահա ես, մեզ ծնող

Ծովուն առջեւ, կուրծքըս լայն, հովերուն դէմ պաղ, հսկայ

Կանչին մէջ յարափոխ

Հրճուանք: Ողջոյն իմ ներքին հակասանքիս.

Ողջոյն մեծ

Մակընթացման ողողող

Ողջոյն ծովուն, որ այս նոր

վերածընումս օծեց:

Վերստին քաղաքականութեան եւ անհատի լինելութեան /անհատի, որ ճանապարհ է անցել վերադարձի կամ ճշմարտութեան գտնումի ակնկալիքով/ խնդիրը. աւելի առարկայական նպատակաորոշ, այն է. արդեօ՞ք իր «ելման կէտը» /եւ ողջ ընթացքը, որ տարրալուծուեց ժամանակի մէջ/, որ հոգեւոր յեղաբեկումների եւ տքնումի մի ողջ, ընդգրկուն «Ճշմարտութիւն» էր իր մէջ ներառում, գոհացում բերե՞ց «առաջնորդ ոգուց» ծնուած անդադրում «հոգուն», որ նոյն ինքը անհատն է իր խտացեալ կենսագրութեամբ կամ հաւաքականութեան ոգեկիր-վստահեալը:

Իրականութեան դէմ յանդիման /որ ինչ որ տեղ նշանակում է «հայութենէն հեռացումը մօտեցում է հայութեան «ոգիին»/ լինելու պատեհութիւնը այլակերպումով. «վերածընումով» է պայմանաւորելու անհատի փնտրտուքը.

Լուսինին լոյսը հեղուկ ճերմակ ճամբայ մը է յղի,

Ուրկէ աստղերը կարծես

Պիտի երթամ անդարձ ես...

Ան ապագան է, բիւրեղ որ անհունէն կը բխի:

                                                                             /«Լուսնի լոյս»/

Այն, ինչ ապագայի կերպաւորումն ունի, անկասկած, նաեւ, անդարձ, «երթալուն» է զուգահեռւում: Մի տեսակ վճռականութիւն է յորդում նաեւ ապրածից /«կարօտ մը զիս կը մըղէ»/: Քանի որ անհատն իր երազի անկատարութեան զոհն յամառաբար չէր ուզում դառնալ: Աւելին, իրականութիւնն այդ երազով եւ նրա շնչառու զօրութեամբ պէտք է առաւել խորքային իմաստ ստանար, նաեւ իմաստնացած կեանքի ընձեռած հնարաւորութեանց շնորհիւ /ճանաչողութեամբ/ անհատի հաւաքականութեան գոյութիւնը: Յամենայն դէպս, երազի եւ իրականութեան սահմաններն զատորոշելու մի ճիգ է նաեւ անհատի գոյապայքարի փաստը, մանաւանդ, երբ «կը բարձրանար հոգիս յորդ ծուխի մը պէս կայծկլտուն».

Երա՞զ էր որ կը ցոլար,

Կը ընդարձակէր ամէն բան,

Կը կերտէր կեանքս, անոր վառ

Խորք մը տալով անսահման,

Թէ՞ կեանքս էր որ միշտ կու տար

Զայն ծոցն ի վեր իր խորին,

Զերթ յայտնութիւն անկատար

Իր ապագայ պատկերին:

                                                             /«Երազ եւ կեանք»/

Շարունակաբար նկատելի է երկուութիւն ապրողի կամ երկուութիւն-երկփեղկուածութիւնն իբրեւ հոգեվիճակ կրողի /Սփիւռքն իբրեւ ժամանակ եւ տարածութիւն ապրողի/ «պահուածքի» անհաւասարակշռութիւնը: Կարծես մի տեսակ ոչ աւարտուն վիճակի «պարտադրանքով» անհատի վեհերոտութիւնը երբեմն-երբեմն իրեն զգացնել է տալիս: Բայց ոչ այն ուժգնութեամբ, որ հոգէվիճակի «անաւարտութիւնը» տեւապէսօրէն շարունակուի: Այն, ինչ չափազանց վնասաբեր ներգործութիւն կունենայ իր ընթացքն ինքնավերահսկող անհատի համար: Որքան էլ.

Ճամբորդն եմ ես,

Սուտի, ճիգի, տառապանքի օրէ մը վերջ...

                                                             /«Մեկնում»/

Այնուհանդերձ.

Օ, մեր կեանքը արկածայից:

Դարերն հոսող աղբիւրներ լայն, յորդառատ կը հոսին:

                                                                                /Լուսարձակներ»/

Այսչափ կարեւորութեան ընծայումը իրականութեան արկածախնդրական-հեղհեղուկ նկարագրին, մասնաւորելով քաղաքի ժխորն ու «ողբերգու թռչուններու», «փողոցներէն լոյս սփռող գինիներու» քաոսալից խրախճանքի նկարագիրը՝ հանդարտ ընդվզումով, «Կը բաբախէ սիրտըս ու կ՛որոտայ անհունութիւն մը ներքին...». ոչ միայն դժուար է երեւակայել, այլեւ «անորսալի» իրականութեան մէջընդմէջ «անցումները», նրա տեւողականութիւնը, ռիթմը՝ «կը գլորի պարապութիւնը հիմա»: Աւելին անշրջանցելի է ժամանակ-իրականութիւն /իբրեւ միախառն հոգէվիճակի դրսեւորում/, նաեւ երբեմն հակադրալից «իրողութիւնների» ողջ ընթացքը, բայց արձանագրելի ուրոյն անհատականութիւն ու գոյակերպ դրսեւորած անհատի կողմից: Չափազանց զգայալից անհատի, որ «դարերով սպասուած երազի» սարսուռի /բայց ոչ համակերպ, այլ պոռթկուն/ կրողն է.

Կը դողդղամ ամէն անգամ որ կ՛անցնիս վրայէս.

Վայրագ ու թովիչ թռչուն...:

                                                                   /«Սաւառնակ»/

«Հոգիս վայրագ կը խմէ անյագօրէն հոսանուտ տարածութիւնը»: Խոստովանումն ամենեւին ժամանակամերժ պահուածքի արտայայտութիւն չէ, ոչ էլ ժամանակի «թելադրմամբ» անհատի հոգեխեղման նշանակալիութեան դրսեւորման ապացոյց: Բառն ընդգծեալ իմաստ է ստանում, քանի որ երբեմնի «մարդատեաց հոգին» է, որ տակաւին տարածութեան մէջ, «անհունութիւն մը ներքին» ունենալու կարօտանքն ապրելով, անյաղորդ է իրականութեան ալեբախումներին կամ գոնէ անտես է առնում, անմասնակից է դառնում, քաոսի եւ «գլորուող պարապութեան» քմայքներին ինքնութեան դիմադարձումների ուժականութեամբ կամ որ, ինչպէս մէկ այլ պարագայի Հ.Օշականն է իրաւացիօրէն նկատում. «մեծ քաղաքակրթութեան մղձաւանջը մերինին վրայ»: ՅՀետեւապէս, քաղքակրթութեան եւ քաոսի նոյնականացումն ինչ-ինչ առումներով վերստին խնդրականացնում է ինքնութեան ճանապարհի իսկութիւնը, քանի որ.

 

Մենք հասնինք հոն, ուր յոյսեր մեր անձն ամբողջ կը զըտեն,

Կը փըռեն լոյս մը հեռուն

                                                     /«Յանձնուինք, Սէր, մեր սիրոյն»/

 

Եւ քանի որ «քաղաքներուն եւ հողերուն վըրայէն» անցման պահը աշխարհի /յատկապէս արեւմտեան/ ճանաչում է ենթադրում «փնտռտուքէ մը վերջ», ապա.

Քաղաքն օտար ելեկտրական ակռաներով,

Հինգ յարկ վարէն բացուած երախ

Ցնորաբեր, զիս վար քաշող խորխորատ:

                                                                                      /«Տեսիլք»/

Իրական «տեսիլքի» ընկալումը զուտ աշխարհաճանաչողական նշանակութիւն ունենալուց զատ, նաեւ պայքար է փնտրտուքի ընթացքում ընթացքում գտածը /ճանապարհը/ անկորուստ պահելու համար. «չար ու բարի ոգիներ օրրանիս շուրջ, սրտիս համար կռուեցան»: Յամենայն դէպս, դժուարին մի հանգամանք վերստին եւրոպական քաղաքակրթութեան բարդայարոյց իրականութեան հետեւանք:

Որքան էլ հոգին ազատ, անկաշկանդ լինի, այնուամենայնիւ, իրականութեան ԿԱՊԱՆՔՈՒՄԻՆ ինչ որ տեղ, կամայ ակամայ, ենթակայ է, քանզի ԵՆԹԱԿԱՅԻ /անհատի/ փոխյարաբերութեան մէջ գտնուելու վիճակն արդէն /իրականութեան հետ/ ենթադրում է յարաբերութիւնների կազմաւորում, ըստ այդմ, անհատի ներաշխարհի կազմալուծում՝ տեղի տալով «օտար թափանցում»ների առաջ: Այնուամենայնիւ, ըստ չրաքեանական բանաձեւումի, ամէն անհատ «ամէն հոգի տաճարի մը կանգնումին համար կանխորոշուած խորհրդածուփ ամայութիւններ ունէր... մենասէր որ կը յառի, կը զննէ, կը խփի, որ կը թուի մեղմել, արգիլել ջանալ որեւէ օտար թափանցում, վասնզի ալ ներսը անմեղութիւն չկայ, ու մանաւանդ կարծես մերժել արտաշխարհի նողկութեանց տեսարանին ազատ մուտքը ապաքինելու կարօտ հոգւոյն մէջ, որովհետեւ անոնցմով չարաւաւորելու ուրեմն անոնց ներելու չափ վճիտ չէ անիկայ...»5 :

Հարկ կա՞յ մասնորոշել, ընդգծելի դարձնել, որ առ արտաշխարհն ունեցած վերապահ ժխտականութիւնն ամենեւին արդիւնք չէ հոգու մտածումի նեղմտութեան, մանաւանդ Ինտրայի պարագային, որ իմացականութեան «Խորհուրդ մըն է անմեկնելի»: Խնդրայարոյցը, ինչպէս Ն.Սարաֆեանը գրում է. «Վահան Թէքէեան» յօդուածում. «Բախում արտաքին աշխարհին հետ: Հոգեկան առանձնութիւն: Ներքին ինքնաճանաչում: Ներքին հակասութիւններ: Ներքին եւ մշտական հալածանք»:

Վերոբերեալ յատուածը Վ.Թէքէեանի ստեղծագործութեանը բնորոշ լինելուց զատ, նաեւ հոգէմակընթաց վիճակներ ապրած անհատի, արտաքին «երեւոյթներուն» նետած հայեացքի դրսեւորանք է, ըստ այդմ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆ ապրած  անհատի հաւաքական ըմբռնում:

Եւ եթէ իրականութեան համար սահմանելի ՔԱՈՍԻ վիճակը վերոբերեալ նկատառմամբ «ստեղծարար» է, ապա «Մահուան մէջ կեանքն է գալիք, որ կը սիրեմ հիմա ես», սարաֆեանական յղումը ընդհանրական է ոչ միայն այս քննարարժան շրջանի ստեղծագործութիւնների համար:

Արդեօ՞ք մտածումի տարողութեան այլ շերտեր չի՞ ենթադրվում, մանաւանդ, երբ ապրումի շիկացող մթնոլորտն է միշտ առկայ՝ ընդմէջ արդէն քանիցս նշուած անհատի եւ իրականութեան, երբ ճամփորդութիւնը արարողութիւն է անցեալից ներկայ: Եւ այս ընթացքում կեանքի յեղաբեկումներն իր  հոգու մէջ ներառելով /վերածնում, վերազարթնում պայմանաւորող հոգու/, առաւել «սէր եւ անհուն երանութիւն» եւ զգաստացումի գիտակցում է յաղորդում մահուան /յարութեան/ գաղափարը վերաիմաստաւորողին.

Կը շքեղնայ ամէն գիշեր, սեւ մայթին վրայ, ջուրն անձրեւին.

Երբ լապտերին լոյսն իր վըրայ Յիսուսի պէս կը տարածուի:

Աստղեր, բոցեր կ՛արտացոլան, կը թրթռան արծաթ թելեր,

Անդրաշխարհ մը անդորր ու պերճ կը ծաւալի իր ծոցն ի վեր:

Եթէ լըքէ քեզ կեանքն այդպէս, որով, օ, մահ, կ՛աղուորնաս դուն,

Իմ պատիս տակ, թաքնաթաքուր, օ ինչ տրտում ողբերգութիւն:

                                                                                   /«Կախարդական» հայելի/

Քրիստոսի գոյ-գաղափարի խնդրի անդրադարձը չէ մահուան գոյավիճակի զուգահեռումով, այլ Աստծոյ որդու ստեղծարարութեան /իբրեւ նախանիշ սկզբնաւորումի/, կեանքն անաղարտ սկսելու եւ այն պահպանելու, որ ի վերջոյ սկիզբն  ու վերջն ընդհանրանան. այսպիսի ընթացքն իսկ արդէն կատարելութեան միտում եւ եղանակաւորում ունի:

Սարաֆեանը ճշմարտութեան որոնման խնդիրը այնքան ու այնպէս էր անհրաժեշտում՝ իբրեւ գիտակցութեան առաջմղիչ կենսունակ գործօն, «սրբութեան ձգտողի» երկիւղանքով, եւ իրականութիւնը դիտում էր որպէս  «մասնակից» անհատի «հոգեւոր մաքրումի»՝ բարոյականի ըմբռնումի խնդիրների համապատկերում. «Քրիստոնէութիւնը, որ աշխարհականը վաղանցիկ, պատրալիր գտած է, ձգտած է նաեւ բացատրել բանականութեան սխալ ըլլալը: Սխալական է եւ անբաւ բացատրելու համար արարիչն ու անոր ստեղծագործութիւնը: Այն, որ կ՛ուզէ Աստուծոյ հասնիլ, պէտք է որ ջնջէ իր գիտակցութիւնը: Աստուծոյ հասնելէ վերջ, կ՛ունենայ ներքին լոյս մը, այլ գիտակցութիւն մը»6: Այսպիսով, բոլոր ճշմարտութիւններու» տանող ճանապարհի ուղենշումով Սարաֆեանը ցուցանում էր միակ ճանապարհը Աստուծոյ ճանաչումի...

                                                         Արթուր Անդրանիկյան

----------------------------------------------------------

1. Ն.Սարաֆեան. «Վէնսէնի անտառը», Փարիզ, 1988, էջ 466:

2. Նոյն տեղում, էջ 15

3 .«Գոյաստեղծ բանաստեղծ մը», Փարիզ, «Յառաջ», 6 մայիս, 1984:

4 .Գր.Պըլտեան, «Տրամ», Պէյրութ, 1980թ., էջ 375-376:

5. Ինտրա (Տիրան Չրաքեան) «Ներաշխարհ», Կ.Պոլիս, 1906թ., 1906, էջ 106:

6. Ն.Սարաֆեան, Վէնսենի անտառը, էջ 246:

*Արդեօք հայութեան անցած ողջ ճանապարհը մեծ նաւարկութիւն չէ պատմական քառուղիներում գրեթէ միշտ ինքնապահպանման համար մղած պայքարով, ժամանակ առ ժամանակ ազգային պետականազուրկ կարգավիճակով, այս կամ այն պետութեան գերիշխանութեան տակ որպէս ազգային անիրաւուած փոքրամասնութիւն գոյամաքառելով, ցեղասպանութեամբ, անդառնալիօրէն բնօրրան կորցնելով եւ ի վերջոյ աշխարհասփռելով, որ իրականում անվերադարձ ԱՔՍՈՐ եղաւ, մի ողջ ժողովրդի սփիւռքացումը:

 

Հատուածներ Նիկողոս Սարաֆեանի

«Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն» հատորից

Ա. ՏԵՂԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Կը հոսի գետը հըզօր՝ փոշեթաթախ ծառերուն։

Կը թաւալի մեր ետին,

Կը պոռթկայ վեր՝ ծառուղին ահեղավազ, փրփըրուն,

Ճեղքելով մութը ցրտին։

Կը դըղըրդայ հողը յորդ՝ փըլուզումով մը, հեռուն։

Ահաբեկած կանհետին

Հսկայ շուքեր, կը կախուին, կիյնան ճըչան ճիւղերէն։

Կերթան խորերը անյայտ՝

Դամբանաբոյր անտառին։ Աստղ մը: Երկու։ Օ՜ երէն՝

Ալեկոծման մէջէն այդ։

Իր աչքերը զմրուխտէ՝ թաւիշի փայլ կը սփռեն։

Որոգայթէ որոգայթ՝

Մեր փարոսներն հըրահոս։ Կը փըչէ շունչ մը վայրագ

Մեքենան վառ ու արու՝

Ինքնաշարժին խոյացող, որ իր վազքին մէջ կըրակ՝

Հեւք մը կըլլայ գամբռերու։

Տերվիշներու պէս դարձող կու գան ծառեր շարունակ

Հետեւելով իրարու։

Մղձաւանջի թեւերով կանցնին ծառեր, որ մեր շուրջ

Սեւ տեսիլներ կը փսխեն։

Մահապարտի գըլուխներ ու արձաններ, դիեր մունջ՝

Յորձանքը մեր լուսեղէն

Կը թափթըփէ, կը նետէ երկու կողքին

Ի՜նչ մրմունջ.

Ճամբան իր խոր երախէն

Կը հանէ ճիչ մը յուզիչ, ձայն մը ժայթքող արիւնի։

Ի՜նչ քայքայումբայց բարի

Ի՜նչ յարութիւն նոյն ատեն։ Հոգիս քիչ-քիչ կընդլայնի։

Հոգիիս մէջ կը սպառի

Ամբողջ աշխարհ մանցեալի։ Հոգիս կուռի կուրծքիս տակ,

Արագութեամբ մամեհի,

Կալվանումով մը կօծուի, մինչ խաւարէն անյատակ,

Անըսպառ դուրս կը սահի՝

Ճամբան փիւնիկ՝ մեր առջեւ, կեանքի բացուող լայն վանդակ։

Նոր է, նոր, նոր որ անհիմ

Այս հողերէն, թօթուելով մեր կեղծիքները բոլոր,

Այս քաոսէն կը ծընիմ։

Շղթաներու կոյտ մարդէն կը փշրըւի, երբ մոլոր

Ճամբորդին պէս, կապերն իմ

Կտրած կերթամ։ Կը հնչեն ադամանդներ մինչ վըրաս,

Ծառերն ի վար ուրուային,

Ու խաւարին մէջ, ուր լայն վարագոյրներ խօլավազ

Մեր լոյսին տակ կը բացուին,

Կառքին քամին կը պատռէ պաղ պատանքներ։ Սեւ երազ

Մը նոյն ատեն կը քաշեն,

Սեւ, նեխոտած ցեխեր՝ խոնջ ուսիս վրայէն, գլխէս վար։

Աչքերըս փայլ կառնեն շէն։

Սարսըռալով կու տան խոյս՝

Յուշերըս խուլ, տխրահունչ, յօշոտուելով ծառէ ծառ,

Շուքերու հետ խելասոյզ,

Որ կը փախչին՝ հըրելով փերիներու պէս իրար։

Գինի ու կրակ կը ժայթքին

Անիւներէն։ Կը յորդի հրթիռաթիռ ձիւթերէն՝

Մեծ երգն ուժին ու կեանքին,

Նըւագն հողին բազմալար, ալեկոծուող, քաղցրօրէն

Թրթըռացող գիծերուն։

Ձըգողական նոր, խոտոր օրէնքն է, որ երկրաչափ

Մը մեր առջեւ կը պարզէ։

Անհունութիւնն է կարծէք, որ խոյանքով մհամաչափ

Կը կտրէ կառքը, որուն

Շուրջ ռիթմ է, պար փըլուզում, տարրալուծում ու խուճապ։

Ալիքներովն իր վարսէ

Ճամբան տռփոտ կը գրկէ կարապ մը վէս, կըմպէ տաք

Հովը անոր թեւերուն։

Պըտուտակները սահուն

Կելեւէջեն սփռելով սեռային դող եւ հեշտանք։

Մոգական գորգ՝ դէպի նոր գանձերն ու նոր ապագան

Մեր կառքն արդէն կը սուրայ,

Երազի պէս, գիւղերուն կաղկանձելով, մինչ կոռնան

Շուներն, ահա, մեր վըրայ,

Ու Յիսուսներ կիջնեն վար իրենց մամռոտ, ծուռ խաչէն,

Աւերակէ աւերակ

Մեռելները մինչ կողբան, կառաջանանք մենք մինչ է՛ն

Վըտանգաւոր եւ արագ

Զառիթափէն, ուր այնքան քաջ ասպետներ, իշխաններ

Ասուպներու պէս ինկան,

Ուր չոր հացի մուրացկան՝ ճգնաւորներ անձնըւէր

Կապաշխարեն, կը խոկան

Ու լիճերէն դարաւոր, դողդըղալէն կելլեն վեր․․․

Բ. ՄԱԿԸՆԹԱՑՈՒԹԻՒՆ



Հոս, սակայն հոս, արեւին

Այս ճամբուն մէջ, այնքան մօտ այն աշխարհին, որ ինծի

Իմ մանկութեանըս տըւին,

Հոս, այս օտար ափին վրայԻ՜նչ կսկիծ է: Դիմացի

Ջուրերն ահաԻ՜նչ հեգնանք` վայրագօրէն արձակուած`

Տարիներուս ետեւէն:

Ի՜նչ բողոք է անողոք: Հեքիաթներու կարօտ, լաց

Հովերն հեռուն կը դաւեն:

Ուրուականի մը տըժգոյն իր դիմակովը խաղաղ`

Լուսինը լուռ կը դաւէ:

Արեւին տակ անսահման վիհի մը պէս կը շողայ

Աւազն անգոյն կըտաւէ:

Ի՜նչ խուժում է յուշերու, որ կողողեն զիս կրկին:

Օդը համբոյր է, գորով

Կը բարձրանայ սիրտս ի վեր սիրոյ փափաք մը ուժգին:

Հորիզոնէն դուրս խըռով

Կը յորդի ծովը ահա, ձուլածոյի մը պէս ջինջ,

Սալի, մուրճի ձայներով,

Գըլաններով թաւալուն, բիւրեղներու պէս կիզիչ,

Շուշաններով կուսական:

Բայց տատասկներ, իժեր են ահա ջուրերն այդ յորդող,

Միլիառ որդեր, որ կու գան

Գալարուելով, շողալով, օդին, հողին տալով դող:

Խեղճ խենթութիւն է եղեր

Ինչ որ տըւի ծագէ ծագ, ես` խոյանքով մանվարան,

Այս առաւօտ ճամբան մեր

Դարձընելով ծիածան, սին յոխորտանքՉըկրցան

Թեւերս տանիլ ոչ մէկ բեռ,

Եւ ճիգերէ վերջ այսքան, չունեցայ ոչ մէկ կայան,

Ոչ մէկ հանգիստՏարուբեր`

Մինչեւ հիմա չըգիտցայ յոյսերուս վրայ ցիր ու ցան

Խարիսխ նետել, ամրամալ

Կեղծիքներուն վըրայ մեր անբուժելի խեղճութեան:

Ի՜նչ զառանցանք, ի՜նչ սըխալ

Այդ ուրացումը անձիս, այլակերպումն առտըւան:

Ծովին տակ տունն էր մեր հին,

Ուր մանեցինք քով քովի` մայրըս սեւ բուրդ, ես` երազ:

Տունն ունէր իր երկնային

Ու դըժոխքի իշխաններն, որ հսկելով միշտ վըրաս,

Իմ շուրջըս ման կու գային:

Շըւոտ մը կար անոնց մէջ, - վախ, մղձաւանջ հանապազ:

Անոր գըլուխն էր շրջած

Դէպի ձըգած խոռոչներն, հետքերն իր ծուռ ոտքերուն:

Ան ունէր տենդ, տըղու լաց:

Կը շըփոթուէր ծառերուն հետ իր հասակն ահարկու:

Ան կերեւար իմ աչաց

Ու հազիւ հազ երեւցած` կը խուսափէր միշտ հեռու:

Վերադառնալ ան կուզէր

Կարծէք եկած ճամբայով, որ արցունքով կը թրջէր:

Բարի ու չար, մարդասէր

Ու մարդերէն խուսափող, հակասական ան տենչեր,

Աչքերուն մէջ յարաշարժ

Դարերու կեանքն ունէր, խանդ: Անոր անցած ատեն վիշտ,

Փոթորիկ էր, երկրաշարժ:

Կը կաղկանձէր շունը տան, որուն կոռնար ինքն ալ միշտ:

Մեր տան դիմաց ծովը մերթ՝

Յովազավազ ալքերով։ Հովն ու դեւերն ամբարիշտ,

Ձեղունին մէջ փայտակերտ՝

Կը սուլէին գիշերներնանդրաշխարհիկ երաժիշտ

Ու անծանօթ կըռուի երթ,

Խոյանք մըն էր մութին մէջ։ Ապրելու վախ ախտագին

Ու յուսադրող կեանքի սէր

Հին, հեթանոս դարերէն դէպի լայն դուռն երկնքին։

Մայրըս սուրբեր կը լըսէր։

Իմ ծընած օրըս Զատիկ, զանգերու զարկ էր ուժգին,

Մեծ յարութիւն հողն ի վեր։

Բեղմնաւորում էր չորս դին։

Խոյամարտ էր, հըրախաղ։ Իմ ծընած օրըս քունէն

Կարթննար օձը դաշտին։

Գառներու ձայն էր անուշ, ցուլերու շունչը հրեղէն։

Իմ ծընած օրըս կրկին

Կը հեռանար մեր երկրէն՝ արեւը տաք, իր ձմրան

Մերձեցումէն վերջ երկար։

Ու թարմ արիւնըս կեանքին մակընթացումն հողին վրան,

Տեղատըւումը կը զգար

Բնութեան յօգնած ուժերուն։

Կենդանութիւն, տեւական

Հակասութիւն էր, պայքար

Արեանըս մէջ յարաշարժ։ Ճշմարտութեան մը վերջին

Չունեցան ձեւը երբեք

Խոհերը մեր։ Կը դառնան կոհակները, կը փըլին

Կըլափելով մէկըզմէկ։

Կերթեւեկեն ետ-առաջ դարերն, ամէն հինգ քայլի՝

Նահանջի քայլ մը կառնեն։

Ջերմերն իրենց ելեւէջն ունին, սէրերը իրենց

Տեղատըւումն ամենէն

Հարուստ սրտին մէջ անգամ։ Ժողովուրդներն իրենց մեծ

Մահն ու զարթումն ունին շէն։

Օ՜ հակասանք, ըստեղծման դա՛ռըն պայման։ Տեսայ քեզ՝

Անոր մէջ իսկ, որ անխախտ,

Յաւակնութիւնն ունէր միշտ՝ երթալ ուղիղ գիծի պէս։

Եւ մահ էր հոն, ուր խաղըդ,

Ալեկոծումըդ չըկար՝ սահմանափակ գլխէն ներս։

Այսպէս, իմ դէմըս դըրախտ

Եւ դըժոխք է նոյն ատեն։ Հրեշտակներու հետ լուսէ՝

Հրէշներու կռիւ է։ Անվերջ

Ալիքներու գլխատում եւ յարութիւն։ Կը յուզէ

Զիս յայտնութիւնը այս պերճ,

Կահաբեկէ նոյն ատեն։ Մանկութիւնս իմ ցաւ ու սէր,

Վէրք մըն է մերթ, շըքեղ մերթ

Անդրաշխարհիկ յիշատակ մոր զիս խորքէս կը ցնցէ։

Անցեալն այնքան քաղցրակերտ,

Այնքան վըսեմ է երբեմն, անարատ՝ զուրկ թախիծէ,

Այնքան պղտոր են օրերդ։

Որ կը կարծես ինկած վար ըլլալ երկնի մը ծոցէն։

Խորհուրդն անցեալ, մանկական,

Օրերն հնչուն ջուրերուն շողերուն պէս սըրարշաւ՝

Աստուածային են այնքան

Որ կեանքս ի վեր աղարտա՛ծ, մաշած տակաւ առ տակաւ՝

Ըզգայնութեան մը կը զգամ

Անցնող ալիքը ներսէս

Ջուրերուն հետ կը հոսին

Փսփըսուքներ ու լոյսեր,

Որ կը մաղէր իմ վըրաս ծուռ թըզենին պարտէզին,

Ուր սիրտըս ժիր կը լըսէր

Հեւքը բնութեան անսահման, անրջային մեղեդին։

Տեսիլներու կարկեհան՝

Ծառը ծովին պէս, երազ, կը հիւսէր քող մը սարսռուն։

Ու միջատները նըման

Ծառէն առկախ քնարներու բիւրեղավառ լարերուն՝

Կը ձայնէին իր վըրան։

Եւ ահա ճիչ մը ցաւի, -

Տարիներուս ետեւէն ձայնող թռչուն մը հեռուն։

  • Hits: 1374

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: