Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Զահրատ
(Զարեհ Եալտզճեան, Կ․Պոլիս, 1924 – 2007)
Զահրատը․․․ ամենուն Զահրատը, զուարթախոհ, պարզսիրտ, անմիջական, անխարդախ, ինչպէս իր քերթուածները․․․ Լույս ու բարի օրերու միշտ հիւրընկալ, մանաւանդ, երբ Երևան կու գար, կը հեռաձայնէ՛ր, կը հանդիպէինք ու այդ օրերու աշխարհը կը լեցուէ՛ր իրմով։
Օր մը կը հարցնեմ.
-Պարո՛ն Զահրատ, երբեւէ մտահոգութիւն ունեցա՞ծ էք։
-Մտահոգութիւ՞ն, մտահոգութիւն ունեցածս ատեն կը խորհիմ որ․․․ չմտահոգուիմ,- պահ մը կը լռէ, յետոյ կը ժպտի,- Պարոնեանը կ՛ըսէր․ «Կը նայիմ հայելիին, կը մեռնիմ խնդալէն»։ Բայց նկատի չունի անշուշտ մեր պատկերացրած մեռնիլը, այլ․․․ իրականութիւնը ճանչնալը․․․
Զահրատ կը ճանչնա՜ր, կը ճանչնա՜ր իրականութիւնը ու կ՛ուզէր լիայագուրդ ապրիլ, բայց միայն բանաստեղծի կեանքովը․ չեմ սխալիր բնաւ, ինք կ՛ըսէ․
Քերթուած մը երկչոտ նապաստակ մըն է
Եթէ բուռ մը սէր չհրամցնես
Քէն կ՛ընէ, անդարձ, կը փախչի քեզմէ․․․
Զահրատ քէն չէ ըրած բնաւ․ իր ապրած տարիներու ընդմէջէն լոյս ծորած է՝ սթափեցուցիչ յոյս մը, ազնիւ, բարեհոգի՝ ապրելու սիրոյն, եւ չէ զլացած բաշխելու մարդոց։
Իր պատմութիւնը․․․ Զահրատեան պատմութիւն չէ սոսկ, այլ աննկատմ, բայց շարունակական վազք մըն է՝ ներիմաստ աշխարհի մը ետին, որ Իսթանպուլն է, ըսել կ՛ուզեմ Կ․Պոլիսը անտեղիտալի մագնիսականութեամբ մը տակաւին իր քով ամենքս շուրջառող, եւ իմ զգացումներու կշիռը Զահրատին յայտնած եմ․․․
Յաճախ Յակոբ Մնձուրիէն կը հարցնէի․ ինք լռելեայն իր առանձնութիւնը կը յիշէր, կ՛ըսէր․
-Շատ կը սիրես Մնձուրին, ճաշակաւոր մէկ մըն էր, գոց կը յիշէր իր ապրած պըտտած տեղանքը, բայց հոգւոյն մէկ անկիւնը Արմտանը անթեղած էր․․․
Ու կը լռէր, ես ալ ակամայ «մտազբաղութենէս» կը լռէի։ Կը կարծէի Մնձուրիին հետ կը խօսի, կ՛երթայ, կու գայ Շիշլիէն Գատըգիւղ ու Մարմարայի բացերու հրապույրովը կը հիանայ։ Իրականին մէջ Զահրատ ներքին խանդավառութեամբ կ՛ապրէր ու կեանքին սիրահարելն իր կեանքի մենաշնորհն էր․ մենաշնորհած էին զինքը՝ վերուստ։ Բանաստեղծի ճակատագի՞ր թերեւս աւելին չէր կրնար պահանջել՝ անիկա առկախ էր ապրած իր օրերու տուայտանքներէն։
-Կը խորհիմ որ չապրած սէրեր ալ ունեցած էք, պարոն Զահրատ,,- չեմ գիտեր ինչու կը հարցնեմ, ինձմէ անկախ շրթներէս կախուած բառերէն պահ մը կ՛ամչնամ, բայց ինք կը ժպտի, չի թողուր որ այլայլիմ։
-Հարց մը որ կու տան, ցանկացած հարց, պատասխանողը երբեք հանդարտ պիտի չլլայ՝ դիրքապահ զինուորի մը պէս։ Չապրուած սէրեր ունեցած եմ՝ չապրուած օրերուս ետին։ Անոնք մինակ աղջիկներու, կիներու չեն վերաբերիր, այլ․․․
Յանկարծ կ՛ընդմիջեմ, կը յիշեմ իր տողերը՝
Տառապանքիս հետն առանձին կը մնամ․․․
-Ուկէ ուր կը յիշես,- կը ժպտի,- ճիշդ այդպէս մնացած եմ ու հիմա ալ կը մնամ, չես կարծեր որ Հայու ճակատագրին մաս կը կազմեն սէրերու կորուստները։
-Առանձնութիւ՞նը թէ տառապանքը,- կը հարցնեմ։
-Երկուքն ալ, թերեւս մեր առանձնութիւնը խճողած են․․․ մեր իսկ կամօք։ Ահաւասիկ Սփիւռքը, զանց ընել չենք կրնար անոր գոյութիւնը, բայց կը զանցառենք՝ պատեհ անպատեհ ու անջրպետ մը կը գոյանայ։
-Տարապայման անջրպետ մը ։
-Ճիշդ այդպէս։ Եւ ասիկա վրդովեցուցիչ է։ Իսթանպուլ․․․
-Ըսել կ՛ուզէք Պոլի՞ս․․․
-Գիտեմ, կը կարդամ հրապարակումներդ, միշտ կը Կ․Պոլիս կը գրես։ Կը հաւնիմ՝ ներաշխարհէդ կու գայ։
-Եւ «բառերու խենդ ռազմավար» Զահրատը կը համաձայնի՞։
-Չեմ կրնար չհամաձայնիլ ու չհիանալ վանեցիիդ ուշիմութենէդ։ Գիտես, Հայաստան շատ մարդոց հանդիպած եմ՝ մտաւորականներու, գրողներու, պարզ գործաւորներու։ Ես ալ գործաւոր մըն եմ՝ բառերու գործաւոր, միշտ կը հետեւիմ հայութեան կեանքի ընթացքին եւ չեմ հասկնար, ո՞ւր կ՛երթան, ուրկէ կու գան, երբեմն նպատակնին իրենց իսկ չեն հասկնար։
Երէկ գրողի մը յոբելեանին հրաւիրած էին։ Ես սովորութիւն չունիմ յոբելեաններու մասնակցիլ, բայց չհրաժարուեցայ, չկրցայ։ Երբեմն քաղաքավար ըլլալու պէտքն ունիմ,- իրականին մէջ՝ բնաւ չունիմ, բայց անբնական երեւոյթներէն յոգնեցայ։ Բանախօսները մոռցած էին որու մասին կը խօսին։
-Ըսել կ՛ուզէք կենացաճառերէն շլմորա՞ծ էք․․․
-Բառը՝ դիպուկ էր, հաւնեցայ, չէի լսած։
-Օր մըն ալ Հայաստան Ձեր 100-ամեակը անշուշտ․․․
Կրքոտ՝ կընդհատէ , կարծես նաեւ վիրաւորած ըլլան զինք․
-Փառք Աստուծոյ, զիս չեն կրնար հրաւիրել։
-Ես ալ կը խոստանամ․․․ չմասնակցիլ․․․
-Շնորհակալ կ՛ըլլամ, ազնուութիւնդ քերթուած մը արժէ։
-Երէկ Մկրտիչ Մարկոսեանը հեռաձայնեց, հանդիպեցանք, շատ կը սիրեմ իր պատմուածքները։
-Ա, Տիգրանակերտի տարեգի՞րը, բարեկամս է։ Մնձուրիի աշխարհին պէս իր աշխարհն ալ գունեղ է, հողաբոյր, բայց Մնձուրի բնաւ չի յիշեցնէր։ Ատիկայ առաւելութիւն մըն է, քիչերուն յատուկ, երբ կը կերպաւորեն կորսուած անցեալը միշտ տեղէ մը կու գան։ Երկուքն ալ կը թուի նոյն տեղէն կու գան, բայց անոնց աշխարհը տարբեր է, եւ չի սահմանափակուիր կարօտաբաղձութիւն արթնցնելով;
-Այն ատեն կը նմանի․․․ ոգեհարցութեան․․․
-Ինչո՞ւ ոչ՝ անշուշտ կը նմանի․ դուն կ՛ըսես ոգեհարցութիւն՝ ես կը լսեմ ոգեխօսութիւն․․․
Երբեմն կը հաւատամ ոգեխօսութեանը ու կ՛ուզեմ «զրոյց» մը ընել․․․
-Որուն հետ,- կը հետաքրքրուի Զահրատ՝ ակամայ կերպափոխուելով, կարծես այլ իրականութեան մը «կը հանդիպի» կամ կ՛ուզէ հանդիպիլ,- ըսէ, ըսէ․․․
-Օրինակի համար՝ Յակոբ Օշականի, Միսաք Մեծարենցի, Դանիէլ Վարուժանի, անշուշտ նաեւ Մնձուրիի։ Միւսներին չեմ մոռցած, բայց․․․
-Բայց, Ինտրան՝ մոռցա՞ր․․․
-Ինտրային հետ ո՞ւր հանդիպիմ, Նոճաստանին շուքին տա՞կ, պարոն Զահրատ,- իր շաբաթօրեայ աղօթքներու ու «ոգեկոչումներու» պատճառաւ հայ գրականութիւնը զրկուեցաւ․․․ մարդուն մէջ կ՛ապրէր իմացական հերձուածող մը, զոր հոգին տարանջատած էր մարմինէն եւ չապրելու խնդիր ունէր․․․ Հոգետես մըն էր Ինտրա․․․ ուրկէ ուր «փոխադրուեցանք»․․․ Կը խորհիմ, թէ իր հոգիին ներկայութիւնը երբեմն կը զգամ․․․
-Վնաս չունի, միտքիդ հետ կը քալեմ, փոխանակ Հայու դէմ գրուած օրէնքներու ընդդէմ քալելու։
Նոյն Զարատեան խօսքերը՝ իրար հետ կամուրջ կազմելով տարաշխարհի կը վերածուին՝ արուեստականութենէն ի սպառ զերծ, ինչ որ զիս կը խանդավառէ, վասնզի երկու ժամ կ՛ըլլայ որ սրճարանի մը մէջ կը զրուցենք ու նօթատետրս ալ կը լեցուի գրառումներէս։
Պահ մը Զահրատ կը նկատէ ու կը յարէ․
-Բեւեռագիրդ վերծանել կ՛ըլլա՞յ։
Հիմա յիշողութեանս մէջ կ՛արթննայ Զահրատեան անխամրելի ժպիտը։
-Անշահ՝ յոյս ունիմ․․․
-Անշահ յո՞յս։ Ատիկա նորութիւն մըն է, կը կարծէի որ յոյս փայփայիլը շահաւետ բան մըն է եղեր։
-Հայու համար միայն, իրաւունք ունիք, բայց Հայը ոչ թէ յոյս փայփայած է դարերէ ի վեր, այլ փայլեցրած է իր յոսը՝ անգործնականօրէն, եւ ուրիշ ազգեր ալ իրենց նպատակին հասած են, չէք կարծեր որ տակաւին պատասխանատուններ կը փնտռենք․․․
-Խիստ ես, մենք միշտ ալ մեր տագնապներուն անհաղորդ եղած ենք։
Նոյն ատեն կը զգամ, որ մեր շուրջիններէն հեռուաչափ այլ տեղ մը կը գտնուինք ես ու Զահրատ․ իմ խօսքերը այլազան արտացոլումներու ընդմէջէն երբեմն «կը յորդեն» որ Զահրատ արտայայտուի, բայց ես իր լռութիւնը կը վայելեմ․ հոգիէ հոգի լսուող արձագանգի մը ետին։
-Նիկողոս Սարաֆեան տեղ մը կը գրէ․ «Լեզուն մարմինն է բանաստեղծութեան»։ Կը խորհիմ որ եզակի է Ձեր դիտելու եւ դատելու կարողութիւնը։ Դուք կ՛ըսէք թէ բառերը Ձեր զինուորներն են․
Բառեր, բառեր – իմ զինուորներս դուք էք –
Եւ ձեզ մէկ-մէկ կ՛ողջունեմ ու զօագունդ զօրագունդ
Իմ ձեռքովս կը շարեմ․․․
Ու երբ տեսնեմ թէ ամէն ինչ կարգին է
Թէ ոչ մէկ զօրք – ոչ մէկ զինուոր սխալ ոտքով չի քալէր,
Ես ձեզ ճակատ կը ղրկեմ․․․
-Պարոն Զահրատ, արդեօք Ձեր զինուորներու յաղթանակը ճաշակած ատեն չէ՞ք խորհած, որ․․․
-Ի՞նչ խորհած պէտք է ըլլամ, նկատի ունիս քերթուածի սա տողե՞րը․
Ես բառերու խենդ ռազմաւար – առանց ձեզի չկամ ես․
Ա՞տ նկատի ունիս որ օր մը յուսահատ պիտի թողնիմ զինուորներուս․ ինչպէս կը պատկերես կեանքը առանց մեր գոյութեան չի՞ շարունակուիր։ Հիմա կը յիշեմ յօդուածդ, երեսուն տարիներ անցած են կարծեմ, «Հայաստանի հանրապետութիւն» թերթին մէջ՝ «Մաղ մը ջուր» հատորս գրադատած էիր, զիս «Սահմանազանց աղաւնի» յայտարարած էիր, Նոյան տապանի աղաւնիին աւետաբեր լուրը իբր ե՞ս յանձն առած էի։ Այն ատեն քեզ չէի ճանչնար, բայց տպաւորած էր խօսքդ, վերլուծումիդ, ընկալումներուդ կերպը հաւնեցայ։ Չնայած չէիր գովաբանած, ինչպէս յաճախ կը պատահի, այլ բացայայտած էիր աշխարհս․․․
-Իրականին մէջ․․․ ինքնեղ աշխարհ մը, պարոն Զահրատ․․․
Արթուր Անդրանիկեան
WhatsApp +374 91 423 159