Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Հայկանոյշ Մառք
Հայկանոյշ Մարգարի Թոփուզեան, Կ․Պոլիս, 1885-1966
Ճաշակը դատողութեան արդիւնք է հարկաւ։ Բաղդադել երկու կամ աւելի իրեր իրարու հետ, տրամաբանել տեսակներու եւ առաւելութիւններու մասին, եւ եզրակացնել ի նպաստ մէկուն․ Ճաշակ ունենալու համար կ՛օգնէ նաեւ միջավայրը, զարգացման աստիճանը։
Հայկանոյշ Մառք
Տարիներէ ի վեր, երբոր խնդրոյ առարկայ կ՛ըլլայ կանացի ազնուական խառնուածք կամ կանացի ինքնութեան ընդմէջէն արուեստ ու կենցաղ արտացոլեցնող մտածումներ՝ չենք կրնար չարտաբերել անուն մը՝ Հայկանոյշ Մառք։
Թերեւս գաղափարական անուն մը, զոր հոմանիշ դարձած է շատոնց կանացի ժողովրդային շարժումի մը՝ կիներու առաքինութեանց շնչաւորող․․․ ֆէմինիզմնի։
Էսայեան վարժարանն աւարտելէ ետք /1898/ ուսման ծարաւի դեռատի՝ 13-ամեայ աղջնակը մասնաւոր դասեր առած է։ Մեծահամբաւ ուսուցչապետ Յակոբ Գուրգէնի հոգածութեամբ իր առջեւ գրի, գրականութեան ասպարէզ մը բացուած է, ինչպէս ինք կը գրէ յետագային․ «Կախարդական շրջան մը », երբ «խռովիչ ձեւով մը կը հասուննար, կ՛ընդլայնուէր իր մտածումի ու գաղափարներու ծիրը, եւ կ՛ուզէր հաղորդակցուիլ․․․ եւ այդ հաղորդակցումը կը դրսեւորուի՝ ուսուցչութեամբ՝ Կ․Պոլսոյ հայկական դպրոցներու մէջ։ Շուրջ տասն տարի դասաւանդած է Նշանաթաղի Նիկողոսեան աղջկանց բարձրագոյն վարժարանին մէջ։
1903 թուականը շրջադարձային եղած է Հայկանոյշ Մառքի համար, հրատարակած է «Աղջկան մը հոգին» վիպակը։ Առաւելս շրջադարձային եղած է 1905 թուականը՝ ամուսնութիւնը «Մանզումէի Էֆքիար» հայատառ թրքերէն թերթի խմբագիր , 40-50-ական թուականներուն իստամպուլեան փոթորկոտ շրջանի դերակատարներէն՝ Վահան Թոշիկեանի հետ։ Կէսդարեայ անոնց ամուսնութիւնը շիջեցաւ վերջինիս մահով․ 1954թ․ երբ Թորոս Ազատեանի հետ ճամբայ ելած էին դէպի Երեւան, Սուրբ Էջմիածինի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հրաւէրով՝ ներկայ գտնուելու Գէորգ Զ․կաթողիկոսի յուղարկաւորութեանը․ «Երթի ընթացքին Կարսի մէջ Վահան Թոշիկեան յանկարծամահ եղաւ» կը վկայէ Ռօպէր Հատտէճեան։ Տարիներ անընդմէջ, մինչեւ մահը Հայկանոյշ Մառք ամուսինին կորուստէն ետք, իր ներշնչումին պահերուն ապրած էր միշտ այն երջանիկ տարիներու յիւշողութիւններով, երբ 1905թ․ ամուսինին հետ վայելքն ունեցած էր երկու ստեղծագործական լեցուն տարիներ հրատարակել «Ծաղիկ» հանդէսը։
1909 թ․ Սիպիլը Հայկանոյշ Մառքը կը հրաւիրէ որ ստանձնէ Կ․Պոլսոյ Ազգանուէր հայույեաց ընկերութեան ատենդպիրի պաշտօնը, իսկ յետագային նաեւ Հայ տիկնանց եւ Հայ կանանց ընկերութիւնները։ Այս իսկ տարիներուն, չնայած երիտասարդ տարիքին, մտասեւեռ աշխատունակութեան եւ բանիմացութեան շնորհիւ վայելած էր ամենուն համակրանքը եւ զուգահեռաբար արձակ ու չափածոյ ստեղծագործութիւններ կը հրատարակէր «Բիւրակն», «Հայաստանի կոչնակ», «Ժամանակ», «Երիտասարդ հայուհի» պարբերականներուն մէջ։ Էական հանգամանք մը զոր յոյժ նպաստաբեր եղած է համար, լիարիւն հրատարակչական եւ խմբագրական փորձառութիւն ամբարած ըլլալով՝ կը ստանձնէ եւ տասնամեակներ երկարող ժամանակաշրջան մը /1919-1932թ․թ․/ «Հայ կին» կիսամեայ պատկերազարդ հանդէսի տնօրինութիւնը։ Եւ իր բազմեռանդ գործունէութեան շնորհիւ հանդէսի շուրջ կը համախմբուին այդ տարիներու պոլսահայ երեւելի մտաւորականներու փաղանգ մը․ Զապէլ Եսայեան, Զարուհի Պահրի, Սիպիլ, Ստեփան Շահպազ, Երուանդ Օտեան, Վահան Թէքէեան, Յովհաննէս Ասպետ, Անայիս եւ այլք։
«Հայ կին» հանդէսը ժամադրավայր մըն էր ֆէմինստական գաղափարաբանութեան յարող յատկապէս այն կին գրողներու, հրապարակագիրներու համար, զորս հակառակ պահպանողական մտայնութեանց եւ առ կիներու ներաշխարհն ունեցած «մարտնչող վերապահումներու» անթաքոյց մղումենորվ չէին խորշիր անկախաբար արտայայտել իրենց վերաբերումը կանանց յուզող խնդիրներու մասին, ինչ որ աննախադէպ էր, եթէ ոչ յոյժ խորշելի՝ հանրային լայն շրջանակներու համար նաեւ աններելի։․․․
Ընտանեկան, կենցաղագիտական, դաւանաբանական, մշակութային, ընկերային այլեւայլ խնդիրներու արծարծումներ, մայրերու պարտականութիւններ, երեխաներու խնամքի հետ առնչակից պարզաբանումներ, կիներու համար յաւելեալ խորհուրդներ․ հանրային լայն շրջանակներումէջ կնոջդերի նշանակալիութեան բարձրացման, այր եւ կին յարաբերութեանց մէջ որոշակի «աստիճանաւորում» սահմանման նպատակային «ուղերձներու» արմատաւորում։
Աներեւակայելի է, թէ ինչ ներշնչումով կը գրէր Հայկանոյշ Մառ հանդէսի խմբագրականները, աւելին, խմբագրականներէն զատ հանդէս կու գար նաեւ նորավէպերով եւ յօդուածներով։ Եւ ի՞նչ ներքին համոզումով երբեմն բացայայտ եւ սքօղուած յարձակողական ոճ մը որդեգրած։ Եւ բնաւ «շուրջիններու», իմա՝ հանրութեան տեսակէտները վերապահ վերաբերմունքները, մտայնութիւնները զառածելով՝ վասն գաղափարական կնոջ օրինաւորութիւնը հաստատելու․ »Ասոնց մէջ կար մէկ մը, որ կը յամառէր, սակայն իր ձանձրացուցիչ կնամեծարութիւններուն մէջ, ան գիտնալով հանդերձ մեր իրարու հանդէպ ունեցած զգացումներուն իսկութիւնը, որ առ ոչինչ համարելով շուրջիններու կարծիքը» /«Կասկածը»/։ Եւ, կը յաւելէ․ «Կնամեծարութիւնն է այն զզուելի միջոցներէ, որով այրերու հնարագիտութիւնը կը շահագործէ կիներու «ստրկութիւնը»։ Պատրուակ համարելով կիներու կարծեցեալ տկարուիւնը․ «միւս սեռին ձեռքը»։ Ակնյայտ կը դառնայ, որ կնոջ պարկեշտութիւնը քաղաքակրթական նշանակութիւն ունենալէ զատ մարդկային է, «ոչ դիւանագիտական», ինչպէս կը եզրահանգէ Հայկանոյշ Մառք։
Ի վերջոյ, ի՞նչ է կնամեծարութիւնը ըստ յօդուածագրի․ հարցում մը, զոր պատասխանի կը կարօտի, եւ ամենեւին ոչ ՝ պատասխանազանցութեան, ինչ որ կը նշանակէ պատասխանը չգիտնալ կամ խուսափուկ ըլլալով պարկեշտութեան զգայնութիւններով պարփակուիլ․ «Ան միակողմանի քաղաքականութիւն մըն է այրերու կողմէ, զիջում մը ուղղուած ոչ թէ կնոջ, այլ սեռին» եւ խոյս չի տար ըսելու, որ երբեմն ալ մեծարանքի արտառոց արտայայտութիւններ կը ստանան, կը գոհանան անոնցմով։ Փոխադարձ յարգանք, անհատականութեան արժանապատիւ կեցուածք խոհեմ ըլլալու կապանքներէն զերծուելու գիտակցում։ Կնամեծարութիւնը ոսկէզօծ դեղահատերու» կը նմանի, ի վերջոյ ․․․
Հայկանոյշ Մառքի խմբագրականներու, յօդուածներու մէջ չափազանց կ՛արծարծուի դաստիարակութեան խնդրոյ հետ առնչակից այլեւայլ մտածումներ, այն ինչ հրապարակագիրը զուգահեռաբար կը դիտարկէ կրթութեան խորապատկերի վրայ․ «Մեր կրթական անցեալին մասին, որ ցաւօք մութ կը մնայ» մտահոգութիւնը վերաբանաձեւում կը ստանայ Մխիթարեան Հայր Վարդան Հացունիի «Դաստիարակութիւնը հին հայոց քով» աշխատութեան թելադրանքները զննելէն․ «Պէտք է խոստովանիլ, թէ Հայր Հացունիի այս երկը պիտի նկատենք որ ամփոփ գաղափար մը չունինք ցարդ մեր նախնեաց կրօնական, մտաւոր ու մարմնաւոր կրթութեան մասին»։ Եւ իրօք, պատմական խարխափումներու ընթացքին ի սպառ անտեսուած է Հայու մանաւանդ մարմնաւոր կրթանքի թեկուզեւ աննշան մասնաւորութիւնները, այն, ինչ ուղղակիօրէն փոխկապակից պէտք է ըլլար անոր մտաւոր բարեկրթութեանը, իմացական կեցուածքին։
«Հայ կինը» հանդէսը կարճ միջոցի մը ընթացքին ամենեւին պատահական չէր որ լայն տարածում կը գտնէր՝ տարբեր երկիրներու՝ Ռումանիոյ, Ամերիկայի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Յունաստանին մէջ յատկապէս վարժարաններու շրջանակներու մէջ կը տարածուէր․ «Անշեղ նկարագիրով, ազնուական խմորով» ուսուցիչները «Առաջնորդներն են սերունդներու»։ Այս համոզումին Հայկանոյշ Մառքը խորապէս կը հաւատար, վասնզի ինք էութեամբ ուսուցանող ըլլալով մանկավարժութիւնը ոգեղէն դաւանանք համարած է, մանաւանդ որ ըստ ամենայնի ձեռնարկած է միջավայրի ներազդեցութիւնը պատանիներու ներաշխարհի վրայ․ «Միջավայրը ունի անհուն երեսակներ, հազար աչք եւ կարելի չէ անոր մէջ ապրիլ առանց ազդուելու, ան դպրոց մըն է։ Հոն չեն դասախօսէր, թէեւ, բայց կը ներգործեն բոլոր նիւթերուն․․․ բարոյական առողջ միջավայր մը մեր մէջ կը փայփայենք․ ան օդն է, զոր պիտի շնչենք՝ մեզմով անաղարտ պահելը անհրաժեշտութիւն մըն է» /Մեր նախակրթարանները լաւ չեն»/։
Այս խմբագրականի տարեթիւը /1930թ․/ յատկանշական է այն առումով, որ Մեծ եղեռնէն տասնեամեակներ անց , Կ․Պոլսոյ մէջ հայեցի կրթութեան զինուորեագրեալը յատուկ կը գիտակցէ եւ բաւականաչափ կը ճգնի, որպէսզի ապահովաբար հետեւողականութիւն ցուցաբերեն կրթութեան գետնին վրայ՝ սերունդի ապագան յուսալի հիմքռրու վրայ ամրակայելու համար՝ այն ժամանակաշրջանին, երբ «նախակրթարանները իրապէս անխնամ են։ Անդրադարձէք անգամ մը ովքեր են այսօր նախակրթարաններուն մէջ դասախօսող իգական ուսուցիչները, հաստատութեանց թուլացումը, տկարացումը, թաղային մարմիններու թերացումը․ իրենց զաւակներն ալ կ՛օգտուին ատկէ․․․»։ Մտահոգութիւնն նոյնքան իրադարձային է եւ իրական;
Ազնուական բարքերու կորուստը՝ տնտեսական, բարոյական կեանքէն մարդկային բարիքին համար դարերէ ի վեր «ցանած սերմերը ազնիւ» կարծես թէ սկսած են վատ արդիւնք տալ։ Ընդհանուր պատերազմէն ետք կը տեսնուի յափրանք մը, թուլութիւն մը կ՛երկարի, աւելին՝ գէշ ունակութիւններ, տգեղ բարքեր, անսովոր կիրքեր կը յայտնուին։
Հայկանոյշ Մառք աղջիկներու,- եւ ընդհանրապէս պատանիներու,- դաստիարակութեան խնդիրներուն կ՛անդրադառնայ յատկապէս խորամուխ ըլլալով անոնց ընտանեկան վիճակներու զարգացումին տեսակէտէն․ թէ ինչ բարքերու կրող են անոնց ծնողքը եւ թէ ինչ գաղափարներու կը հետամտին։ Անշուշտ, իմացական մակարդակներն ալ,- յառաջադիմական, հետադիմական,- յառաջնային կը համարէ, բայց գլխաւորաբար առանձնայատուկ նշանակութիւն կու տայ մայրերուն; Յաճախ «կը զգուշանայ»՝ մայրերն ունեցած շէշտ մտահոգութիւն կը դրսեւորէ պատշաճ խնամատարութիւն․ «Քիչ չեն այն մայրերը, որոնք այնպէս կ՛ենթադրեն, թէ բարոյական անմաքրութիւնը չի կրնար վարակել իրենց պզտիկները, անոնց մատղաշ տարիքին մէջ»։
Ընդհարապէս, յայտնի իրողութիւն մըն է, որ մանկութեան նորածաղկ տարիները նպաստաւոր շրջան մըն են չարիքի եւ այլազան ազդեցութեանց բնաւորման համար։ Եւ «կրթութեան, բարութեան ազնիւ սաղմերը» կը ձեւաւորեն բարութեան ճշմարտութիւններ։ Ինչպէս ինք կը գրէ․ «Ազատութիւնը ճշմարտութիւններու կը կարօտի․ այն պիտի զօրաշարժի ենթարկուի այլ մարդոց քաջութեամբ եւ կիներու հետեւողական խոհեմութեամբ»;
Զարմանք կը յարուցէ Հայկանոյշ Մառքի մտածումներու լայընդգրկուն տեսահորիզոնը, ահաւասիկ, քանի մը խորագիրներ․ «Հայ կին»-ի խմբագրականներէն, զորս եւ հարց, եւ պատասխան․․․ «կը պահանջեն»․ «Ո՞ւր կ՛երթայ ազնվութիւնը», «Ո՞ւր կ՛երթայ ծնողքին ձայնը», «Ո՞ւր կ՛երթայ երիտասարդութիւնը», «Ո՞ւր կ՛երթայ դաստիարակութիւնը», «Ո՞ւր կ՛երթայ գութը», «Ո՞ւր կ՛երթայ լոյսը կամ լեզուն․․․»։ Հարցումնբերու անսպառ «շտեմարան» մը։ Հայկանոյշ Մառք արեւմտահայ իրականութեան մէջ ըլլալով ֆէմինիզմի ջատագովներէն,- եթէ ոչ ռահվիրաններէն,- ամենեւին այն ընկալումը չէ ունեցած եւ նուիրաբեր պայքար մղած է․ ինք հաւատոյ հանգանակ մը ունեցած է եւ այդ գիտակցումով ապրած․ «Յանուն կիներու ազատագրումի հարկ չէ ամենեւին այր մարդ ըլլալ։ Կիները պէտք է աշխատին եւ ձգտին իրենց ընկերային ազատութեանը, կրթական մարմիններու մէջ պէտք է ընդգրկուին այր մարդոց համահաւասար սկզբունքներով, վասնզի այր մարդիկ եւ կիները տարբեր են եւ հաւասար իրաւունքներու մարմնաւորողներ»։ Ի ցիւ թէ մերօրեայ կիները կարդային աւելի քան եօթանասուն տարի առաջ գրուած այս իմաստաւոր խմբագրականները եւ դասեր քաղէին Հայկանոյշ Մառքէն, որ կ՛ըսէր․ «Խորհէ, կին, մտածէ քիչ մը, եղիր բարի, մի ստրկանար, կին եղիր, ով կին․․․
Արթուր Անդրանիկեան
WhatsApp +374 91 423 159