Սփիւռքացման տագնապներ. «14»

Ինչպիսի՞ հոգեապրումներ եւ «արմատախիլ տունկի» ի՞նչ պոռթկումներ ու  հոգեբեկումներ պիտի ունենար բանաստեղծը,- հայ բանաստեղծը,- ոգեկոչելու համար. «Կարելի չէ, կարելի չէ չըյիշել քեզ, օ արիւն»: Ի՞նչ արեան եւ յիշողութեան ակնարկումներից էր Սարաֆեանն անյուշակորոյս փնտրտուքի մէջ:

Արտաշխարհը՝ որպէս այդպիսին, պէտք էր, որ հակառակ անդրադարձն ունենալով դէպի անյիշողութեան կորստաբեր յորձանուտ մղէր անհատին՝ թէ որպէս անհատի, թէ որպէս հաւաքականութեան ոգեկրի: Սակայն ոչ երբեք պատգամումն ունենար ստանձնելու Ֆրանսիայի Ազգային տօնի՝ յուլիսի 14-ի բանաստեղծական մարմնաւորման: Չափազանց խորհրդանշական է 14 հատուածից բաղկացած այս երկի յղացումը. առաջին իսկ պահ  այն կարող է ընկալուել իբրեւ ներբող Բաստիլի զոհերի յիշատակը յաւերժացնող: Ճիշտ հակառակը՝ այն սոսկական ձօն չէ. <<հոգեկան հայրենիքի մը բացակայութեան ողբաձայն հաստատումը» լինելուց զատ: Այս նկատառումն «ընթերցման» ընկալման արդիւնք է նախ եւ առաջ: Աւելին, սկզբունքային – մէկնակէտային  համարել հոգեկան հայրենիքի անգոյութեան փաստարկը, նշանակում է երկի ընթերցումն արիւնազրկել գաղափարաբովանդակային հիմքից՝ նշանառութիւնից: Արդ, որո՞նք էին նախապատճառները,- գուցէ նախապայմանները,- որ Սարաֆեանը ինքնաարտայայտուելու այս եւ մանաւանդ այս կերպն է ընտրել:

Ուշագրաւ է «14»-ի ստեղծման տարեթիւը /1933/. սա այն ժամանակաշրջանն է, երբ ընկերվարական ազգայնականութեան գաղափարաբանութիւնը սկսել էր աւերածութիւններ սփռել. նոյնիսկ մի շարք երկրներում հաստատուել էր ֆաշիստական իշխանութիւն: Վերստին ցեղասպանութիւն ապրած անհատի գիտակցութեան յայտնութիւնն էր բորբոք պահում, սթափութեան կոչնակ հնչեցնում ի լուր հայ հաւաքականութեանը:

Յանկարծ զարկերակի տրոփի պէս անվերջօրէն հնչում է Արտաշխարհի անհատի ոգեկոչում-մտահոգութիւնը՝ «Կարելի չէ, կարելի չէ, չըյիշել քեզ, օ արիւն». «Արիւնը, որ կը ոգէ բանաստեղծը մարդկային ընդհանրական արիւն է», եւ արտաշխարհում՝ սփիւռքեան վիճակի գիտակցումը ի վերջոյ գիտակցումն է նոր փորձութեան, երբ նոր ժամանակներում ազգային ինքնագիտակցութիւնը տակաւին սաղմնաւորման մէջ էր, «երկունքի պահեր», այսինքն, փոթորկուն ժամանակաշրջան ապրող. «Փոխուած են դարերը: Մեր աքսորը այնքան ալ դաշն չըլլար... Տատանում եւ խարխափումի դար: Մութին մէջ ենք եւ մենք, եւ մեր սերունդը... առիթը մեզ նետեց զանազան երկիրներ, ջանանք ծծել անոնց քաղաքակրթութիւնները»3 :

Դեռեւս 1927թ. Ն.Սարաֆեանը մտահոգութիւններ ունէր իր ժամանակի համար չափազանց ոտնձիգ, մանաւանդ՝ ազգային պահպանողականութեան համար ոչ այնքան դիւրամարս-ընդունելի: Մի տեսակէտ էր, որն ակնյայտնի կերպով անհաւասարակշռում էր 25-ամեայ երիտասարդի ապրած կեանքն ու փորձառութիւնը: Մի տեսակէտ, որը տասնամեակներ անց ինքնահոսի մատնուեց եւ չիւրացուեց սփիւռքեան գաղթավայրերում ազգային փոքրամասնութիւն կազմող հայ հաւաքականութեան կողմից: Այսպիսով, տարտղնումի տեւական շրջան սկսուեց Սփիւռքի իւրացման համար: Մշտապէս կենտրոնաձիգ համարուող եւ որպէս այդպիսին ազգային, մշակութային կեանքի լիիրաւ կարկադիրներ հայ աւանդական կուսակցութիւնները նոյնպէս պահպանողական ոգու կրողներ հանդիսացան, ինչպէս իրենց գործունէութեան դրական դերակատարութեամբ, այնպէս էլ Սփիւռքի իւրացման անդառնալի յապաղումներով:

Ահ, ինչ դառն է անցնիլ մինակ

երիտասարդ,

ուրախութեան մէջէն, որուն կարելի չէ ալ մասնակցիլ:

Ահ, կերեւայ, որ ես տարբեր,

տարբեր, տարբեր ու տարուբեր

նժդեհ մըն եմ, բեկոր մըն եմ ես յարածուփ

այս լոյսերուն մէջ դժխեմ:

Ուրախութեան ճիչերի «համայն փայլատակման» քաոս է արեւմտեան իրականութեան համապատկերը նրա համար, ով անվեհերութեամբ անտես է առնում իրականութիւնը: Լոկ ցնորաբեր արտափայլերն այդ աշխարհի չեն կարող եւ ի զօրու չեն ի դերեւ չհանել այն, ինչ ծխածածկոյթից անդին է: Օրէ օր արմատակալող խաւար ու չարիք, բրտութեան ժխոր, մենութիւն եւ ամբոխ՝ իբրեւ անդէմ մարդկութեան նկարագիր՝ «արմատախիլ» եղած մարդոց ճակատագրին անտարբեր: Բայց չէ՞ որ այդ անտարբերութիւնը,- ինչպէս եւ աշխարհում ամենայն բան,- ունի իր հակադարձութեան գործող օրէնքները: «Առաջնորդող ոգու» խնդիրն արդեօք որքանո՞վ է իրագործուած, եթէ ի նկատի առնենք, որ «աւանդոյթային» գործօն՝ լեզուն իբրեւ հաղորդամիջոց արտաշխարհում /ի դէմս հենց արտաշխարհի/ ունի հակազդեցութեան հզօր լծակակիր, եւ հայեցիութիւնը զուտ իր աւանդական-կազմաբանական նշանակութեամբ միակ կռուանն է թէ ուծացումի դէմն առնելու եւ թէ ազգի կարելիութիւնների հետագայ իրագործումի:

Ասել է թէ սերնդափրկումի առկայութեամբ, երբ կազմաւորումի ընթացք էր ապրում սփիւռքեան երկրորդ սերունդը /բնականաբար պատմական իրողութեան արգասիք/ եւ Սարաֆեանը սփիւռքեան ԺԱՄԱՆԱԿԸ ի շահ ծառայեցնելու նպատակադրմամբ, միջսերնդեան ըմբռնումները վտանգալից համարելով՝ եզրահանգում է. «ցիրուցան, ինկած ձախաւաէր գործունէութեամբ մը ձգած արիւնոտ հետքերը» անարդարութեան մատնած սերունդը եթէ իր ճշմարտութեան  հաւատաւորն է, ուրեմն ինչ նպատակների է հետամուտ Սարաֆեանը եւ արդեօք առաւելագոյն չի՞ գրողական /ոչ հռետորական/  պահանջքը: Կամ այդ կարճ միջոցին,- շուրջ երկտասնամեակ հաշուող Սփիւռքի գոյութեամբ հնարաւո՞ր է արձանագրել արդէն դառնութիւն տեսած սերունդի ամբողջական նկարագիրը:

Այս հարցադրումը Սարաֆեանին ինչ որ տեղ հակադրելու, աւելի ճիշտ, նրա մտածումի-մտահոգութեան երկշերտայնութեան այն միւս կողմի ցուցանմանն է նպատակամիտուած: Խնդրոյ առարկայի ընդհանրականութիւնը առաւել ճշտորոշ ներկայացնել գրեթէ անհնարին է, քանի որ միջսերնդեան առնչութիւնները նաեւ թելադրուած են ժամանակով, եւ այն էլ սփիւռքեան հարահոսում ապրող, եւ իրականութեան այդ պահի զգացողութեամբ, հետեւապէս մեկնաբանութեամբ, ինչպէս նաեւ փորձառական առանձնայատկութիւններով կարեւորելի է «գրականութեան դէրը դասակարգային եւ անհատական ըմբռնումով»:

Արդ, անհատականացուած ըմբռնման մասին. դոյզն ինչ վերացարկելով խնդրոյ առարկան՝ ցոյց տալու համար, որ երեւոյթն իր ծագումնաբանութեամբ միջսերնդեան տարաձայնութիւնների հակոտնեայ ըմբռնումների արգասիք չէ ամենեւին: Հակամարտ կողմեր,- երկսուտէք սփիւռքացման տագնապներ ապրող,- կարող են լինել նոյն փորձառական նկարագիրն ունեցող սերնդակից անձինք, որոնք նոյն ճակատագրի կրողներն են, նոյն միջավայրի ծնունդ, եւ այլամտածութեամբ բնականօրէն իրենց գաղափարաբանութիւնն են առաջնային եւ ճշմարտացի – ուղենշային համարում:

Յակոբ Օշականը, թերեւս, այն բացառիկներից էր, որ իր ստեղծագործական ողջ կեանքում զօրակցութիւն չստացաւ նրանց կողմից, որոնց հետ կեանքի դժոխային տեւական ճանապարհ էր անցել: Օշականի «միջոցով» բացորոշել գրական-քննական «հակուսութեան օրինակ մը», որի հիմքում անշուտ, հասարակական գիտակցման «սկզբունքներ» կան: Սփիւռքի պայմաններում նոյնիսկ որդեգրած դաւանանքի /կուսակցական պատկանելիութեան առկայութեան/ չափորոշիչներ, որոնց շնորհիւ երբեմն գրականութեանը արմատապէս առնչուող խնդիրները լուծւում են կուսակցական հակամարդութիւնների բովում: Սա միայն լռելեայն պայքարով, քանզի երեւութապէս այն ոչ այնքան զանազանելի, որքան խորքային բնոյթ ու իմաստաւորում ունէր: Մնում է միայն արձանագրել, որ «սերունդի մը դառնութիւնը» արդիւնք է ոչ միայն մտածածին գաղափարական հակամարտութիւնների, այլ նաեւ ազգային-հասարակական որոշ խնդիրների նկատմամբ սփիւռքեան նոր սերնդի ունեցած թուացեալ անտարբեր վերաբերմունքի: Այլ իրավիճակում յայտնուած սերունդն իր ներսուզումների մէջ, ինչու չէ, զօրում է ինքնաճանաչում ապրել՝ գտնելու իր գոյութեան կերպը, աւելին՝ շարունակական ընթացքը:

Այնուամենայիւ, համոզկեր լինելու համար, որ գրապայքարը յաճախադէպ է գոյապայքարի հիմք ունենում, եւ որ այդ անզիջումայնութիւնը առկայ է «նոյն ճամբաներով անցածներուն» միջեւ, քանի որ վերոյիշեալ նկատառումներով առաւել է առարկայացւում արեւմտահայ-սփիւռքահայ,- իրականում նոյն հիմնէութիւնն ունեցող զուգագոյութիւնը արդէն սփիւռքեան տարածութեան եւ ժամանակի տեսակէտից: 

Երբեմն նաեւ ջլատող նշանակութիւն ձեռք բերած եւ հասարակական հարթութեան վրայ տեղափոխուած հակամարտ ըմբռնումների առկայութեամբ «բանաստեղծին արտայայտութիւնը ոչ մէկ կապ ունի միջավայրին ու քաղաքակրթութեան հետ»: Յատկապէս նոր միջավայրի պարագային, երբ անհամեմատ աւելի մէծ նշանակութիւն է տրւում քաղաքակրթական գիտակցութեանը, ի մասնաւորի դրա իւրացմանը, բայց ոչ ի հաշիւ աւանդուած ժառանգութեան: Այդ իսկ պատճառով յիշողութեան անկորչնելի գործօնը իբրեւ այդպիսին «հոգիներուն արիւնադաւ» /ի դէմս քաղաքակիրթ աշխարհի/ պէտք է սթափութեան կոչի «ներքին ահազանգի» նշանակութիւն ստանալով, որպէսզի ինքնամոռացումի եւ անտարբերութեան /աքսոր ապրողի/ գիտակցութիւնը չիշխի «պարտուած յաղթողներուն հոգիներուն».

...իմ մանկական աչքերուս դէմ

որպէս հրաշքի, հերոսներու, հսկաներու լուսէ աշխարհ.

հոծ, ալեկօծ օձերու պէս կը ցցուէին բոցերը մեր

որոնց լոյսը մինչեւ երկինք ուրուականներ կ՛երկարէր:

Կը ցցուէին կոյրերու պէս մերկ, առխարխափ ու հըրակէզ

ծառերը մեր՝ որոնք ներկայ եղան անցնող արհաւիրքին,

որոնց վրայ դեռ կը տեւեն դողն ու ճիչերը իրենց...

Եւ բնական ու մեծ է անհրաժեշտութիւնը «տարուել օտար աշխարհներով», որ առաւելապէս «մեզմէ կը պահանջէ շատ աւելի դրական ըլլալ»: Անհատի  օտարուածութեան զգացումները նաեւ քաղաքակրթութեան «վնասներ» լինելով հոգեբանօրէն են ազդում, քանզի «յաղթողներուն» /օտարին ապաստանողներին/ վեհանձնութեան պարագան ամենեւին չի նշանակում, որ նրանք հաղորդալուր են «ամէնէն որբ մեր ամբոխին»: Հարցադրում Սարաֆեանի կողմից՝ պատասխան չստանալու ակնկալիքով, քանի որ «թշուառութեան ճամբեն» այլեւս անշարունակելի է եւ «քաոսէ մը ալեկոծուած» դարը այլասերման իր «ընթացքին մէջ է»:

Վերստին արեան յիշողութեան կորուստ չապրելու սարաֆեանական սթափեցուցիչ հրամայականը ուղղակիօրէն է առնչւում հոգու նկարագրի անխափան պահպանման հետ: «Ամլութեան սատանային»1 դիմագրաւ լինելու խնդիրն է կարեւորւում, որպէսզի մոլար հոգիները /ազգային մոլորանք ապրող/ զերծ մնան ամենայն այլասերումից եւ ունայնութիւնից.

...դրամապաշտ երբ կը տեսնես

պատրանքներու թոյնի կարօտ

այս ամբոխը բանուոր, որուն ցանկութիւնն է

հագնիլ, ուտել, գրկել կիներ...

այս ամբոխը խաբուող հաւետ, կեանքին նայող թեթեւօրէն

ճոռոմախօս, բայց միշտ հլու...:

Մնում է յուսադրումը «արմատ նետելու», իբրեւ սփիւռքեան իրականութեան անտրոհելի գիտակցում, իբրեւ մնայուն գաղափարաբանութիւն՝ ազգային լիարժէքութեան կենսունակ դրսեւորումներով, որովհետեւ իմաստաւորուած գոյութիւնն ու գոյապահպանութեան հզօր կռուանները յատուկ են միայն արարող ժողովուրդներին:

Սփիւռքեան պայմաններում կա՞յ այլ գրողական առաքելութիւն երբ «հզօր պահանջ» է զգացւում ուրուագծել երկրորդ հայրենիքի մը իրական տեսիլքը, որ յետոյ վերածուելու է իրականութեան՝ ապրեցնելու համար կորովալից ոգին ցեղի:2

Հուր կը ցանէ երկինքն հեռու, / սերմնացանի յաղթ թեւերով: Ասել է թէ օտար երկնքի ներքոյ զգալ, ապրել, վերապրել է պէտք       անմահացնելու «ցորեան դաշտերի» առասպելեալ իրականութիւնը եւ պատահական չէ արեան անկորնչելի յիշողութեան սարաֆեանական վերապրումը, որ «14»-ի հատուածների սկզբում կրկներգումներով /ռէֆրեն/ է ընդհանրացնում բանաստեղծական կառոյցը՝ ուղղորդում մէկ նպատակի ի նպաստ ճիւղաւորուող արեան յիշողութեան արթնացման, «Արիւնը մարդկային պատմութեան պարունակին մէջ» /Յ.Քիւրքչեան/:

Կարելի չէ, կարելի չէ չը յիշել քեզ

կուտակում է, ամբարում եւ կայլեակ,

խմորում է խորհուրդներու այս տանջանքին,

այս բեկման տակ:

Փիւնիկն հուրէն կը ծնի: Ծառերըն աղբէն կը ծաղկին:

Շունչըս ծանր է փոթորիկի օդին նման,

կուրծքս լեցուն աղմուկներով ուռող, պատռող հողին նման:

Քաղցր է ցաւը, դառնութիւնը անսահման,

կախարդանքը, որ կը տանի զիս այսպէս:

Արդ, ճշմարտութեան փնտրտուքը ինչ-ինչ առումներով արդեօք չի՞ նոյնանում Սփիւռքը ճանաչողաբար, հակադրութիւնների գիտակցման մէջ ըմբռնումի հետ: Քայքայման իմաստասիրութիւն եւ նոր հոգեվիճակների ծնունդ պայքար՝ ինքնագտնումի զգայնութիւններ արթնացնող, այն, ինչ բնութենական թելադրութեամբ է պայմանաւորում կեանքի իմաստաւորումն ընդհանրապէս: Եւ կեանքը, որպէս այդպիսին՝ ուղղակի դրսեւորումներով է տեսանելի եւ զգայելի՝ «խոր կիրքերուն համար բոլոր»:

Այս ամէնը պարզ հոգեւոր պատմումներ լինելուց զատ նաեւ առարկայական իմաստաւորումների բիւրեղացմամբ են հարցադրական, մանաւանդ այնպիսի մի ժամանակաշրջանի համար, երբ երեւոյթը /արտաշխարհային – սփիւռքացման համընդհանրական տարուղութեամբ էր առկայ ու տագնապեցնող.

երբ կեանքն է ամբողջ յօշոտում եւ քայքայումն է մեծ,

                        երբ ամէն օր

զոհեր պէտք են եւ զանոնք փարատող բիրտ երախներ:

Հայութեան հոգեկերտուածքում «ուրոյն զգացողութիւններէ թելադրուած» /Յ.Օշական/ ապրելու-յարատեւելու մղումը, երբեմն առասպելային կերպընկալմամբ է իմաստաւորում /կամ իմաստազերծում/ ազգային բաղձանքը, որ ազգային նկարագրի համարժէքն է ի վերջոյ: Քանի որ պատմութեանը հետամուտ լինելու հանգամանքը կամ առ պատմութիւնն ունեցած որոշակի ակնյայտ սեւեռուածութեան դրսեւորումը հայի կենսակերպի, կենսամտածումի անբաժանելի մասն է կազմում՝ գրեթէ վիպային իրականութիւններ ստեղծող, ըստ այդմ՝ պատմականութիւնից զերծ, յատկանշուած սոսկական հաւակնութիւններով: Այս ընկալմամբ է, որ Ն.Սարաֆեանը մեր եւ մեր «հոգիներու» պատմութեան մէջ փորձում է տեսնել ընդհանրական աղէտի սաղմերը, որոնք բացարձակ ճակատագրային լինել չէին կարող, /ազգային-ճակատագրական նշանակութեամբ/, քանզի որքան էլ ցանկացած ազգ իր ճակատագրի կրողն է, նոյնքան ու տրամաբանօրէն՝ կռողը:   Բայց պատմութիւնը շարունակականութեան /ազգային/ իրագործում է, եթէ ոչ՝ նուիրագործում: Եւ որոշակի դիտումնաւորութեամբ անցեալի զգայաբանական էութեան մէջ չի սահմանափակւում ամբողջ ու ամփոփ էութիւնը մի ժողովրդի, որ գիտէ տիրապետել իր զոհողութիւնների զգացմունքը, առաւել եւս, որ ունակ է վերլուծումի՝ վերապրմամբ, բայց մինչ այդ, աւելի քան ունկնդիր է արեան գիտակցմանը եւ անպաշտպան թելադրանքին.

Յաղթական սրբազան փիղ, հսկայ մագնիս –

բոցի մը շուրջ, որ կը ցայտէ զինուորին ոսկորներէն

անծանօթ՝ մեծ ժողովուրդ մ՛առաւօտ.

փառաբանեց իր մեռեալները բոլոր:

Այսպիսով, այս խորապատկերի վրայ անխուսափելի են հոգեւոր տեղատուումները տարածութեան մէջ /սփիւռքեան/, ժամանակային /անցեալ եւ ներկայ/ երկփեղկուածութեան վիճակն ապրելու ուղիղ ընթացումներով եւ խարխափումներով. այստեղից եւ այսկերպ էր միայն տեսանելի ճանապարհը, որ «խմորում է խորհուրդներու»՝ հաւաքականութեան ինքնացման...

                                                                              Արթուր Անդրանիկեան

Նիկողոս Սարաֆեան

«14»

հատուածներ

1

ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ,

այս լոյսերուն դէմ հոսանուտ,

                                      որ կը սողան

                                      սարսըռուն,

                                      կը թեւթափեն պատերն ի վար՝

յղփացած, լուռ անգղերու, օձերու պէս կեղծաբար։


Երկինքն ամբողջ կախաղան՝

հսկայական շուքերու, երկինքն ամբողջ կը բաբախէ…

ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝

այս գիրերուն դէմ հըրակէզ,

գորշ տուներուն ճակատներէն բխող այս նոր տեսիլքներուն

ալիքներուն շէկ մետաղէ

եւ մայթերուն թաց, թափանցիկ, որ կը հնչեն

գիշերին մէջ այս թաւալուն՝

ամբոխներուն, որ կը սուրան լոյսին մէջէն,

խըմորումին դէմ այս՝ համայն

փայլատակման՝

շէնքէ շէնք,

նոր թոյներու պատրաստութեանը մէջ այս նենգ։

Ահ, ինչպէս քիչ-քիչ բոլոր

կը գունատուին էն վսեմ գաղափարները անգամ.

Դեռ դար մ’առաջ հոս մոլոր

ամբոխին տեղ այս՝ պոռաց բիրտ, յոգնատանջ, արնաքամ

ուրիշ ամբոխ մը, որուն

աղաղակը համակեց ամբողջ աշխարհը խաւար

եւ մարդկութիւնը խորունկ

թշուառութեան մէջէն իր՝ պահ մը եղբօր, փրկարար

երկարող ձեռք մը զգաց։

Ելեկտրական կեղծ ծաղկանց

պըսակներու տեղ թուղթէ՝ դեռ դար մ’առաջ իրական

յաղթանակի պըսակներ

ու դըրօշներ էին կռուի դրօշներուն տեղ այս ուրուական,

ծովեր էին սուրերու մերկ

ու մորթըւած, նիզակամբարձ գըլուխներ։

Խորտակում էր բանտերու հին, պար, գինարբո՛ւք, բուք թմբուկի,

Ազատութեան, Եղբայրութեան, Ճշմարտութեան սէր էր անգին։

2

ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։

Պարողներու քայլերուն տակ, փրփըրուն՝

ապագային հոսելիք հեղեղներուդ ձայնն է արդէն,

որ կը լսեմ։

ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝

երկինքին դէմ, որ մորթըւած, արիւնացայտ իբրեւ նոխազ՝

կը թաւալի սրըսկելով լոյսեր դէզ-դէզ.

Հնձուած աստղեր, աչքեր կարմիր անհամար,

ծառեր գոյն-գոյն, կայծակնահար տապալող վար,

շատըրուաններ ահեղավազ -

Ուրախութեան այս վայրենի, ծաղիկներուն այս հըրեղէն,

այս լոյսերուն, որ ինծի մերթ

մըտաբերել կու տան հողէն

ժայթքող լաւան

եւ մերթ կռուի դաշտ մը հրակերտ,

այս երգերուն ետեւէն՝ լուռ, անջնջելի կ’աճի, կ’աճի

անասնական ու բնական

բընազդը սուր՝ դահիճի…

Հսկայական այս երկաթէ շուշաններուն,

որ կ’որոտան

կախուած՝ բոլոր պատերն ի վար,

սաղարթներու մէջէն թուղթէ,

ցնցելով գոռ իրենց ձայնով՝ ժիր պողոտան,

պոռչըտալով մինչեւ հեռուն…

Անիւներուն, յառաջադէմ մեքենական այս աշխարհին

ետին՝ խաւար

չարիք մ’արդէն մետաղային

բիրտ արմատներ կը նետէ։

3

ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։

Աւելի հոծ՝ այս ամբոխէն,

թմբուկներէն քառատրոփ՝ յուշերը զիս կ’ողողեն ու կը տանին

զիս հեռուն

անիւներէն ալ արագ ինքնաշարժին,

որ կը սահի քովէս՝ իբրեւ անդնդագոռ ու հրագէս մոլորակ։

Միլիոնաւոր լոյսեր վըրաս,

միլիոնաւոր տենչեր մթին կը հասնին ինձ՝

վիհին մէջէն կուրծքիս, ուր գաղջ՝ կը ճզմըւին ճառագայթներ…

ԹԱԽԻԾ, ԹԱԽԻԾ։

Ա՜հ, կ’երեւայ որ ես տարբեր,

տարբեր տարբեր ու տարուբեր նժդեհ մըն եմ,

բեկոր մըն եմ ես՝ յարածուփ, այս լոյսերուն մէջ դժխեմ։

Արմատախիլ, հրաթեւ՝

կը թեւթափեն մըթին տենչեր՝ կուրծքիս ետեւ,

բաբախող տաք սալարկներէն ալ արագ,

մինչ փողոցները հեռուն, դաժան՝

կոկորդալիր կը խնդան։

(Հսկայ, հսկայ հենգանք մը կայ ուրախութեան երգերուն մէջ,

ամառնային օդին այս գէջ,

նուագներուն, որ կ’արտասուեն,

կ’ուռին հովէն,

կը հեծկլտան դիտմամբ, դիտմամբ՝

չարչարելու համար կարծէք՝ զիս աւելի խստութեամբ։)

Հառաչանքներ կը կուտակուին

կուրծքիս ետին,

Ժայռերուն մէջ ճամբայ փնտռող ու զսպըւած գետին պէս։

Լռութիւն է տըխուր ու վէս

ժխորին մէջ այս անընդհատ

ու մենութիւն՝ այս խելագար ամբոխին մէջ,

որ կը պարէ

արձաններու շուրջ մարմարէ։

(Հեգնանք մը կայ.

Կ’ուռին հովէն, կը տատանին լոյսերուն տակ

խնդապատար՝

կը փաթթըւին փողոցներուն ծառերն իրար՝

կը մագըլցին դէպի երկինք,

կը կուտակուին իրարու վրայ

ցնցոտապատ ու պատառուն՝

ծառերը ծուռ, ծեր խեղկատակ,

ծառերը խենթ ճօճուող կապիկ։)

Իմ ոտքերըս թեթեւ-թեթեւ, ճառագայթէ ճառագայթ՝

ստուերներու մէջէն շրջուն՝ տեսիլներու,

պարապութեան մը մէջէն կ’երթան աշխարհ մը օտար։

Աւելի բիրտ՝ հրթիռներէն,

որ կը սուրան իժագալար,

իբրեւ հնչուն հըրեղէն լար

 ու կ’ընկղմին

փըսորելէն, խայթելէն տաք մութն ու քամին,

կ’անձրեւեն բորբ, վառ զղջումներ,

յիշատակներ կը ցայտեն վեր։

Կը նըւաղի, կը բռընկի

ամէն վայրկեան հոգիս մոլար՝

հասակիս հետ, որ կը սուզուի ծովերն ի վար այս կըրակի

կծկըւելով մերթ՝ լուռ, դողդոջ,

ոտքերուս տակ,

գերաններու ու լաստերու ետին լոյսի,

երկարելով մերթ, յորդելով…

Յոյս մը արագ

եւ յանկարծ խոր յուսաբեկում մ’ու ընդվզում մը՝ ամբողջ

ուրախութեան, ճոխութեան մէջ այս շրջակայ,

պարապութիւն մ’որ կը հոսի

վէրքի մը պէս տենդոտ ու մեղկ։

Սէր մը արնոտ եւ մերթ յանկարծ հեղեղ մը մեղք,

որ կը պոռթկայ

նախանձավառ ալիքներով փրփըրուն…

Օ՜ բընութիւն.

ինչպէ՞ս կրնամ պախարակել աներեւոյթ քու թելերէդ

կախուած այս խեղճ ու սեթեւեթ

ուրախութեան խամաճիկները՝ իրենց

խոր կիրքերուն համար բոլոր,

երբ կեանքն ամբողջ յօշուտում եւ քայքայում մըն է մեծ,

երբ ամէն օր

զոհեր պէտք են եւ զանոնք փարատող բիրտ երախներ։

4

ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։

Ազատութեան տօն է այսօր. հոգեհանգիստ.

առաւօտուն տողանցեց

զինուորներու թափօր մը մեծ,

թնդանօթներ որոտացին առաւօտուն

ու տունէ տուն,

լռութեան մէջ հանդիսաւոր ու խռով,

դըրօշներու մէջէն անթիւ, հողմածածան՝

մեռելներու բանակներ, հեղեղատներ հոսեցան։

Կամարին քով

Յաղթական - սրբազան փիղ, հսկայ մագնիս -

բոցի մը շուրջ, որ կը ցայտէ զինուորին ոսկորներէն

անծանօթ՝ մեծ ժողովուրդ մ’այս առաւօտ

փառաբանեց իր մեռելները բոլոր։

Վիրաւորներ, հին ռազմիկներ, փշրած դէմքեր անցան այսօր՝

սաւառնակներ մխրճեցան երկինքն ի վեր՝

զանգակներու ձայնին մէջէն ահեղագոռ

ու ամպերու, որ կուրծք տըւած՝

լոյսի հզօր հեղեղներու` կը սահէին յամրընթաց։

Սաղաւարտներ, սուրեր, փողեր ու սմբակներ շողշողացին

այս առաւօտ՝ ի պատիւ հոգիներու մեծ բոցին։

ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ։

Գաւառներուն, երկիրներուն ու ծովերուն

վըրայ՝ հեռուն՝

անթելները տարածեցին ալիք-ալիք՝ այս առաւօտ

պատգամաբեր ու կորովոտ

ձայնը՝ կառքին իրենց շըքեղ ընկողմանած պետերուն,

մինչ իմ ձայնըս կը խեղդըւէր,

կը գալարուէր կուրծքիս ետին։

Անհունութեան հով մը այսօր,

դիւցազնական երգ մը վըհատ, եղունգներով

ճամբայ փորող մահապարտի

պէս կ’ընդհարէր

պատի մը դէմ, կը ճանկռտէր մըթին ժայռեր։

Հեգնանք մը կար վշտոտ ու բիրտ՝

այս առաւօտ, դէմքիս վըրայ, մինչ կը ծըփար

շուրջըս՝ յար

ու սրտէ սիրտ՝

անսահման խանդը անսահման ժողովուրդին,

որուն վրայ շիլ, դիւային՝

Նոթր Տամի կատարներէն հրէշները լուռ կը նայէին։

 

-------------------------------------------------

1«Լոյսի ցաւեր կամ Մեծն Տիգրան եւ Ամլութեան սատանան», Ն.Սարաֆեանի վէպերից է /տպագրուած Պէյրութի «Ակօս» պարբերականում, 1953թ. թիւ 2 - 1954, թիւ 1/, հետագայում վերահրատարակուած /«Մաշտոց», թիւ Ե, 2000թ./: Չափազանց ուշարժան է վէպի վերջաբանը. «Ծունկի եկայ հիմայ, պիտի խօսիս, ըսաւ Ժիրարեան, ոչ, չեկայ... այո, ծունկի չեկայ... ծունկի չեմ գար, մանաւան այս լեռներուն /ազգային հպարտանքն ու անխոցելիութիւնը նկատի ունի, Ա.Ա./ վրայ... կեցիր, որ դղեակս գնեմ ... /ազգային պետականութեան վերակերտման ակնարկ Ա.Ա./: Կը տեսնես, թէ ինչպէս կը գրեմ, կաւարտեմ պատմութիւնս: Հայոց պատմութիւնը՝ աւետարանի պէս բան մըն է... պիտի գրեմ...» /Տես վերահրատարակուած տարբերակում, էջ 159/:

2 Ն.Սարաֆեանը այն եզակի մտածողներից էր /Դ.Վարուժան, Յ.Օշական, Գ.Նժդեհ/ որոնց յաճախ գործածած ՑԵՂ հասկացութիւնը իր մէջ ներառում է ազգային հարատեւութեան նկրտումների իրական եւ գրեթէ ամբողջական պատկերը: Ինքնաճանաչողաբար տեղի է ունենում ազգի իբրեւ մարդկային եւ համամարդկային արժէքներ կրողի, հետեւապէս ժառանգորդի ազգապահ գործօնի պատմական առաքելութիւնը: Ամէն պարագայի որոնք զանազանելի են, իսկ Սարաֆեանի կողմից յոյժ կարեւորելի ՑԵՂ եւ ԱԶԳ հասկացութիւնների նպատակային վերարծարծումները: Ըստ Յ.Օշականի. «Իմ ժողովուրդը տարօրէն փաթթուած է իր կարգ մը արժէքներուն, բարքեր, կրօնք, մտապատկեր. մեր ժողովուրդը իր հողերէն պաշտպանուած անփշրելի կարծրութիւն մըն է... աս է ցեղային կնիքը» /Յ.Օշական «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան», հտ.10, Անթիլիաս, 1982թ., էջ 429/: Գ.Նժդեհի պարզորոշմամբ. «Ցեղը դիմագծօրէն ազգային է, այն տիպարականը, որով ժողովուրդները տարբերւում են իրարից... Ցեղն աւելի հոգի է, քան կաւ, ցեղն է, որ մեր մէջ ապրեցնում եւ զօրացնում է Հայաստանը, անգամ Հայաստանից դուրս»: /Գ.Նժդեհ «Ցեղակրօնութիւնն...», Սոֆիա, 1932թ., էջ 39/:

3․*Ն.Սարաֆեան «Փոխուած են դարերը» /«Յառաջ», 24 դեկտ., 1927/: Տես նաեւ մեր խմբագրութեամբ հրատարակուած «Տեսարանները, մարդիկ եւ ես», Երեւան, 1994, էջ 12/:

  • Hits: 1499

Կայքը գործում է ՀՀ մշակույթի նախարարության աջակցությամբ։

© 2021 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: