Ուրուագիծ դիմանկարի համար. Ժիրայր Դանէլեան

Պէյրութ, 1941-2022, Պոսթըն (ԱՄՆ)

Արժանաւոր մարդոց կորուստը միշտ ալ յուսահատեցուցիչ տեսիլքներով կը շղարշէ մտերիմներու գնահատողներու աչքերը ու անանց ցաւ ապրելէն յետոյ խոր մտահոգութիւններու ընդմէջէն կ՛աւաղին,բարոյապէս կ՛ընկճուին կորուստերու արժէքը թերեւս տակաւին չըմբռնած, եւ միայն   ոչ հեռաւոր անցեալի յիշողութիւններ կը մնան.․․ «աւրուած» սփոփանք մը․․․ Հանդիպումները, զրոյցները անշուշտ, կ՛ապրեցնեն բարեկամներուն, մտերիմ անձանց՝ անոնք ալտեւապէս կ՛ապրին կեանքի եւ մահուան զուգորդ «պայմանները» այդպէս ալ չգնահատած։

Ժիրայր Դանիէլեան՝ բանասէր, գրադատ, գրադարանագէտ, մանկավարժ, ՀՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի պատուաւոր դոկտոր, Պէյրութի Մխիթարեան վարժարանն աւարտելէ ետք, կրթութիւն կը ստանայ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին, իսկ բարձրագոյն կրթութիւն Պէյրութի Հայկազեան քօլեջին մէջ՝ ներկայիս՝ համալսարան, ուր կը հետեւի պատմութեան ու մանկավարժութեան դասընթացքներուն։ Այդ տարիներէն իսկ հայագիտութեան նկատմամբ կը ցուցաբերէ հետաքրքրութիւններ։ Յետագային անձանձիր նուիրումով կ՛ընդլայնէ իր գիտական-մանկավարժական տեսածիրը՝ Հայկազեան համալսարանին մէջ Հայագիտական գրադարանի գրադարանապետի պաշտօնը ստանձնած /աւելի քան քսան տարի/։ Այդ տարիները արմատական ազդակ կը հանդիսանայ բանասիրական, աղբիւրագիտական փնտռումներու՝ զուգահեռաբար տարիներ անընդմէջ կը վարէ խմբագրութիւնները գրական այլազան հանդէսներու, պարբերաթերթերու /«Հայկազեան Հայագիտական հանդէս», «Հիւսիսեան Հայագիտական տարեգիրք», «Հասկ» հայագիտական տարեգիրք» ՀՄԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթ, «Շիրակ» հանդէս եւ այլն/։

Այսպէսով, վստահաբար կրնանք խոստովանիլ որ Ժիրայր Դանիէլեանը վերջին մոհիկաններէն էր Հայ գրատպութեան, զոր իր ուժերու ներածին չափ ու անկէ աւելի գրեթէ․․․ Մխիթարեան հայրերու աւանդոյթներու շարունակող իր ճիգին մէջ լիարիւն մտաւորական մը։

Արդ, ատենը չէ ըստ ամենայնի անդրադառնալու Ժիրայր Դանիէլեանի աշխատութիւններուն, բայց հպանցիկ չենք կրնար եւ կարելի չէ զանց ընել իր բանասիրական, հրապարակագրական մնայուն ժառանգութիւնը, վասնզի գիտնականի համայնագիտական իմացութիւնը եւ տքնանքը սպասածէն առաւելագոյնը տուած է․ «Ռամկավար ազատական մամուլը» /1982/, այս եւ մնացեալ հատորները հրատարակուած են միայն Պէյրութ, «Հայ նոր պարբերական մամուլը»․ 1967-1981», /1984/, «Լիբանանահայ մամուլը պատերազմի տարիներուն․ 1975-1984» /1986/, «Բանասիրական որոնումներ» /1997, «Լիբանանահայ դպրոցը․ թիւեր եւ որոնումներ» /2002, «Գրական որոնումներ» /2007/։

Աշխատութիւններու նշեալ շարքը թերեւս այնքան ալ ամբողջական չէ, բայց կայ նշմարելի առանձնայատկութիւն մը, որ որոշապէս նկարագիրը կու տայ Ժիրայրեան լայն ընդգրկուն մտածողական եւ մեթոդաբանական վարքագծի, մտասեւեռումներու, մանաւանդ լրջամտած բանասէրի շրջահայեցութիւն մը կը նշմարուի անոր Որոնումներու, հաւաքական տեսաբանութեան մէջ՝ նաեւ «անյագուրդ» հետեւողականութիւն մը  «կը սեւեռուի»՝ մեր եւ շատերու համակրութեանց ընդմէջէն։

Անշուշտ, պէտք է համոզուինք, - մենք ատ համոզումը շատոնց ունեցած ենք,- յատկապէս այն յոյժ ուշադրարժան պարագային, երբ ակամայ թղթատենք «Մատենագիտութիւն ընդդէմ ցանկագրումի» հատորը, ուր յաւելեալ տեղեկութիւններու խորապատկերին վրայ բանասէր-մատենագէտը կ՛անդրադառնայ ամէնէն տարբեր ժամանակաշրջաններու հրատարակութիւններու բացթողումներուն․ «Նմանօրինակ հրատարակութիւններ  եկած են ամէակներէն մէկ քանի տարի ետք, յիշատակութեան առիթին, ուստի նախընտրելի էր մէկ-երկու տարուայ ուշացումը, քան թէ հապճեպի պատճառով արձանագրելու անընդունելի, անըմբռնելի թերացումներ եւ կուտակեալ տուեալներ, որոնց մէկ մասին հնարաւոր էր խուսափիլ․․․»․ անհերքելի կարծիք մը՝ այնքան անգամներ իր կողմէ հաստատագրուած։

Ժիրայր Դանիէլեան երբեք չէ «ուշացած», կամ «խուսափած»․ ինքզինք միշտ «աններող» համարած է իր իսկ բծախնդիր, գիտակ բնաւորութեամբ՝ միախառնուած իր որոնողի սկզբունքներուն, ինչ որ միշտ խնդրոյ առարկայ «դարձուցած է», գիտականութիւն՝  ամէնէն առաջ կարգախօսով, չափազանց ինքնեղ Հայ բանասիրութեան, բնագրագիտութեան տարեգրութեան մէջ, գիտնականին բնորոշ մտասեւեռ «պահեցողութեամբ» իրականացրած է «ընթացիկ» բազմահարիւր սրբագրութիւններ, վերախմբագրութիւններ։

Երբեմն ալ տքնաջանութեամբ ինքնիրմէ «դուրս ելած » է՝ հիմնախնդիր ունենալով գիտականը ու միայն գիտականը, նոյնիսկ չհարմարուելով այլոց տեսակէտներու պարտադրանքին, եւ այս ամէնը երկարող տասնամեակներու ընթացքին՝ պարտաւորութիւն «նորի մը», որ ըլլայ, ինչպէս ինք կը գրէ, «իրաւ ատաղձ եւ սկզբանղբիւր», խմբագրական բանասիրական այլեւայլ զառածումներ գրեթէ զանցառելով։ Միով բանիւ, ամէնէն առաջ բարեկամիս,- ինչ որ մեծ պատիւ մըն է եղեր ինձ համար,- զտարիւն Հայու նկարագիրը որոշապէս ներկայացնելն է, եթէ իհարկէ, ուժերէս եւ ցանկութենէս վեր չըլլայ։ Կը խորհիմ որ իր անձը միշտ եղած է բայայայտ ներկայանալի, արդեօք ճանչցա՞նք Ժիրայր Դանիէլեանը իր կենդանութեան ատեն, տարակոյս չկայ, 2021 թուականին Հայաստանի Թէքէեան մշակութային կեդրոնին մէջ նշուեցաւ ծննդեան 70 եւ գործունեութեան 50-ամեակները։ Բայց, խնդրայարոյցը մէկն է․ կա՞յ, կը գտնուի՞ մէկ մը, զոր երախտաւոր գործչի ստեղծագործական կիրքն ու անբասիրութիւնը ստանձնէ։ Ժիրայր  կարծէս թէ թերհաւատ էր․ մահուանէն չորս ամիս առաջ մեր հեռախօսային խօսակցութեան ատեն, ինք չնայած մարմնահիւծ կ՛երեւակայեր, թէ կը փափաքեր աշխատիլ․ «Գիտե՞ս, Արթուր, երբ որ աւարտեցայ «Մատենագիտութիւն ընդդէմ ցանկագրումի» լիբանանեան գիրքին նուիրուած աշխատութիւնս, տեսակ մը անբաւարարութիւն ապրեցայ։ Առաջին տպաւորութեամբ կատարածս աշխատանքը յաւելումն էր մատենագիտական գրականութեան մեր ունեցած պատկառելի վաստակին։ Բայց, նորէն այդ զգացումը զիս չի բաւարարէ։ Տակաւին ընելիք, պրպտելիք կայ․․․»։

Պահ մը կը շլմորիմ, բայց կ՛արձագանքեմ․ «Ժիրայր, ուսերուդ վրայ ծանր բեռ մը դիզուած էր, հրատարակութիւններդ չափազանց օրինակելի են, ալ բաւ է, հիմա հանգիստի պէտք ունիս», կ՛ըսեմ շուտափոյթ ապաքինութիւն մաղթելով։ Ինք վայրկեան մը կը լռէ եւ կը յորդորէ․ «Դուն քեզի նայէ, միշտ խանդավառ եղած եմ քեզմով։ Հրատարակութիւններդ կը ոգեւորեն զիս»։

Ձայնը կերկերուն երանգներ կը ստանար եւ կը շարունակէ․ «Քեզի պէս եթէ շատեր ըլլային արեւմտահայ եւ սփիւռքեան գրականութեան, մշակոյթի ջատագով․․․»․  Արագաօրէն կ՛ընդմիջեմ․ «Ժիրայր, իցիւ թէ ես այլ աշխատանքով զբաղած ըլլայի, բայց իմ տեղակ շատեր ըլլային»։ Ինքն ալ կ՛ընդմիջէ․ «Հայաստան գրեթէ անտեսուած են նախասիրութիւններդ, բայց կը խորհիմ որ Աստուծմէն կու գայ նուրիումդ»։

Այս խօսքերու տպաւորութեանց տակ առանձին մնալու ցանկութիւն մը կ՛արթնանայ իմ մէջ, եւ չեմ կրնար մոռնալ իր խօսքերը, զորս յորդորի պէս առաւելս պատասխանատուութեամբ զիս կը գօտեպնդեն։ Եւ յաւելեալ կրկնութիւններէն հիմա կը խուսափիմ, չեմ ուզեր յուշեր մանրամասնել, պէյրութեան, երեւանեան մեր հանդիպումներէն։ Ինք միշտ մտահոգ էր, ու կ՛ըսէր․ «Նախկին սերունդը՝ 50-70-ական թուականներու բոլորովին այլ խոկումներով կ՛ապրէր, հանդէսներ, օրաթերթեր կը տպագրուէին, հիմա ամլացած է, մանաւանդ լիբանանեան մշակութային կեանքը։ Այն ատեն բուռն աշխուժութիւնով մը կը ջանայինք ենթարկուիլ մեր նուիրումի վայելքին։ Իմաստասիրական կրթանքէն բնաւ չէինք յօգնած։ Անցեալի արժէքներու  ջատագով էինք․․․։ Նոյնիսկ լիբանեանեան պատերազմին ալ յուսահատած չէինք։ Չէինք խուսափիր գրական առողջ բախումներէն, տարակարծութիւններու ու բանավէճերու պակաս չէր զգացուիր։ Այդ տարիներուն կը կարօտիմ»։

Գրադատական «որոնումներու» ոլորտին մէջ ալ կրնանք յաստակերտել որ ինք չէր խորշած իրեն բնորոշ ուղղամտութեամբ արձագանքել սփիւռքեան դարակազմիկ համարուող գրական ալեկոծումներուն, մասնաւորաբար, Շահան Շահնուրի խռովայոյզ վէպին՝ «Նահանջը առանց երգի» բանավէճերու ատեն յարուցած եւ տարիներ ի վեր սփիւռքեան մամուլին մէջ արծարծուող վէպի թեր եւ դեմ գաղափարներու շուրջ ծաւալուող գրաւոր, բանաւար հրապարակումներուն․ «Նահանջը առանց երգի»ն իբրեւ վկայութիւն» /1983/  քննախոհական հատորը իրապէս վկայութիւն մըն է սոփեստական այն տեսակէտներու կեցուածքին ընդդէմ, որ վիպագիրը,- թէ իր հերոսները կը մերժեն հայութիւնը անբարոյ վրձինումներով։ Շահնուրեան տեսակէտներու, ըմբռնումներու համարձակութիւնները պատճառահետեւանքային կապերու հոլովոյթին մէջ կը դիտարկէր Ժիրայր Դանիէլեան, կը զորէր փնտռել յատկապէս յարուցած պատճառներու վաւերական եւ անիրական ըլլալը, այլ խօսքով նահանջի արմատները ու խորհրդաւոր եւ ցաւագին ըլլալուբովանդակային փիլիսոփայութիւնը ուծացումի վտանգներու ծիրին մէջ։

Ընդհանրապէս, գրադատի, հրապարակագրի կոչումը եւ մանկավարժի իւրօրինակ ու անշեղելի թելադրանքները կը ծառային  սերնդակրթումին, ինչ որ նախ եւ առաջ պատասխանազանցութիւն չի ճանչնար․ ես առիթ ունեցած եմ շփուիլ աշակերտներու, ուսանողներու հետ, զանոնք բարեբախտութիւն ունեցած են Ժիրայրի պատասխանատու շունչին տակ կրթուիլ։ Անոնց իմացութեան «ստանձման» վիճակները զիս զարմացրած են, հայերէնի իմացութեան եւ առ Հայ գրականութիւնն ունեցած զգայնական  մթնոլորտին մէջ լիարժէքօրէն «մեծցած» են։ Հիմա դարձեալ դժուարութիւն մը կը ներկայանայ ինծի հրապարակ դնելու Ժիրայր Դանիէլեանի նուիրուածութեան բացառիկութիւնը։

․․․Հիմա ալ, տարիներ անց Ժիրայրի դէմքը կը յամենայ աչքերուս առջեւ․ արդեօք ի՞նչ յիշողութիւններ «այցի եկած» էին իրեն։ Ի՞նչ շշնջացին իր շուրթերը 2021 թուականի նոյեմբերի 22-ին՝ իր պաշտելի Լիբանանի անկախութեան օրը․․․ մահուանէն վայրկեաններ առաջ, արդեօք մարմնական ցաւը հոգիով զսպած չէր մրմնջէր Լիբանանին եւ Հայաստանին խաղաղութիւն․․․

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

+37494423159

  • Hits: 231

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: