Անսովոր սովորութեան ընդմէջէն. Արթուր Անդրանիկեան
Չենք տեսներ ու չե՞նք հասկնար
Փորձագրութիւն
Ըսել է թէ՝ խենթութիւն է ապրիլը․ կը նշանակէ՝ ձաղկուիլ առանց մեղադրանքի մը, լսել անոր ծաւալումներու խեղդուկի ձայնը, զոր արիւնածոր ելեւէջումներով կ՛ալիքուի ու ջիղեր կը խեղէ,- հոս հարցումի նշանի մը /՞/ կը կարօտի սա հարցումը, եւ ինքնանպատակ ապրած կեանք մը կը յիշեցնէ,- հոգիին մարմինը կը զոհաբերէ՝ անթաքոյց, պատանի կամ տարեց ըլլալն անտես առնելով, իբր երկարօրէն է հետապնդած զանոնք․․․
Ըսել է թէ այլ պատճառներով կը փնտռեն զիրար՝ շնորհազուրկ մարդիկը ու կ՛ուզեն սթափուիլ՝ համոզուած ըլլալով որ խաւարին մէջ լոյս զուր փնտռած ատեն հանդիպած են կեանք թղթատողներու բազմութեան մը՝ այնքան ալ հաւաստի չէ, ոչ ալ յանկուցիչ, վասնզի ամէն պարագայի խաւարի եւ լոյսի ընդմէջ կայ տարածութիւն մը հոգեւոր թռիչքի՝ անթարգմանելի ընթացք մը այդժամ իրարու կը շաղկապուին տեսիլքն ու իրականութիւնը՝ դառնութենէն ընդոստ արթնցած։
Եւ սա պէս անսովոր թուացող սովորութեան ընդմէջէն կը պարտինք,- կը պարտի՞նք արդեօք,- զգոյշ ու անմիջնորդ վերաբերուիլ ինքզինքնիս, իբր կ՛ապրինք, բայց արտասովորութիւնը կ՛ուզենք վայլել մեր մարմինէն ծլարձակ ստուերներու, զորս մեռեալներու դէմքերու կը նմանին, ու կ՛ուզեն արտասուիլ, իբր կեանքը չեն վայելած ատենին ու մոխրաշաղ օրհնութիւններու զոհը դարձած են․․․
Հոս լղրճած իրականութեան մը ականատես ըլլալէն զատ, հոգիի,- հոգիներու,- շիջումէն արդեօք կրնա՞նք սթափուիլ։ Ուրկէ ուր կ՛երթան, կու գան ստուեախումբերը անցեալի, ու տակաւին կ՛ուզեն «քրտնաջան» ապրիլ։ Գուշակութիւններու չեն հաւատար այլեւս, մոմի լոյսերէն կուրացած պայծառատեսներու երեւակայութեամբ կը շրջին տունէ տուն, հեղ մը չխորշելով՝ կը ներկայանան իբրեւ առաքինութեանց նուիրակներ․ ծպտուած, քնեած մարդեր՝ ապրիլ-չապրիլն ասպարէզ նետած անխոհեմութեան զոհեր, զոր կ՛ուզեն ապաստանիլ մանկութեան տանիքներու տակ։ Փրկուիլ կ՛ուզեն իրենց շղթայած ուժերէն։ Սա պէս Լեւոն Շանթ ինքնաշղթայած իր իսկ կողմէ՝ գերեվարուած ապրած է տարիներէ ի վեր, երբոր չէր կրնար Պրոմեթէոսի մը պէս Հայաստանի կրակներու մէջ տապկուիլ․․․ լռութիւն համտեսած ատեն իր կեանքէն փրցուած գաղափարներու լռութիւնը։ Օտար, դարձդարձիկ «դերակատարներ» շուրջառեցին Երկիրը եւ ․․․ «Տէր ես» ըսաւ քահանան ու ․․․ քամահրեց՝ իր իսկ չօրհնութեամբ տամկցուց օրհնութեան սպասումներու աչքերը․․․
Հեռուէն գետ մը կու լար՝ Արածանի, կը թէքէր իր ընթացքը․ ջուրերու ճողփիւնէն կը հեծկլտային ծերե ու մանկունք, անոնց արցունքներու հետքերէն գոյացած վտակները տունդարձի ճամբան այդպէս ալ չփնտռեցին՝ խոժոռ հայեացքներու տիղմէն ծլարձակուեցան օտարութեան խոր-խոր փոսորակներ։
Այսքանն ալ բաւ չէ՞ զգացմունքներով զսպաշապկուիլ։ Զսպաշապկել երկիր մը; Հայութիւնը հաւատի կորստով ապրած է եւ կ՛ապրի իր յետմիջօրէին սպառնացող յաւելեալ ժամանակներ։
Չենք գիտէր, երբ «կը սկսի» զբաղուիլ իր գոյութեան փնտռտուքներով, ու նորէ՞ն ժայթքումի կը սպասէ՝ ինքնօտարուած ինքնիրմէ ու սպառնացող աններդաշնակութիւններէն։ Հայելիներ կարդալ չի գիտէր Հայութիւնը, տակաւի՞ն, թէ խաւարին մէջ ներսուզումին ատեն միայն կրնայ տեսնել իր խաւարաշաղ ընթացքը՝ վայրէջքը․․․ անկիւնադարձի մը։ Ազնուութիւնը արդեօք չի բաւէր խոստովանելու որ օտարութեան ամպհովանիին տակ երկաթէ կրքեր կ՛արթննան,- եթէ չեն արթնցած՝ նախընտրաբար,- այս մասին տեղեկացուած են, «փաստերն» ալ՝ քարտէսագրուած, ոչ յեղակարծ, այլ չափաւոր «զգացումներով»։
Պատգամնե՞ր ստանձնած․․․ Ասիկա խենթութիւններու պարիսպներէն անդին կրնանք երեւակայել՝ վրիպած նշանառուի մը հայեացքէն փրցուած ու կը լսուի ձայն մը․ «Զիս փնտռէք ապրողներու մէջ»։ Այլեւս չեմ երկարէր։ Կեանքին կրօնքը՝ ճշմարտութիւնն է, անծառայամիտ հաւատացեալներ․․․
Արթուր Անդրանիկեան
+374 94/91/ 423 159