Արթուր Անդրանիկեան․ Չհասկացուելու մտահոգութեամբ․․․

Փորձագրութիւն

Ձեզի հետ պատահա՞ծ է,- երբ այս պատահել բայը միտքէս «կ՛անցնի, կը դառնայ» ինծի կը թուի պատահարի մը պիտի հանդիպիմ,- երբոր կանուխ կ՛արթննաք ու կ՛ուզէք գամուիլ ձեր տունի պատշգամին՝ դիտելու փողոցի մայթերէն սահող կառքերուն, եւ մարդոց, զորս կը  երեւարկայէք պահ մը, որ ձեր մտահոգութիւններով կ՛ապրին ու չհասկացուելու մտահոգութեամբ կը տառապին։ Անոնցմէ շատեր ներդաշնակութիւն կը փնտռեն, չնայած կը կարծեմ, մութ սենեակին մէջ կատուի մը փնտռելը աւելի դիւրին է, քան հանրութեան մէջ ներդաշնակութիւ․․․

Չհասկացուիլ՝ երեւութապէս թէ՞ աներեւոյթ, փոյթ չէ, բայց կրնա յանկարծահաս աղէտի մը դուռ բանայ պատրանքի մը տեսիլքը եւ ուրուագծուի ձեր հայեացքին դէմ․ մտամոլոր մերկ կինը որ իրեն դիցուհի կ՛երեւարկայէ ու կ՛ուզէ որ հմայուիք իր բարեմասն մերկութիւնով եւ մերկ բարեմասնութիւններով։ Այն ատեն, ի՞նչ պիտ ընէք, յիմարական շարժումներով պիտ թղթատէ՞ք անոր մարմինը՝ էջ առ էջ, թէ՞ ի սպառ նախկին կիրքերու ձեր գերի ըլլալու յաւակնոտութիւնը մոռնաք։ Մոռնաք նաեւ, թէ զանազան ինչ խենթութիւններու ունակ էիք ատենին․․․

Կ՛ըսեն, թէ անփորձութիւնը մինակ անհատներուն բնորոշ յատկանիշ մըն է․ երկիրներու անփորձութիւն, կ՛ըլլա՞յ, երբ երկիրներուն մէջ յաճախ անցեալի երջանկութենէն կը կառչին՝, յիշողութիւննեու թուխպ կը նստի՝ երկարօրէն ձգուող շողոմ ստուերներ եւ ներկայ իրականութեանը կը սպառնայ։ Միայն այդ պահուն կը հասկնաք,- արդեօք կը հասկնա՞ք,- որ համատարած թմբիրի մը մէջ կը յայտնուիք, ձեզմէ անկախ ու անորոշ կախեալութեան գերեվարութիւնը կը վայելէք։

Արդեօք անսովոր վայելք մը չէ՞, երբ չգիտակցուացութեան անդոհին կը զոհաբերուինք գիտակցումով մը, իբր բոլորանուէր երկնային հաւատքի շնորհով բնաւ չենք կրնար այլադաւ հոգեխառնութեան ենթարկուիլ ու ենթակայ ըլլալ այնպիսի գաղափարներու, զորս յեղաշրջումի կ՛ենթարկէ ընդհանրական այն պատկերացումները, որոնցմով պաշարուած ենք ատենին,- երեւակայեցէք պատշար մը զոր կը շարէ պատեր ու շաղախին նուազ խիճեր կը խառնէ՝ անտես առնելով շինութեան ամրակայուն ըլլալու կարեւորությունը,- ի՞նչ կ՛ըլլայ յետոյ, փլուզումի մը ականատէս ըլլալն անխուսափելի չէ՞։ Ծրագրուած կեղծիք մը՝ տեւական քունէն արթնցողին համար ճակատագրին լարած որոգա՞յթ։ Ի՞նչ ալ ըլլայ, միեւնոյն է։ Թակարդուած վիճակի մէջ յայտնուողները այս մասին իրենց պատուհասած ըլլալուն չեն հաւատար կամ կը տոկան անյուսահատ ինքնաբաւութեամբ, ինչպէս բեմագիր մը, երբ անյաջող թատերական ներկայացման աւարտէն ետք գլխահակ կը խորհի․․․ որ ներկայացումը այնքան ալ ձախողած չէ, միայն դերասաններու խաղէն է ինք դժգոհ․․․ «Կը կարծէ» անոնց խաղը «կը կաղի», ինչպէս պատշարին կազմած կառոյցը․․․

 Արդեօ՞ք կը շահագործուի՞ն անհատները,- դերասանները,- երկրները, եւ արդեօք այն գիտակցումը ունի՞ն, որ վարձուած են ու ծառայութեան մէջէն իրենց անծանօթ ուժերու կողմէ։ Յստակ է, որ ձգտումներ, բաղձանքներ ունեցած են՝ ապագայ «կառուցած», բայց ինչպէս այն պատշարին հանգո՞յն։ Ինչ որ ըլլայ, փլատակուած երազները, անիրականանալի  փափաքները «նախածննդեան» սաղմնաւորման ընթացքին մէջ իրենց «իննամսեայ» ծնունդին ատեն իսկ բարուրումի հոգածութեան չեն արժանացած ու ուրախութեան ճիչ չէ լսուած «ծնողքի» կողմէ։  Ի վերջոյ ողբերգութեան ականատես ըլլալով՝ մաքառումներու ճամբայ բացուած է ուրիշներու համար ու զանոնք՝  տեւական սպասմամբ հիւանդցած, հիւծ են ու աճպարարութեան զոհեր․․․

Ընդհանրապէս, տարբեր պատճառներով խորին անձկութիւն ապրողները եթէ յանկարծահաս փորձութեան մը ենթարկուին, ի՞նչ պիտ խորհին․ ճակատագրէն դժգոհի՞լ ու անյուսօրէն չքմեղանա՞։ Փնտռել արդարադատ մէկու՞ մը, զոր ատենին չէր զգուշացրած իրենց ընթացքին վերիվարոյ ըլլալու մասին։ Չէ՞ր տեղեկացրած «չհասկցողներուն» որ խնդրոյ առարկան սա պէս կ՛երկարի մինչեւ անհունի խորքերը՝ իրականութեան, ըսել կ՛ուզեմ այն իրականութեան զոր Թափառական մըն է ու կը քալէ ինքն իրմէն վերացած, բնաւ չի նշմարէր, թէ քովընտի ինչ ստուերներ կը սահին, ինչ եղելութիւններ կը բացայայտուին եւ մարդիկը ինչո՞ւ կը վերածուին ստուերամոյն ապրողներու, եւ երկիրներու ճակատագիրը ո՞ւր եւ ի՞նչ պայմանների մէջ կը թրծուին մշտանոյն պատշարի ձեռամբ։ Եւ այլեւս որեւէ մէկու մը հոգը չէ, մտահոգութեան խնդիր ալ չկայ, վասնզի Թափառականն ու Պատշարը շատոնց նոյն քունով տարուած․․․  կ՛ապրին․․․

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

WhatsApp +374 91 423 159

62
Հուլիս 29, 2026

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: