Աննահանջ գերութիւն. Արթուր Անդրանիկեան

Հրապարակագրութիւն

․․․Իր խորամանկութեան մահացու ուժի արդիւնաւորումը․․․

Շառլ Բոդլեր

Կասկածելի է մեր մտաւոր ամբողջ

կառուցուածքը ու կու գայ օր մը, երբ մեր բնազդները

կ՛աղաղակեն մեր գերութեան դէմ։

Նիկողոս Սարաֆեան

Տասնամեակներ առաջ հնչեցրած ահազանգ մը, զոր միակտուր իրականութեանը կը վերաբերի, իմա՝ հայաստանեան մերօրեայ իրականութեանը՝ գլխաւորաբար ներքին եւ արտաքին կառուցումին եւ կառոյցներուն։ Խճողում մը․ ինքնաշրջափակ՝ միանձնեայ ճշմարտութիւններ մսխող, անմտահոգ տկարութիւն մը․․․ այլեւս զարհուրելի։

Չորս դին սփռուած ամայութենէն,- խուլ ամայութեան ընդմէջէն,- կիսամեռ ճշմարտութեան,- թերեւս ճշմարտութեանց,- խրտուիլակներ կը հոտին ու տակաւին կը զորեն կառավարելիութեան որոշակի շրջանակներու մէջ ներառնել սնանկ ապառողջ հոգիներուն։ Հոգեորսութեան շնորհանդէսի մը ներկայութիւնը կը զգանք հոգեկորոյս ապրողներու որ կ՛աղաղակե՞ն, թէ՞ անյայտ ծագման բնազդներովը կը խօսին, կը ճամարտակեն․․․ հայութենէն։ Հայ ըլլալը բնաւ չգիտակցած, վասնզի օտար ժառանգութիւն ստացած են՝ անմիաբան ապրելու վայելքը փեռեկտելով․․․

Այդպէս ալ չկրցանք ժողուել մեր խառնուածքին թափթփուած ծուէնները, ուր կը գտնուինք՝ Արեւմու՞տք Հիւսի՞ս, գտնուողներու ուր գտնուիլն ալ տարբեր պատճառներով կը թաքցնենք, որովհետեւ տակաւին կ՛ապրին․ յոյս կայ, որ կ՛ապրին, իրենց ցամքած երեւակայութեամբ։ Եւ զգոյշ կը վերաբերին տարուայ եղանակներուն եւ թոյլ չեն տար, որ հայրենեաց հովեր երգողները մըսին․․․

Ինծի կը թուի որ ենթակայ ըլլալը այլ ուժերէն ստանձնած պարտաւորութիւն մըն է եղեր։ Ամենեւին կախում չունի որ երկրին մէջ, եւ որ ժամանակաշրջանի ընթացքին, էականը՝ ազգային, ընկերային, գաղափարային այն արտացոլումներն են, զորս ․․․ անցեալը՝ ներկայէն զատելէ զրկուած ըլլալու գիտակցումը չենք ըմբռնած կամ ըմբռնած ըլլալով երեւակայաբար զանց առած ենք՝ անցեալէն գերեվար։ Բայց անցեալը յարաբերական հասկացութիւն մըն է․ ոչ հեռաւոր եւ հեռաւոր անցեալներու ընդմէջէն կայ մեր չհասունցածութիւնը՝ իրարամերժ կիրքերով․․․ Ոչ գիտենք երթալիք ճամբայի ուղղութիւնը,- Արեւմուտք, թէ Հիւսիս, ոչ ալ չերթալիք աւանդապահութեամբ երթալու ուղղութիւնը, զոր զուր ծօմապահութիւն չէ՞ արդեօք՝ միակտուր տանիքին տակ։ Եւ մեր երկբեւեռ ազգային միտք բանին գոյաբանական խնդրին լուծման առաջ՝ գլխաբաց։ Ներկայիս, մանաւանդ ներկայիս թմբիրին «վայելքէն» թմբիրահիւծ։

Ազգային, ընկերային, գաղափարային փորձութիւններու ընդմէջէն կորսուող, թէ՞ իսպառ կորսուած աւանդոյթի անգայտացող ծուէնները ի՞նչ պիտի յուշեն ազգային երգեր պոռացողներուն՝ ձեռքերը խրոխտ վեր պարզած յար խուշտայ․․․ Իրականին մէջ յար խուշտայ ռազմապար մըն է, զոր պիտի հնչէ․․․ հար-յաւիտեան։ Ցարդ այդպէս ալ չհասկցան որ սայաթնովեան յարի հետ բնաւ կապ չունի մարտնչումի կոչող պարը։ Ու հիմա ալ պայքարի պարը ամուլ խրախճանքներու զոհասեղանին են նետած։

Գիտակցութիւն եւ զարգացում։ Մէկը միւսէն չտարբերողները համաձայն ոգիի ու մարմինի կորուստի բանաձեւումին․․․ աններդաշնակ կ՛ապրին։ Եւ մենք ալ անցեալին թերմացքներովը տակաւին կը սնուինք։ Կը սնուցանենք։ Թերսնուած ազգերու ճակատագիրը ուր կը քալէ։ Տեսած ենք ազգեր պատմութիւնը փառաւորած, մենք փառակալած ենք մեր պատմութիւնը՝ մեր անձկոտ անլրջմտութեամբ,- մենք որ թատրոն ունէինք, Ամերիկան եւ միւս երկիրները ո՞ւր էին,- անկատար թօթովանքներու շարք մը երկարօրէն ձգուող։ Նոյնիսկ այս տողերէն անդին․․․ մեր նկարագիրը հիմնական վտանգի մը ենթարկուած կը շարունակուի։ Կը շարունակենք, մասնաւոր հաճոյքով մը կ՛անգիտանանք մեր ուր ըլլալը՝ երբ վայր մը կայ, ուր ամուլ գաղափարներ, առտնին ոգորումներ շատոնց ցնցոտի դարձած են, երբոր աղմուկի, խրախճանքի փիլիսոփայութիւն կը տիրէ՝ զուտ անձնային ամէն մէկ իշխանաւորի կը թուի, թէ ինք պետութիւն մըն է եւ համաձայն իր թեր զարգացումին, ինքն ալ կը գերուի իր գաղափարներու ունայնութենէն։ Գերուիլը հասկցանք, կը մնայ աքսորուելու «պատեհ» պահը։ Առանց այդ ալ տարիներէ ի վեր Սփիւռք մը «ժառանգած» ենք․ գրեթէ սփիւռքացած։

Հոս չենք կրնար զանց առնել սփիւռքեան գերուածութեան պարագան․ ատեն առ ատեն գոցուող վարժարաններու խնդիրը։ Մտահոգութիւն մըն է նաեւ ներկայիս դասաւանդողներու կրթական-իմացական «կազմութիւնը»։ Մանաւանդ, Սփիւռքէն արեւմտահայերէնի արտագաղթի խորապատկերի վրայ՝ ի հաշիւ արեւելահայերէնի «գրոհներու»։ Չենք կարծեր որ օր մը օրանց արեւմտահայերէնը Սփիւռքի մէջ օտար լեզուի կարգավիճակով «օժտուի», բայց կը մտահոգուինք․․․

Ինքնապայքար մը տալու անհրաժեշտութիւնը ե՞րբ պէտք է զգանք։ Ողբերգութիւն չապրողի հոգեբանութիւնը՝ նախազգուշաւոր ո՞ւր կը տանի մեզ եւ ո՞ւր կ՛երթանք կեղծ հայենասիրութիւն խաղցնողներու ետեւէն․․․ անպատգամ մնացած։ Բայց, վստահ եմ, Սարաֆեան չէ սխալած․ «Փիւնիկէն աւելի փիւնիկ է Հայը․․․»։

Արթուր Անդրանիկեան

andranikean@yahoo.com

WhatsApp +374 91 423 159

  • Hits: 286

Կայքը գործում է ՀՀ կրթության, գիտության, մշակույթի և սպորտի նախարարության աջակցությամբ։

© 2012 Cultural.am. Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են ՀՀ օրենսդրությամբ: Կայքի հրապարակումների մասնակի կամ ամբողջական օգտագործման ժամանակ հղումը կայքին պարտադիր է: